Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ֆրանսահայ Համայնքը Ոեւէ Թեկնածուի Չի Զօրակցիր. «Ֆրանսայի Նախագահական Թեկնածուները Պէտք Է Երաշխիք Տան, Որ Իրենց Դիրքորոշումները Կեղծ Չեն» Կ՛ըսէ Մուրատ Փափազեան

April 21, 2017
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ֆրանսայի հայ համայնքը տակաւին չէ կողմնորոշուած, թէ Ֆրանսայի նախագահութեան թեկնածուներէն որո՛ւն իր ձայնը պիտի տայ, իւրաքանչիւր ֆրանսահայ պէտք է առաջնորդուի իր անձնական ցանկութիւններով: Այս մասին «Թերթ»-ին յայտնած է Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդի համանախագահ Մուրատ Փափազեան:

Այն դիտարկումին, թէ Ֆրանսայի նախագահութեան թեկնածուներէն ոմանք խօսած են հայկական խնդիրներու`  Լեռնային Ղարաբաղի հարցին եւ Հայոց ցեղասպանութեան մասին, Մուրատ Փափազեան պատասխանած է, որ լրատուամիջոցը անոնց այդ նիւթերով հարցումներ ուղղած է, անոնք ալ խօսած են: «Այսօր կոչ չենք ուղղեր, որ հայերը քուէարկեն ի նպաստ ոեւէ թեկնածուի: Կան թեկնածուներ, որոնք դրական ձեւով արտայայտուած են Հայաստանի եւ Ղարաբաղի մասին, սակայն չկայ այն թեկնածուն, ինչպէս որ էր Ֆրանսուա Հոլլանտը, որ կարեւորութիւն տուած է հայկական հարցերուն, իրեն հետ քննարկումներ կատարած ենք, իրեն հետ աշխատած: Նոյն մակարդակին վրայ չեն հիմա այլ թեկնածուներու հետ մեր յարաբերութիւնները», ըսած է ան:

Մուրատ Փափազեանի համաձայն, թեկնածուները հայ համայնքին ուղղուած առաջարկներով հանդէս չեկան, որովհետեւ անոնք կարծեցին, որ կրնան բաւարարուիլ մամուլին տուած իրենց հարցազրոյցներով, ինչ որ, ըստ անոր, սխալ էր:

«Մենք զանոնք քաջալերեցինք, որ տարբեր ձեւերով իրենց դիրքորոշումը յայտնեն հայկական հարցերու վերաբերեալ` մեր, համայնքին առջեւ, որպէսզի լաւ հասկնանք իրենց դիրքորոշումին մակարդակը: Սակայն այդպիսի բան տեղի չունեցաւ: Եւ հիմա մենք յստակօրէն իրենց մասին ո՛չ բացասական, ո՛չ ալ դրական կարծիք ունինք», ըսած է ան:

Փափազեան նշած է, որ իրենց ցանկութիւնն ու պահանջը այն է, որ թեկնածուները քաղաքական յարաբերութիւններ ունենան իրենց հետ: «Թեկնածուները պէտք է ընդունին համայնքը, երկխօսութիւն պէտք է տեղի ունենայ, որպէսզի մենք կարենանք դատել, թէ անոնց ըսածները միայն ընտրակա՞ն կեցուածք են, թէ՞ քաղաքական: Այդ առիթը չունեցանք: Ատոր համար համայնքը եւ ոչ մէկ կազմակերպութիւն ոեւէ թեկնածուի օգտին չեն աշխատիր: Ատոր համար ընտրութիւններու առաջին փուլին համար ոեւէ մէկուն ընտրելու կոչ չենք ուղղած», յայտնած է ան:

Փափազեանի համաձայն, համայնքը տակաւին կը սպասէ երկրորդ փուլին: 24 ապրիլին` ընտրութեան յաջորդ օրը արդէն պիտի ըլլայ ձեռնարկ, որուն ներկայ պիտի ըլլան Ֆրանսուա Հոլլանտն ու երկրորդ փուլ անցած երկու թեկնածուները:

«Պիտի դատենք. եթէ երկրորդ փուլին առիթով կարելի ըլլայ կոչ ուղղել. պիտի ուղղենք: Հիմա այդ փուլէն առաջ ոչինչ կ՛ընենք», ըսած է ան:

Այն հարցումին, թէ արդեօք համայնքը իր լծակները պիտի չկորսնցնէ՞, եթէ ոեւէ թեկնածուի չզօրակցի, ան պատասխանած է. «Չենք կորսնցներ: Նոյնը չէ Ֆրանսուա Հոլլանտի համեմատած: Բոլորովին տարբեր է, քանի որ Ֆրանսուա Հոլլանտի հետ երկար պատմութիւն ունինք: Ժամանակ ունեցած ենք, որպէսզի ան կարենայ մեզի փաստել, որ հայ ժողովուրդի եւ Հայ դատի բարեկամն է: Այս անգամ չկայ այդպիսի բան: Տակաւին երկրորդ փուլ կայ, համայնքը պէտք է կողմնորոշուի, տակաւին ապրիլ 24 կայ եւ հաւանական է, որ համայնքը կողմնորոշուի: Եթէ թեկնածուները իրենց դիրքորոշումը չյայտնեն, իրենք գիտեն, որ ձայները քիչ չեն, մենք ալ չենք կողմնորոշուիր: Պէտք է թեկնածուները երաշխիք տան մեզի, որ իրենց դիրքորոշումները կեղծ չեն», ըսած է Փափազեան:

 

 

Նախորդը

Վրաստանի Հայ Համայնքը Յոյս Կը Յայտնէ, Որ Վրացական Իշխանութիւնները Պիտի Չարգիլեն Թուրքիոյ Դեսպանատան Դիմաց Իր Հաւաքը

Յաջորդը

Լը Փենէն, Ֆիոնէն Եւ Ամոնէն Ետք. Ֆրանսայի Նախագահութեան Թեկնածուներ Մաքրոն Եւ Մելանշոն Կը Խօսին Հայկական Հարցերու Մասին

RelatedPosts

Կալուզին. «Հայաստանի Հետ Առանց Մուտքի  Արտօնագիրի Դրութեան Հաստատման Որոշակի  Ժամկէտերը Հաստատելէ Հրաժարիլը Պրիւքսելի  Խոստումներու Պատրանքային Ըլլալը Ցոյց Կու Տայ»
Գլխաւոր լուրեր

Կալուզին. «Հայաստանի Հետ Առանց Մուտքի Արտօնագիրի Դրութեան Հաստատման Որոշակի Ժամկէտերը Հաստատելէ Հրաժարիլը Պրիւքսելի Խոստումներու Պատրանքային Ըլլալը Ցոյց Կու Տայ»

September 16, 2026
Քարթհայզեր. «Եւրոպական Միութիւնը Հետագային  Կրնայ Հայաստանէն Ռուսիոյ Դէմ  Քայլերու Ձեռնարկում Պահանջել»
Հայկական

Քարթհայզեր. «Եւրոպական Միութիւնը Հետագային Կրնայ Հայաստանէն Ռուսիոյ Դէմ Քայլերու Ձեռնարկում Պահանջել»

September 16, 2026
Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր  Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ  Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»
Գլխաւոր լուրեր

Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.