Թուրքիա կը պահանջէ պաշտօնազրկել ՏԱՀԵՇ-ի դէմ Միջազգային դաշինքին մէջ Միացեալ Նահանգներու ներկայացուցիչ Պրետ ՄքԿըրքը, որովհետեւ, ըստ Անգարայի, ան կապեր ունի Թուրքիոյ մէջ արգիլուած եւ ահաբեկչական նկատուող Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան հետ:
Թրքական «Էվրենսել» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ ՄքԿըրք չորեքշաբթի օր հանդիպում ունեցած է Սուրիոյ տարածքին մէջ գործող քրտական Ժողովուրդի պաշտպանութեան ջոկատներու ղեկավարութեան հետ: Նշեալ ջոկատները Թուրքիոյ կողմէ կը նկատուին ՔԱԿ-ի սուրիական թեւը:
«Այդ մարդը ակնյայտօրէն կ՛աջակցի ահաբեկիչներուն, լաւ պիտի ըլլար փոխարինել զինք», ըսած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու:



