Երէկ, կէսօրին, հայ քաղաքական երեք կուսակցութիւններու` ՍԴՀԿ-ի, ՀՅԴ-ի եւ ՌԱԿ-ի ներկայացուցիչները, հանդիպում մը ունեցան «Թէքէեան» կեդրոնին մէջ:
Հանդիպումի ընթացքին մանրամասնեալ քննարկումի նիւթ դարձաւ Հայոց ցեղասպանութեան 102-ամեակի ոգեկոչումներու կազմակերպչական աշխատանքներու յառաջ մղումը: Հանդիպումին մասնակիցները անգամ մը եւս շեշտեցին եւ ընդգծեցին ոգեկոչումներուն համահայկական եւ համալիբանանեան բնոյթ ու տարողութիւն տալու անհրաժեշտութիւնը:
ՍԴՀԿ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՎԱՐԻՉ ՄԱՐՄԻՆ
ՀՅԴ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԿՈՄԻՏԷ
ՌԱԿ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ


