Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԱԿՆԱՐԿ. 700 X 3 ԿԸ ՍՊԱՍԵՆՔ ԱՒԵԼԻ՛Ն

October 18, 2011
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւն -Ազրպէյճան շփման գիծին վրայ Ազրպէյճանի կողմէ կառուցուող պատը, երեւութապէս ռազմագիտական նշանակութիւն ունի, սակայն խորքին մէջ քարոզչական գործողութիւն է, որուն կը ձեռնարկէ Ազրպէյճանը:

Նախ յայտնենք, որ ծրագիրը նոր չէ. այս մասին լրատուութիւն հրապարակուած է 2006-ին, ուր խօսուած է պատի կառուցման անհրաժեշտութեան մասին: Նման ծրագիր անշուշտ կը յիշեցնէ «չինական պարիսպ»ը, «Պերլինի պատը» կամ հրեաներն ու պաղեստինցիները իրարմէ անջատող միջոցը:

Նախ իմանանք, թէ ո՞ւր կը կառուցուի պատը եւ ի՞նչ երկարութեամբ է անիկա: Ապա` Ազրպէյճանի տուած ռազմագիտական բացատրութիւնը պատը կառուցելու անհրաժեշտութեան մասին, արցախեան կողմի արձագանգը եւ ի վերջոյ այս բոլորին քարոզչական երեսը:

Ուրեմն. Չրաղլի գիւղին մօտ, որ սահմանակից է Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Մարտակերտի շրջանին, արդէն կառուցուած է 700 մեթր երկարութեամբ եւ 3 մեթր բարձրութեամբ պատ: Աղտամի շրջանի Քարվանդ գիւղէն պատը պիտի երկարի մինչեւ  Թարթառի շրջանի գիւղերը:

Ըստ ազրպէյճանական պաշտօնական բացատրութեան, պատի կառուցման նպատակն է պաշտպանել Ազրպէյճանի բնակչութիւնը հայկական զինեալ ուժերու հարուածներէն:

Չրաղլիի գիւղապետին համաձայն, պատի կառուցումը կ՛ապահովէ խաղաղ բնակչութեան անվտանգութիւնը, հնարաւորութիւն կու տայ գաղթականներուն վերադառնալու իրենց տուները: Ասիկա մեծ խնդիր է, որովհետեւ գիւղի 78 տուներէն 24-ը դատարկ է` տրուած ըլլալով, որ գիւղը միշտ կը գնդակոծուի: Իսկ եթէ պաշտպանութիւնը ստեղծուի,  մարդիկ կրնան այդտեղ ապրիլ:

Բնականաբար չէր ուշանար Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան բանակի մամլոյ ծառայութեան յստակացումը, թէ արցախեան ուժերը որեւէ ատեն չեն գնդակոծած խաղաղ բնակչութիւնը, առ այդ Ազրպէյճանի պաշտօնական յայտարարութիւնը իրականութեան չի համապատասխաներ:

2006-ին ազրպէյճանական քննարկումները` պատ կառուցելու ծրագիրին առնչութեամբ, կը խօսէին հայ արձակազէններէն պաշտպանուելու անհրաժեշտութեան մասին. այժմ խօսքը գիւղ մը գնդակոծումէ պաշտպանելու մասին է: Իսկ այստեղ 3 մեթր բարձրութեամբ պատը ի՞նչ տեսակի պաշտպանուածութիւն կրնայ յառաջացնել, կը մնայ ազրպէյճանական ռազմագիտական բացատրութեամբ բացատրելի…

Պատի կառուցման ծրագիրը հոգեբանական եւ քարոզչական բնոյթ ունի: Շատ պարզ է: Նախ ազրպէյճանցի արձակազէններու իրողութեան վրայ ծխածածկոյթ յառաջացնելու եւ ամբաստանութիւնը հակառակորդին ուղղելու փորձ է կատարուածը: Ապա, արձակազէններէն անդին խաղաղ բնակչութեամբ ամբողջ գիւղ մը գնդակոծելու եւ այդպիսով հրադադարը խախտած ըլլալու մեղադրանքը հայկական կողմի ուսերուն բեռցնելու երկրորդ թիրախն է, որ կը փորձուի հարուածել: Յստակ է, որ միջազգային ընտանիքին ուղղուած քարոզչական գործողութեան շղթայի մը մասին է խօսքը: Եւ երրորդ թեման` գաղթականներու տունդարձի անհրաժեշտութեան յուշումը: Գաղթականներու վերադարձի մանրապատկեր մը կը փորձուի ներկայացուիլ այստեղ` միջազգային ընտանիքին պատգամելու համար, որ Ազրպէյճան ի՛նք ճարահատ կը դիմէ նման քայլի` տրուած ըլլալով, որ միջազգային ընտանիքը չի կրնար համապատասխան միջոցներ ձեռք առնել եւ երաշխաւորել ազրպէյճանցի խաղաղ բնակչութեան պաշտպանուածութիւնն ու տունդարձը:

Չրաղլի գիւղէն երկարելիք պատի նախաձեռնութեան մանրապատկերին մէջ կը կայանայ պաշտօնական Պաքուի քարոզչական քաղաքականութեան ամբողջ առանցքը: Պաքուի առաջ քշած թեզերուն կը ծառայեցուի 700 մեթրով 3 մեթր պատին պատմութիւնը:

Ազրպէյճանական պաշտպանուածութիւնը ապահովող այս պատը սակայն միայն Չրաղլիէն Թարթառի համար պէտք չէ ըլլայ սկզբունքով: Պէտք է երկարի ամբողջ Արցախը Ազրպէյճանէն բաժնող գիծով: Վերջնականօրէն ամրագրելու համար հայկական Արցախի այսօրուան իրողական սահմանները:

«Ա.»

Նախորդը

ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ. ԾԱՆԻ՛Ր ԶՔԵԶ

Յաջորդը

ԱԿՆԱՐԿ. 700 X 3 ԿԸ ՍՊԱՍԵՆՔ ԱՒԵԼԻ՛Ն

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.