Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կառավարութիւնը Համախոհութեամբ Մերժեց Խորհրդարանի Պաշտօնավարութեան Երկարաձգումը

May 5, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ կէսօրէ ետք ժամը 1:15-ին, Պաապտայի մէջ նախագահեց կառավարութեան նիստին, որուն ընթացքին քննարկուեցաւ ընտրական օրէնքը:

Նախքան կառավարութեան նիստը,  նախագահ Աուն վարչապետ Սաատ Հարիրիի հետ ունեցաւ հանդիպում մը:

Նիստէն ետք, տեղեկատուական նախարարի պաշտօնակատար Փիեռ Ապի Ասի յայտնեց, որ նիստին ընթացքին նախագահ Աուն շեշտած է, թէ լիբանանեան քաղաքական բոլոր ուժերը յայտնած են իրենց մերժումը` խորհրդարանի պաշտօնավարութիւնը երկարաձգելու մտադրութեան, աւելցնելով, որ նախարարաց խորհուրդը իր ժողովին ընթացքին ատիկա կը հաստատէ:

Նախագահ Աուն ընդգծեց երկրին սահմանադրութեան կառչած մնալու կարեւորութիւնը, յատկապէս սահմանադրութեան թիւ 65-րդ յօդուածին, որուն հիման վրայ կը շեշտուի, թէ կառավարութեան որոշումները համախոհութեամբ կը տրուին, սակայն եթէ անկարելի եղաւ համախոհութիւն գոյացնել, ապա հարցերը կը վճռուին քուէարկութեամբ:

«Նկատի ունենալով նախագահական երդումս, կառչած կը մնամ սահմանադրութեան կէտերուն գործադրութեան, եւ այս շրջագիծին մէջ կը հաստատեմ, որ քուէարկութիւնը սահմանադրութեամբ արտօնուած է», շեշտած է նախագահ Աուն:

«Նախագահ Աուն ցաւ յայտնեց, որ ընտրական օրէնքին քննարկումը համայնքային բնոյթ ստացած է` նշելով, որ կարեւորագոյնը այն է, որ ընտրական օրէնքը ճշգրիտ ներկայացուցչութիւն ապահովէ եւ համայնքներուն միջեւ արդարութիւն պարտադրէ, առանց մէկ համայնքին իրաւունքը խլելու եւ զայն այլ համայնքի մը տրամադրելու», ըսաւ Ապի Ասի:

Ապի Ասի նշեց նաեւ, որ վարչապետ Սաատ Հարիրի ընդգծած է, թէ Լիբանան կը գտնուի ընտրական օրէնքի մը շուրջ համախոհութիւն գոյացնելու եւ ամբողջական լուծումի մը յանգելու սեմին:

Հարիրի իր կարգին անպատշաճ նկատած է ընտրական օրէնքը համայնքային հարցի վերածելու միտող բոլոր յայտարարութիւններն ու կեցուածքները:

Ընտրական օրէնքին առումով Ապի Ասի յայտնեց, որ կառավարութիւնը որոշեց ընտրական օրէնքի թղթածրարին քննարկումը վստահիլ այդ նպատակով արդէն իսկ գոյութիւն ունեցող նախարարական յանձնախումբին:

Ապի Ասի յայտնեց, որ տարիներու սպասումէ ետք, կառավարութիւնը վաւերացուցած է Ժալ էլ Տիպի կամուրջը «2 Էլ» ձեւով կառուցելու ծրագիրին:

Նախորդը

Լիբանանեան Համալսարանի Հիմնադրութեան 66-ամեակին Առիթով . Նախագահ Աուն Լիբանանցի Երիտասարդները Յորդորեց Դառնալ Ազգային Անբիծ Գործի Ռահվիրաները

Յաջորդը

Փերմեաքով Իր Պատիժը Պիտի Կրէ Ռուսիոյ Մէջ

RelatedPosts

Ընդունելով Գերմանիոյ Տնտեսական  Գործակցութեան Նախարարը`  Նախագահ Աուն. «Հակամարտութիւններու  Լուծման Համար Դիւանագիտական  Լուծումներուն Կը Կառչինք»
Լիբանանեան

Ընդունելով Գերմանիոյ Տնտեսական Գործակցութեան Նախարարը` Նախագահ Աուն. «Հակամարտութիւններու Լուծման Համար Դիւանագիտական Լուծումներուն Կը Կառչինք»

October 30, 2026
Թրիփոլիի Լիբանանեան Համալսարանին Մէջ  Նոր Խորհրդակցական Հանդիպում
Լիբանանեան

Թրիփոլիի Լիբանանեան Համալսարանին Մէջ Նոր Խորհրդակցական Հանդիպում

October 30, 2026
Ֆրանսական Խորհրդարանական  Պատուիրակութիւն Մը Այցելեց  Պէյրութի Նաւահանգիստ
Լիբանանեան

Ֆրանսական Խորհրդարանական Պատուիրակութիւն Մը Այցելեց Պէյրութի Նաւահանգիստ

October 30, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.