Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լը Փենէն, Ֆիոնէն Եւ Ամոնէն Ետք. Ֆրանսայի Նախագահութեան Թեկնածուներ Մաքրոն Եւ Մելանշոն Կը Խօսին Հայկական Հարցերու Մասին

April 21, 2017
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ֆրանսայի նախագահութեան թեկնածու, տնտեսութեան նախկին նախարար եւ Յառաջ նորաստեղծ կուսակցութեան ղեկավար Էմանուէլ Մաքրոն «Նովել տ՛Արմենի»-ի հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնած է, որ նախագահ ընտրուելու պարագային պիտի նշանակուի Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակի ոգեկոչման աւանդութիւնը:

«Ապրիլ 24-ը ամուր խորհրդանիշ է. անիկա կ՛ոգեկոչէ 1915 թուականի ապրիլ 24-ին Կոստանդնուպոլսոյ մէջ 600 հայ մտաւորականներու աքսորն ու սպանութիւնը եւ առաջին ցեղասպանութեան սկիզբը: Ասիկա կարեւոր պահ է Ֆրանսայի եւ Հայաստանի յիշողութեան, իսկ այնուհետեւ նաեւ բարեկամութեան մէջ: Ես նոյն ատեն կողմ եմ, որ այդ օրը ներառուի մեր օրացոյցին մէջ` իբրեւ Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակման օր», նշած է Մաքրոն:

Ֆրանսայի նախագահի թեկնածուն ընդգծած է նաեւ այդ երկրի հայ համայնքին դերը ցեղասպանութեան ճանաչման գործին մէջ: «Ես կ՛աջակցիմ անոնց պայքարին: Ցեղասպանութեան ճանաչման համար անոնցմէ սերունդներու պայքար պահանջուեցաւ: Անոնք շարունակաբար պահանջներ կը ներկայացնէին, ինչ որ ի վերջոյ տուաւ իր պտուղները: Հաշուի առնենք նաեւ 2016-ի գերմանական խորհրդարանին մէջ տեղի ունեցած պատմական քուէարկութիւնը: Ֆրանսայի մէջ կարելի չեղաւ հասնիլ ցեղասպանութեան ժխտման քրէականացման, իսկ Սահմանադրական խորհուրդի որոշումը բազմաթիւ թիւրըմբռնումներու տեղ տուաւ: Համոզուած եմ, որ անհրաժեշտ է շարունակել աշխատիլ այս ուղղութեամբ: Իրաւունքն ու յիշողութիւնը պէտք չէ ըլլան անհամատեղելի», ընդգծած է Էմանուէլ Մաքրոն:

Ֆրանսայի նախագահական թեկնածուներէն, Համայնավար կուսակցութեան եւ շարք մը այլ ձախակողմեան ուժերու զօրակցութիւնը վայելող Ժան Լիւք Մելանշոնի ընտրարշաւի կազմակերպիչներէ Շարլոթ Ժերար իր կարգին «Նուվել տ՛Արմենի»-ին յայտնած է, որ նախագահ ընտրուելու պարագային Մելանշոն պիտի մասնակցի 24 ապրիլի Հայոց ցեղասպանութեան ոգեկոչման արարողութիւններուն եւ հանդէս պիտի գայ ի նպաստ այդ օրը Ֆրանսայի Հանրապետութեան յիշատակի օրերու օրացոյցին վրայ ներառելու գաղափարին:

«Հայոց ցեղասպանութիւնը 20-րդ դարու երեք ողբերգական ցեղասպանութիւններէն մէկն է: Ատիկա կարեւոր է ո՛չ միայն հայ համայնքին համար, այլ նաեւ դաս է մարդկութեան համար: Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած ողբերգական իրադարձութիւնները այսօր եւս մտահոգող արձագանգներ կը յառաջացնեն, եթէ աչքէ անցընենք այն քայլերը, որոնք թրքական պետութեան կողմէ նախաձեռնած են Սուրի եւ Ճիզրէի մէջ քրտական համայնքին նկատմամբ», Մելանշոնի խօսքը մէջբերած է Շարլոթ Ժերար:

Ըստ Ժերարի, Մելանշոն կողմ է առհասարակ մարդկութեան դէմ յանցագործութիւններու, յատկապէս ցեղասպանութիւններու ճանաչման: Ըստ անոր, մենատիրութեան ճամբան բռնած թրքական պետութիւնը Էրտողանի գլխաւորութեամբ ներգրաւուած է պատմութեան վերանայման մէջ, նաեւ 1915-ի խնդիրով:

Մելանշոն նոյն ատեն ողջունած է Ֆրանսայի հայ համայնքին ջանքերը Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման ուղղութեամբ: «Ֆրանսայի հայ համայնքը, որ մեծապէս Ցեղասպանութեան պատճառով յառաջացած է, Ֆրանսայի ժողովուրդներու խճանկարին կարեւոր մասը կը կազմէ: Ի թիւս այլ համայնքներու, կարելի չէ մոռնալ հայկական ծագումով բազմաթիւ ֆրանսացիներու ներդրումը գեղարուեստի, գիտութեան, մարմնամարզի եւ քաղաքականութեան մէջ: Պիտի ուզէի այս առումով յիշել Հայաստանի զաւակներէն մէկը, որ դարձաւ ֆրանսացի մեծ հայրենասէր, եւ որ մասնաւորաբար մօտ է սրտիս. այս պահուս կը մտածեմ բանաստեղծ ու դիմադրութեան շարժումի մասնակից Միսաք Մանուշեանի մասին: Միսաք Մանուշեանը մեր Ֆրանսան է` դիմադրող, խելացի, համարձակ», նշած է Մելանշոն:

Նշենք, որ վերջերս հայկական հարցերու մասին արտայայտուեցան նաեւ Ֆրանսայի նախագահութեան այլ թեկնածուներ` Ազգային ճակատ կուսակցութեան ղեկավար Մարին Լը Փեն, Հանրապետականներ կուսակցութեան թեկնածու Ֆրանսուա Ֆիյոն եւ Ընկերվարական կուսակցութեան թեկնածու Պենուա Ամոնը (տես https://www.aztagdaily.com/archives/344598:)

 

 

Նախորդը

Ֆրանսահայ Համայնքը Ոեւէ Թեկնածուի Չի Զօրակցիր. «Ֆրանսայի Նախագահական Թեկնածուները Պէտք Է Երաշխիք Տան, Որ Իրենց Դիրքորոշումները Կեղծ Չեն» Կ՛ըսէ Մուրատ Փափազեան

Յաջորդը

«Ազգ-Բանակ-2017» Համաժողովին Շեշտը Դրուեցաւ Այս Գաղափարաբանութեամբ Սերունդներու Դաստիարակութեան Վրայ

RelatedPosts

Կալուզին. «Հայաստանի Հետ Առանց Մուտքի  Արտօնագիրի Դրութեան Հաստատման Որոշակի  Ժամկէտերը Հաստատելէ Հրաժարիլը Պրիւքսելի  Խոստումներու Պատրանքային Ըլլալը Ցոյց Կու Տայ»
Գլխաւոր լուրեր

Կալուզին. «Հայաստանի Հետ Առանց Մուտքի Արտօնագիրի Դրութեան Հաստատման Որոշակի Ժամկէտերը Հաստատելէ Հրաժարիլը Պրիւքսելի Խոստումներու Պատրանքային Ըլլալը Ցոյց Կու Տայ»

September 16, 2026
Քարթհայզեր. «Եւրոպական Միութիւնը Հետագային  Կրնայ Հայաստանէն Ռուսիոյ Դէմ  Քայլերու Ձեռնարկում Պահանջել»
Հայկական

Քարթհայզեր. «Եւրոպական Միութիւնը Հետագային Կրնայ Հայաստանէն Ռուսիոյ Դէմ Քայլերու Ձեռնարկում Պահանջել»

September 16, 2026
Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր  Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ  Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»
Գլխաւոր լուրեր

Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.