Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ճատրակ. Լիբանանի Ֆետերասիոնը Պարգեւատրեց 2016-ի Մրցանակակիրները

April 11, 2017
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

 

Յատուկ երեկոյի մը ընթացքին, որ տեղի ունեցաւ Քոմոտոր պանդոկին մէջ (Համրա), Լիբանանի ճատրակի ֆետերասիոնը պարգեւատրեց 2016-ի բոլոր մրցանակակիրները, ինչպէս նաեւ յանձնեց տարբեր յուշանուէրներ:

Աւօ Թիւթիւնճեան

Երեկոյին ներկայ էին Լիբանանի ճատրակի ֆետերասիոնին նախագահը Իզզաթ Քրայթեմ, ֆետերասիոնին փոխնախագահ, ՀՄԸՄ-ի ներկայացուցիչ եւ ճատրակի յանձնախումբի ատենապետ Աւօ Թիւթիւնճեան, ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան անդամ եւ ճատրակի յանձնախումբի պատասխանատու Վարուժ Պապիկեան, ֆետերասիոնի անդամները, ՀՄԸՄ-ի խումբին մարզիկները, «Ազդակ»-ի մարզական էջի ներկայացուցիչը, յատուկ հրաւիրեալներ եւ մարզական լրագրողներ:

Նախքան երեկոյի պաշտօնական բաժինը, փորձառու ճատրակ խաղացող Ֆետի Իտ, որ նաեւ ՀՄԸՄ-ի տղոց խումբին մարզիչն է, միեւնոյն ժամանակ մրցեցաւ վեց ճատրակ խաղացողներու դէմ եւ իր այդ վեց ճակատումներն ալ յաղթանակով աւարտեց:

Մրցանակաբաշխութիւնը յատկանշական է անով, որ ՀՄԸՄ ստացաւ ամէնէն մեծաթիւ մրցանակները:

Առաջին հերթին ՀՄԸՄ ստացաւ իր բաժակը, զոր շահած էր Լիբանանի 2016-ի Ա. դասակարգի խմբային ախոյեանութեան ընթացքին, երբ գրաւած էր երկրորդ պատուաբեր դիրքը:

Ապա յատուկ յուշանուէր մը յանձնուեցաւ ՀՄԸՄ-ին, որ հիւրընկալած էր 2016-ի Լիբանանի դպրոցական տարիքային ախոյեանութիւնը, Մ. եւ Հայկ Արսլանեան Ճեմարանին մէջ:

Իր կարգին, յատուկ յուշանուէր մը ստացաւ ՀՄԸՄ-ի մարզիչ Ֆետի Իտ` ճատրակի մարզին մէջ իր ունեցած մեծ եւ կարեւոր ներդրումին համար:

Վերջապէս, մրցանակ ստացաւ նաեւ միջազգային փորձառու իրաւարար, ֆետերասիոնին բոլոր ախոյեանութիւններուն ու տարբեր տեսակի մրցաշարքերուն մի՛շտ ներկայ գտնուած, ՀՄԸՄ-ի կողքին գտնուող եւ անոր գործունէութեան զօրակցող, ՀՄԸՄ-ի ճատրակի յանձնախումբի անդամ` Էլի Հուլիշեան:

Այս երեկոյին ֆետերասիոնը ներկայացաւ նոր գաղափարով եւ յայտնեց, որ իւրաքանչիւր տարի Լիբանանի ախոյեան հանդիսացողը պիտի ստանայ յատուկ գլխարկ մը, որուն վրայ գրուած պիտի ըլլայ այդ տարի ախոյեան հանդիսացողին անունը:

Առաջին գլխարկը տրուեցաւ 2016-ի Լիբանանի ախոյեան հանդիսացած Ֆայսալ Խէյրալլային:

Ապա ներկաները ջերմ մթնոլորտի մէջ շարունակեցին իրենց ընթրիքն ու մտերմիկ զրոյցը` շնորհաւորելով զիրար եւ միեւնոյն ժամանակ ալ իրարու փոխադարձ յաջողութիւն մաղթելով` յառաջիկային տեղի ունենալիք ախոյեանութիւններուն եւ մրցաշարքերուն:

 

Նախորդը

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Այսօր` Պիպլոս – ՀՄԸՄ

Յաջորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

RelatedPosts

Գ. Դասակարգի Վիճակաձգութիւններէն Ետք.  ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Ա. Խմբակին Մաս Պիտի Կազմէ,  Իսկ ՀՄԸՄ Պէյրութ` Բ. Խմբակին
Մարզական

Գ. Դասակարգի Վիճակաձգութիւններէն Ետք. ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Ա. Խմբակին Մաս Պիտի Կազմէ, Իսկ ՀՄԸՄ Պէյրութ` Բ. Խմբակին

October 28, 2026
Վարդան Մինասեան  Պիտի Գլխաւորէ Նըժմէն
Մարզական

Վարդան Մինասեան Պիտի Գլխաւորէ Նըժմէն

October 28, 2026
Ըմբշամարտ.  Ասլանեան Աշխարհի Ախոյեան` Ազրպէյճանի Մրցակիցին Յաղթելէ Ետք
Մարզական

Ըմբշամարտ. Ասլանեան Աշխարհի Ախոյեան` Ազրպէյճանի Մրցակիցին Յաղթելէ Ետք

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.