Լիբանանի տղոց պասքեթպոլի Բ. դասակարգ ախոյեանութեան փլէյ-օֆի մրցումներուն, Այնթուրա 80-59 արդիւնքով յաղթելէ ետք Ամշիթին, մնաց Բ. դասակարգին մէջ, մինչ վերջինս փոխադրուեցաւ Գ. դասակարգ:
Այնթուրայի յաղթանակը կերտողներէն մէկը հանդիսացաւ Ժատ Նըմըր, որ նշանակեց 14 կէտ, 8 ռիպաունտ, 12 էսիսթ եւ 10 սթիլ:
Թէեւ առաջին քորթըրին Այնթուրա 6 կէտով ուշացած էր, բայց արդիւնքը փոխուեցաւ, եւ ժիպէյլեան խումբը ինք եղաւ պարտուողը եւ Գ. դասակարգ փոխադրուողը:
Նշենք, որ քանի մը տարի առաջ Ամշիթ, որ մաս կը կազմէր Ա. դասակարգին, ունէր զօրաւոր կազմ մը:



