Երէկ` ուրբաթ, 21 ապրիլի յետմիջօրէին, Նիոնի մէջ (Զուիցերիա) տեղի ունեցաւ «Չեմփիընզ լիկ»-ի եւ «Եուրոփա լիկ»-ի մրցաշարքերուն կիսաւարտականի մրցումներուն վիճակաձգութիւնը:
Առաջինին պարագային բաւական տաք պիտի ըլլայ երկու սպանական խումբերուն` Ռէալ Մատրիտի եւ Աթլեթիքօ Մատրիտի միջեւ տեղի ունենալիք ճակատումը:
Իսկ երկրորդ մրցումին իրարու դէմ պիտի ճակատին Մոնաքօ եւ Եուվենթուս:
Երթի մրցումները տեղի պիտի ունենան 2-3 մայիսին, իսկ դարձի մրցումները` ճիշդ շաբաթ մը ետք:
Նախորդ տարեշրջանին Ռէալ Մատրիտ եւ Աթլեթիքօ Մատրիտ նոյն այս մրցաշարքին գծով իրարու դէմ յանդիման եկած էին աւարտականին:
Աւարտական մրցումը տեղի պիտի ունենայ 3 յունիսին` Կալեսի մայրաքաղաք Քարտիֆի մարզադաշտին վրայ:
Ինչ կը վերաբերի «Եուրոփա լիկ»-ին, Մանչեսթըր Եունայթըտի մրցակիցը պիտի ըլլայ Սելթա Վիկօ, մինչ երկրորդին իրարու դէմ պիտի մրցին Լիոն եւ Այաքս Ամսթերտամ:
Երթի մրցումները տեղի պիտի ունենան 4 մայիսին, իսկ դարձի մրցումները` շաբաթ մը ետք:
Նշենք, որ երթի մրցումներուն Մանչեսթըր Եունայթըտ եւ Լիոն իրենք պիտի ըլլան հիւրընկալ կազմերը:
Աւարտական ճակատումը տեղի պիտի ունենայ Շուէտի մայրաքաղաք Սթոքհոլմի մէջ:



