Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահ Աուն Յայտարարեց Խորհրդարանի Պաշտօնավարութեան Երկարաձգման Նուիրուած Օրէնսդիր Մարմինի Նիստին Մէկ Ամիսով Յետաձգումը

April 13, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան նախագահ Միշել Աուն երէկ երեկոյեան պատկերասփռուած յայտարարութեամբ, մետասաներորդ պահուն միջամտելով վճռեց եւ մէկ ամիսով յետաձգեց խորհրդարանի նիստերուն գումարումը` երկիրը փրկելով սահմանադրական-քաղաքական քաոսէ:

Արդարեւ, ինչպէս Լիբանանի սահմանադրական թէ քաղաքական ամէն հրատապ հարցի լուծման առնչութեամբ վերջին քառորդ ժամուան փրկարար միջամտութիւնը, այս անգամ եւս կարելի եղաւ փրկել կացութիւնը, երբ նախագահ Միշել Աուն իր վճռական միջամտութեամբ եւ օգտագործելով իրեն վերապահուած սահմանադրական լիազօրութիւնները, մէկ ամիսով յետաձգեց խորհրդարանի նիստերուն գումարումը:

«Ազգային ուխտի փաստաթուղթը, որ դարձած է լիբանանեան սահմանադրութեան անբաժան մէկ մասնիկը, կ՛առաջադրէ, որ երեսփոխանական ընտրութիւնները կատարուին ընտրական նոր օրէնքի հիման վրայ», յայտարարեց նախագահ Աուն իր սեղմ տողերուն մէջ եւ աւելցուց. «Նախագահական երդումիս մէջ խոստացայ յանձնառու եւ հաւատարիմ մնալ լիբանանցի ժողովուրդի սահմանադրութեան ու անոր օրէնքներուն եւ պահպանել Լիբանանի անկախութիւնն ու հողային ամբողջականութիւնը, ինչպէս նաեւ խոստացայ սրբագրել լիբանանցի ժողովուրդին քաղաքական ներկայացուցչութիւնը` հիմնուելով նշեալ ուխտի տրամադրութիւններուն վրայ: Առ այդ, որոշեցի մէկ ամիսով յետաձգել խորհրդարանի նիստերուն գումարումը, եւ այս` հիմնուելով լիբանանեան սահմանադրութեան թիւ 59 յօդուածին վրայ, առիթ տալով յաւելեալ խորհրդակցութիւններու»:

Ապա նախագահը իր յայտարարութիւնը գրաւոր ձեւով յղեց խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիին` սահմանադրական օրինական բնոյթ տալով իր կեցուածքին:

Իր կարգին, խորհրդարանի նախագահը ընդառաջելով նախագահի կեցուածքին, որոշեց այսօր նախատեսուած խորհրդարանի նիստը յետաձգել 15 մայիսին:

Աունի եւ Պըրրիի այս կեցուածքները գոհունակութեամբ ընկալուեցան եւ դրական արձագանգ գտան ժողովրդային, հոգեւոր թէ քաղաքական շրջանակներու մօտ` «հանդարտեցնելով» յատկապէս վերջին օրերուն բորբոքած ժողովրդային եւ քաղաքական տրամադրութիւնները:

Մարոնիներու Ռայի պատրիարքը փութաց հեռաձայնային հաղորդակցութեամբ դրուատել Պըրրիի այս քայլը:

Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ «շնորհաւորեց» իր զօրակիցներն ու համակիրները, որոնք «իրենց վճռական կեցուածքով յաջողեցան ձախողեցնել խորհրդարանի պաշտօնավարութեան երկարաձգման միտող նիստը»: Սակայն մեր աշխատանքը կանգ պիտի չառնէ եւ մենք պիտի շարունակենք մեր խորհրդակցութիւնները` յանգելու համար ընտրական նոր օրէնքի բանաձեւումին, որուն աշխատանքին մեծ մասը կատարեցինք»:

Նմանապէս, Փաղանգաւոր եւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութիւնները իրենց շարքայիններուն եւ համակիրներուն կոչ ուղղեցին չեղեալ նկատելու այսօր նախատեսուող բողոքի բոլոր ելոյթներն ու շարժումները:

Նախքան այդ, երէկ ամբողջ օրուան ընթացքին, քաղաքական եւ կուսակցական կողմեր զօրաշարժի մատնուեցան` բողոքի  նախապատրաստական քայլերու դիմելով: Անոնք ընդհանուր դասադուլի եւ գործադուլի կողքին որոշած էին իրենց բողոքի ելոյթներով շրջափակել ու «արգիլել» երեսփոխաններու խորհրդարան մուտքը:

Նաեւ` Քաղաքական Գետնի Վրայ

Քաղաքական գետնի վրայ եւս, առնչակից կողմեր զանազան խորհրդակցութիւններու ձեռնարկեցին` բարեյաջող ելքի մը յանգելու առաջադրանքով:

Իր այցելուներուն կողքին, նախագահ Աուն Պաապտայի պալատին մէջ ընդունեց զանազան անձնաւորութիւններ, որոնց հետ քննեց ընտրական թնճուկին լուծման առնչութեամբ տարուող նորագոյն ճիգերը:

Վարչապետ Սաատ Հարիրի յետաձգած եւ չեղեալ յայտարարած էր իր ընթացիկ հանդիպումներն ու տեսակցութիւնները եւ լծուած օրուան հրատապ հարցի դասաւորումին: Երէկ երեկոյեան ան Պաապտայի պալատ բարձրանալով նախագահ Աունի հետ քննած էր ընտրական թնճուկի նորագոյն զարգացումները, պատկան կողմերուն հետ իր խորհրդակցութեանց արդիւնքներուն լոյսին տակ` միշտ հանգստացնելով լիբանանցիներն ու յատկապէս քաղաքական կողմերը , թէ` «մօտ ատենէն պիտի յաջողինք ընտրական օրէնքի մը շուրջ համաձայնիլ»:

Այս ծիրին մէջ, ան 24 ժամուան ընթացքին երկու անգամ ընդունեց Ժողովրդավարական հանդիպում պլոքի ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթի պատուիրակ` երեսփոխան Ուաէլ Ապու Ֆաուրը:

Նախքան այդ, վարչապետ Հարիրի նախագահեց ապահովական արտակարգ նիստի, ներկայութեամբ ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուքի եւ զինուորական ու ապահովական բարձրաստիճան պատասխանատուներու: Խորհրդակցութեանց առանցքը կազմած էին բողոքի ելոյթներու ընթացքին երկրի անդորրութեան ու երթեւեկի ապահովութեան ամրապնդման միջոցառումները:

Ազգային ազատ հոսանքէն յատուկ պատուիրակութիւններ մագոգային այցելութիւններ տուին առնչակից կողմերուն, յատկապէս` մարոնիներու Ռայի պատրիարքին, վարչապետ Սաատ Հարիրիի եւ Հըզպալլայի ղեկավարներէն` շէյխ Նայիմ Քասեմի:

Մտավախութիւններ Եւ Մարտահրաւէրներ

Այսուհանդերձ խորհրդարանի նիստի յետաձգման Նեպիհ Պըրրիի քայլը իր ստեղծած անմիջական գոհունակութեան կողքին զերծ չմնաց նաեւ որոշ մտավախութիւններէ: Արդարեւ, Լիբանանի սահմանադրական պատմութեան մէջ նախընթաց մը կատարելով, նախագահ Աունի թիւ 59 յօդուածին առաջին անգամ օգտագործումը միաժամանակ կը կաշկանդէ նախագահին կողմէ նման քայլի կրկնութիւնը: Ըստ սահմանադրութեան, նախագահը միայն մէկ անգամ կրնայ օգտագործել իր նշեալ լիազօրութիւնը: Այլ խօսքով, մինչեւ 15 մայիս 2017-ի ժամկէտը կարելի պէտք է ըլլայ իրագործել ընտրական նոր օրէնքի մշակումը: Մարտահրաւէր մը, որուն յաջողութեան համար ճշդուած մէկ ամսուան ժամկէտը փորձաքար կը թուի ըլլալ առնչակից քաղաքական թէ կուսակցական  կողմերուն եւ յատկապէս` երեսփոխաններուն:

 

Նախորդը

Փորձելով Արդարացնել Խորհրդարանի Պաշտօնավարութեան Երկարաձգման Իր Ընտրանքը` Պըրրի. «Երկարաձգումը Թոյն Մըն Է, Որ Հարկադրուած Ենք Կուլ Տալու»

Յաջորդը

«Էն. Պի. Էյ.». Լոսըն` «Թրիփըլ Տապըլ»-ի Հեղինակ

RelatedPosts

Աուն. «Լիբանան Չի Կրնար Առանց Իր Քրիստոնեայ  Եւ Իսլամ Թեւերուն Ապրիլ, Եւ Անոր Մէջ  Քրիստոնեաներու Ներկայութեան Վտանգ Չկայ»
Գլխաւոր լուրեր

Աուն. «Լիբանան Չի Կրնար Առանց Իր Քրիստոնեայ Եւ Իսլամ Թեւերուն Ապրիլ, Եւ Անոր Մէջ Քրիստոնեաներու Ներկայութեան Վտանգ Չկայ»

October 29, 2026
Թրքական Ներկայութիւնը Ընդլայնելու  Ջանքերու Ծիրին Մէջ.  Էրտողանի Որդին Նոյեմբերին  Լիբանան Պիտի Այցելէ
Լիբանանեան

Թրքական Ներկայութիւնը Ընդլայնելու Ջանքերու Ծիրին Մէջ. Էրտողանի Որդին Նոյեմբերին Լիբանան Պիտի Այցելէ

October 29, 2026
Քասեմ. «Դիմադրութեան Զէնքի Յանձնման  Վերաբերեալ Քննարկումը Անտեղի Է»
Լիբանանեան

Քասեմ. «Դիմադրութեան Զէնքի Յանձնման Վերաբերեալ Քննարկումը Անտեղի Է»

October 29, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.