Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սուրբ Յարութեան Միջեկեղեցական Տօնակատարութիւն Մոնաքոյի Մէջ

April 20, 2017
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԽԱՉԱՏՈՒՐ Ա. ՔՀՆՅ. ՊՕՂՈՍԵԱՆ

Մոնաքոյի իշխանապետութեան Ֆոնվիէյի Ս. Նիկողայոս կաթողիկէ եկեղեցւոյ հաղորդակցութեանց կապերու տնօրէն հ. Փաթրիք Քեփել Ս. Յարութեան երկրորդ օրուան երեկոյին միջեկեղեցական հանդիսաւոր արարողութիւն կազմակերպեց` նախագահութեամբ Մոնաքոյի արքեպիսկոպոս Պեռնար Պարսիի, հրաւիրելով Նիս Քոթ տ՛Ազիւրի կաթողիկէ, հայ, ուղղափառ, աւետարանական եւ անկլիքան եկեղեցիներու հովիւները:

Թափօրէն առաջ ուրախութեամբ հաստատեցինք, որ այս տարի Ս. Յարութեան տօնը նոյն թուականին կը տօնախմբենք միասին: Ս. Յարութեան համայնական յաջորդ թուականը պիտի գայ քսան տարի ետք` 2037-ին, եթէ ըլլանք ապրելոց մէջ: Անկէ վերջը, 800 տարի ետք պիտի գայ, ուստի` մոռցի՛ր. հոս պիտի չըլլանք, ըսաւ մէկը, որ եթէ մեր եկեղեցական պետերը նոյն թուականի մը շուրջ չհամաձայնին, եթէ մեզմէ մէկը վերը երկնից մէջ յարուցեալ Փրկչին հետ խօսելու բախտ ունենայ, հարցնէ, թէ ինչո՞ւ Ս. Յարութեան թուականին համար մարդիկ խրթին տոմար հնարեր են, եւ ինչո՞ւ Քրիստոսի ընդհանրական եւ առաքելական եկեղեցւոյ ՆԻԿԻՈՅ ՀԱՒԱՏԱՄՔԸ արտասանող կաթողիկէ, ուղղափառ ու բողոքական հաւատացեալները յարութիւնը միասին չեն տօներ…

Յարութեան տօնին համայնական թուականին 820 տարի ետք գալուն հարցը Ուայթինսվիլ Մասաչուսեցի լուսահոգի բարեկամս` Ճերի Պաղտասարեանը յիշեցուց ինծի. ան Համաշխարհային Բ. պատերազմին ամերիկեան բանակին մէջ օդապարիկով ցամաքահանում կատարած էր Նորմանտի եւ անկէ ետք իր զոհուած ընկերներուն սուգը պահած էր: Ամուսնացեր էր մեր սիրելի Արմենուհիին հետ, Փարիզի մէջ: Շա՛տ բան կու գար Ճերիին ձեռքէն. լաւ օդով կիրակիներուն ընդարձակ դաշտը կ՛երթայինք միասին իր շինած մոթորով թռչող փայտեայ սաւառնակները դիտելու: Լսեր էր, որ գիտնականները 400 տարի ապրելու գաղտնիքը գտեր են, ըսաւ` «Տէ՛ր հայր, ես ի՞նչ պիտի ընեմ, 400 տարի ապրիմ, պապա՛մ, պիտի ձանձրանամ…

Ս. Յարութեան համայնական տօնին մասնակից եկեղեցականները յարութեան պատշաճ աղօթքներ կարդացին, երգուեցան շարականներ, ընթերցուեցան Մարկոսի Աւետարանին 16-րդ գլխու 6 եւ 7 համարները` Մոնաքոյի բարբառով` մոնեկասք, անգլերէն, սպաներէն, իտալերէն, փորթուգալերէն, ռուսերէն, լեհերէն, դանիերէն, յունարէն, գերմաներէն, հայերէն ու ֆրանսերէն, եւ ամէն ընթերցուածի աւարտին հայր Քեփել բարձրաձայն աւետեց` «Յարեալ է Քրիստոս» եւ հաւատացեալները պատասխանեցին` «Ան իսկապէս յարուցեալ է»: Կարդացի` «Մի՛ վախնաք, գիտեմ, որ խաչուած Նազովրեցի Յիսուսը կը փնտռէք, բայց հոս չէ՛, յարութիւն առաւ: Տեսէ՛ք, զինք հոս դրած էին: Այժմ գացէք, ըսէք իր աշակերտներուն եւ Պետրոսի, որ ահա ինք ձեզմէ առաջ կ՛երթայ Գալիլիա, հոն պիտի տեսնէք զինք, ինչպէս որ ըսած էր ձեզի» եւ երգեցի` «Քրիստոս յարեաւ ի մեռելոց, մահուամբ զմահ կոխեաց, եւ յարութեամբն իւրով մեզ զկեանս պարգեւեաց. նմա փառք յաւիտեանս. ամէն» ժամամուտը: Մեր եկեղեցւոյ մեներգչուհիներէն Դանիա Պոշնակեանը եւ Տիգրիս Կոկեն «ԳՈՎԵԱ ԵՐՈՒՍԱՂԷՄ ԶՏԷՐ» երգեցին երգեհոնի ընկերակցութեամբ: Շարականներու երգեցողութիւնը կատարեց Նիսի անկլիքաններու միջեկեղեցական երգչախումբը:

Եկեղեցականները օրհնեցին հաւատացեալները եւ բոլորը միասին «Հայր Մեր»-ը արտասանեցին: Մոնաքոյի Պեռնար Պարսի արքեպիսկոպոսը մաղթեց, որ Ս. Յարութեան համայնական նման միջեկեղեցական արարողութիւններ տեղի ունենան յարութեան տօնին քսան տարի ետք գալէն առաջ: Ելքի թափօրէն ետք եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ տեղի ունեցաւ սիրոյ հիւրասիրութիւն:

Նիս, 18 ապրիլ 2017

Նախորդը

Կոմիտաս Վարդապետի Կեանքը Պատմող Իրեր

Յաջորդը

Հայոց Ցեղասպանութեան Ճանաչում` Ռոտ Այլընտի Մէջ

RelatedPosts

«Հոգեւոր Կեանքի Վերանորոգումի Տարի».  «Լեցուն Կեանք»
Անդրադարձ

«Հոգեւոր Կեանքի Վերանորոգումի Տարի». «Լեցուն Կեանք»

February 2, 2026
Եւրոպական Միութեան Տարածաշրջանային Քաղաքականութիւնը Եւ Հայաստանը (Ա. Մաս)
Անդրադարձ

Եւրոպական Միութեան Տարածաշրջանային Քաղաքականութիւնը Եւ Հայաստանը (Ա. Մաս)

February 2, 2026
Վազգէն Ա. Վեհափառ (ԽԴ.) «Է»-ն Իբրեւ Ազգային Խորհրդանշան
Անդրադարձ

Վազգէն Ա. Վեհափառ (ԽԴ.) «Է»-ն Իբրեւ Ազգային Խորհրդանշան

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.