Լուքսամպուրկի ֆութպոլի ախոյեանութեան 25-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ Վիքթորիա Ռոսփորթ 4-3 արդիւնքով յաղթեց իր հիւրին` Ռասինկ Լուքսամպուրկին:
Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին նախկին յառաջապահ` Ալեքսանտր Կարապետեան, կերտեց իր կազմին յաղթանակը, դառնալով հեթրիքի հեղինակ: Ան իր կոլերէն մէկը նշանակեց փենալթիով:
Հեթրիքի հեղինակ դառնալէ բացի ան, չորրորդ կոլին էսիսթը կատարեց:
Այսպիսով 29 տարեկան յառաջապահը այս ախոյեանութեան ընթացքին իր նշանակած կոլերուն հաշիւը բարձրացուց 17-ի:
Նշենք, որ Կարապետեան արդէն իսկ պայմանագիր մը կնքած է Լուքսամպուրկեան Փրոկրես Նիտերքոր խումբին հետ, որուն պիտի միանայ այս տարեշրջանին աւարտին:



