Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ռուստամեան. «Ակրամունթի Ջանքերը Այս Անգամ Հազիւ Թէ Արդիւնք Տան»

April 13, 2017
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

24-էն 27 ապրիլին Սթրազպուրկի մէջ տեղի կ՛ունենայ Եւրոպական  խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովի (ԵԽԽՎ) գարնանային նստաշրջանը: Այս օրերուն վեհաժողովին պիտի քննարկուի ԵԽԽՎ նախագահ Փետրօ Ակրամունթի պաշտօնանկութեան հարցը: Անոր կը վերագրուին փտածութեան շարք մը արարքներ, ան ամբաստանուած է իր պաշտօնական դիրքը չարագործելու մեղադրանքով: Ակրամունթը յատկանշական է նաեւ ազրպէյճանամէտ կեցուածքով:

ԵԽԽՎ նախագահ Փետրօ Ակրամունթը Պետական տումայի երեսփոխաններուն հետ 20 մարտին այցելած էր Սուրիա` չունենալով կառոյցի լիազօրութիւնը: Այցելութիւնը աղմուկ բարձրացուցած էր ԵԽԽՎ պատուիրակներու շրջանակին մէջ:

«Յանձնարարութիւն կար, որ ճշդուի հետաքննող մարմինի իրաւագիրը: Այդ գործը մարտին պէտք է կատարեր նստաշրջաններու միջեւ գործող կոմիտէն: Բայց քանի որ այդ կոմիտէն կը ղեկավարէ Ակրամունթը, ամէն ինչ կատարուեցաւ, որ բանաձեւը չընդունուի: Ես վստահ եմ, որ յետաձգումը այլեւս անկարելի պիտի դառնայ, բանաձեւը պիտի քննարկուի ապրիլեան նստաշրջանին, եւ հետաքննող մարմինը պիտի ստեղծուի», նշեց Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար, ԵԽԽՎ-ի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի պատուիրակութեան անդամ Արմէն Ռուստամեան:

Վերջինս կը կարծէ, թէ ասիկա այլեւս անդառնալի գործընթաց է, ու Ակրամունթի ջանքերը այս անգամ հազիւ թէ արդիւնք տան. ԵԽԽՎ-ի հեղինակութեամբ մտահոգ պատուիրակներու թիւը մեծցած է:

«Կայ 2 գործընթաց` մէկը կը վերաբերի Ակրամունթի այցելութեան. ատիկա կրնայ անվստահութեան գործընթաց յառաջացնել Ակրամունթի վերաբերեալ: Միւսը հետաքննող մարմինի ստեղծումն է: Անոնք ուղղակիօրէն իրարու հետ կապուած չեն, բայց առնչութիւններ ունին: Անկախ մարմին ստեղծելու գործընթացը այլեւս չի կրնար անարդիւնք ըլլալ», աւելցուց Ռուստամեան:

Զեկուցումի քննարկումը ուղղակիօրէն առնչութիւն պիտի ունենայ ԵԽԽՎ-ի մէջ տարածուած «խավիարային դիւանագիտութեան». պիտի արծարծուին իտալացի Վոնոթէի, սերպ Միլիցա Մարքովիչի անունները: Այս ծիրին մէջ` հայկական պատուիրակութիւնը կարեւոր կը նկատէ  անդրադարձը այս դիւանագիտութեան իբրեւ հետեւանք ընդունուած եւ պատուիրակներու կողմէ մշակուած հակահայ բանաձեւերուն: Արմէն Ռուստամեանը կ՛ըսէ, որ պէտք է աշխատիլ զանոնք չեղեալ նկատելու ուղղութեամբ:

 

Նախորդը

Քալիֆորնիոյ Օրէյնճ Գաւառը 24 Ապրիլը Հռչակած Է Հայոց Ցեղասպանութեան Յիշատակի Օր

Յաջորդը

Շարմազանով. «ՀՀԿ-ն Եւ ՀՅԴ-ն Կը Քննարկեն Ապագայ Համագործակցութեան Հարցը»

RelatedPosts

Միացեալ Նահանգներու Մէջ`  Միջանկեալ Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Միացեալ Նահանգներու Մէջ` Միջանկեալ Ընտրութիւններ

November 4, 2026
Թրամփ. «Իրանի Հետ Համաձայնութիւն  Գոյացնելու Շատ Մեծ Հաւանականութիւն Կայ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Իրանի Հետ Համաձայնութիւն Գոյացնելու Շատ Մեծ Հաւանականութիւն Կայ»

November 4, 2026
Իրանեան Զինեալ Ուժերու  Սպայակոյտի Պետը Յայտարարեց.  «Տեւական Անվտանգութեան Հաստատման Իրանի  Ծրագիրը Լիբանանի Եւ Կազայի Մէջ  Պատերազմի Աւարտը Կը Ներառէ»
Գլխաւոր լուրեր

Իրանեան Զինեալ Ուժերու Սպայակոյտի Պետը Յայտարարեց. «Տեւական Անվտանգութեան Հաստատման Իրանի Ծրագիրը Լիբանանի Եւ Կազայի Մէջ Պատերազմի Աւարտը Կը Ներառէ»

November 4, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.