Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Յեղաշրջման Փորձ Իրականացուցած Թուրք Զինուորականին Տունէն Բագրատունիներու Մասին Գիրք Մը Յայտնաբերուած Է

April 20, 2017
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Թուրքիոյ մէջ 2016-ի յուլիս 15-ի յեղաշրջման փորձի կազմակերպման մէջ մեղադրուող գլխաւոր կասկածեալներէն զօրավար Էրհան Ճահայի տունէն յայտնաբերուած է «Օսմանեան կայսրութենէն մինչեւ հանրապետութիւն ծպտեալ հրեաներն ու Բագրատունիները» գիրքը:

Ըստ «Նիուզ»-ին, թրքական «Անատոլու» գործակալութիւնը կը յայտնէ, որ 2016-ի յուլիս 15-ի յեղաշրջման փորձի գործի ծիրէն ներս ցամաքային ուժերու հրամանատարութեան մէջ տեղի ունեցած դէպքերուն գծով 150 զինուորականներու դէմ պատրաստուած մեղադրական զեկոյցը ներկայացուած է դատարան:

Մեղադրական զեկոյցին մէջ գլխաւոր կասկածեալ զօրավար Էրհան Ճահայի տունէն յայտնաբերուած է Ահմետ Աքկիւնի հրատարակած «Օսմանեան կայսրութենէն մինչեւ հանրապետութիւն ծպտեալ հրեաներն ու Բագրատունիները» գիրքը: Այս գիրքը յայտնաբերուելու փաստը եւս ներառուած է մեղադրական զեկոյցին մէջ:

Նշենք, որ Բագրատունիներու մասին իր յայտնի նզովքին մէջ խօսած էր Ֆեթուլլահ Կիւլեն: Ատկէ ետք ամբողջ Թուրքիոյ մէջ համացանցով կը փնտռէին Բագրատունիներուն ինքնութիւնը:

Ըստ կարգ մը թուրք հետազօտողներու, Բագրատունիները Թուրքիոյ մէջ գաղտնի խմբաւորում են, որուն անդամները կը ճանչնան զիրար ու կ՛ապրին յատուկ կանոններով: Այսինքն Թուրքիոյ Բագրատունիները երեւոյթով իսլամ են, սակայն ծպտեալ հայ են: Իսկ որոշ թուրք լրագրողներ կը շեշտեն, որ Թուրքիոյ մէջ Բագրատունիները ազդեցիկ պաշտօններ կը զբաղեցնեն ու կարեւոր դերակատարներ են Թուրքիոյ կեանքին մէջ:

Նախորդը

Հայոց Ցեղասպանութեան Ճանաչում` Ռոտ Այլընտի Մէջ

Յաջորդը

«Կիւլիզարի Սեւ Հարսանիքը». Թուրքիայում Գիրք Է Լոյս Տեսել Հայ Աղջկայ Դիմադրութեան Պատմութեան Մասին

RelatedPosts

Հայաստան Ուխտագնացութեան Ժամանակ Հռոմի Պապը Ցեղասպանութեան Հարցով Հետեւեցաւ Իր Սրտի Կանչին, Ոչ Թէ Խորհրդատուներուն
Անդրադարձ

Թրքական Հետազօտական Կեդրոնը Բազմիցս Գովաբանած Է Փաշինեանը Եւ Քննադատած` Սփիւռքը

October 27, 2026
Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը
Անդրադարձ

Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը

October 26, 2026
Ուրուագիծ Դիմանկարի Համար Պարոյր Աղպաշեան /Պէյրութ, 1945/ Ծննդեան 80-Ամեակի Առթիւ
Անդրադարձ

Դէպի Ո՞ւր Ընթանալու Ճամբուն Վրայ. Լիբանանը` Իր Արտաքին Թէ Ներքին Օրինակարգերով

October 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.