Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահական Պալատին Մէջ. «Ընտրական Օրէնքը Վաւերացնելու Սեմին Կը Գտնուինք» Շեշտեց Վարչապետ Հարիրի

May 16, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ յետմիջօրէին ընդունեց վարչապետ Սաատ Հարիրին, որուն հետ քննարկեց ընտրական օրէնքին վերաբերող հարցեր:

Հանդիպումէն ետք Հարիրի նախագահական պալատէն շեշտեց, որ ինք եւ նախագահ Աուն յանձնառու կը մնան ընտրական նոր օրէնքի մը վաւերացման:

«Ընտրական նոր օրէնք մը վաւերացնելու սեմին կը գտնուինք», յայտնեց Հարիրի` աւելցնելով, որ լիբանանեան քաղաքական բոլոր ուժերը պէտք է հասկնան, թէ իրենց կարեւորութեամբ երկրին շահերը կը գերազանցեն բոլորը:

Հարիրի յայտնեց, որ ընտրական օրէնք մը վաւերացնելու իմաստով ջանքերը աշխուժ թափով կ՛ընթանան` աւելցնելով, որ այդ իմաստով նախանցեալ գիշեր սկսած խորհրդակցութիւնները պիտի շարունակուին:

Հարիրի դիտել տուաւ, որ ինք չի փափաքիր ընտրական օրէնքին մանրամասնութիւններուն անդրադառնալ` աւելցնելով, որ ընտրական օրէնքին հանդէպ բոլորը դրական վերաբերում կը ցուցաբերեն:

«Մեր քննարկած օրէնքին բոլոր տարբերակները հիմնուած են համամասնական դրութեան վրայ», ըսաւ ան:

Վարչապետը ընդգծեց, որ ոմանք կը փորձեն իր եւ նախագահ Աունի միջեւ յարաբերութիւնները լարել` շեշտելով, որ իրենք համաձայն են, եւ ոչ ոք պիտի կարենայ իրենց միջեւ առկայ համախոհութիւնը խզել:

«Մեր հիմնական մտահոգութիւնը լիբանանցին է եւ Լիբանանի շահերուն ապահովումը, հետեւաբար մենք կարիքն ունինք նուաճումներու, ինչպէս նաեւ փտածութեան բոյները քանդելու», շեշտեց Հարիրի:

Ան հաստատեց, որ իրենք կը հսկեն նաեւ Կեդրոնական դրամատան կառավարիչին` յայտնելով, որ այդ թղթածրարը մօտիկ ապագային պիտի վաւերացուի:

Միւս կողմէ, նախագահ Աուն լրագրութեան բաժանմունքի աւարտականներու մէկ պատուիրակութեան հետ ունեցած իր հանդիպումին ընթացքին յայտնեց, որ իշխանութիւնը մինչեւ 19 յունիս առիթ ունի խորհրդակցելու` ընտրական նոր օրէնք մը վաւերացնելու համար:

Նախորդը

Հայազգի Տարօն Աճեմօղլուն` Աշխարհի Ամէնէն Ազդեցիկ Տնտեսագէտը

Յաջորդը

Արցախի Սահմանի Արեւելեան Ուղղութեամբ Հակառակորդը Դիմած Է Սադրանքի

RelatedPosts

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին,  Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»
Լիբանանեան

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին, Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»

February 3, 2026
Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք
Լիբանանեան

Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք

February 3, 2026
Ֆինիւլ. «Ո՛չ Խաղաղապահ Ուժերու  Անվտանգութեան Ոտնահարման»
Լիբանանեան

Ֆինիւլ. «Իսրայէլեան Բանակը Մեզ Տեղեկացուց, Որ Երէկ Կապոյտ Գիծին Մօտ Օդային Գործողութիւն Կատարած Է` Նետելու Համար Քիմիական Նիւթ, Որ Անոնց Խօսքով Թունաւոր Չէ»

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.