Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Իւրաքանչիւր Սփիւռքահայ Կը Գիտակցի, Որ Հայաստանը Ամէն Բանէ Վեր Է

April 8, 2017
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՆԱՐԻՆԷ ՏՈՒՄԱՆԵԱՆ

Յարգարժա՛ն պրն. Կարապետեան,

Երբ առաջին անգամ Հայաստանի նախագահը ձեզ ներկայացուց իբրեւ Հայաստանի վարչապետ, շատերու նման ես ալ լեցուեցայ դրական տպաւորութիւններով: Հետեւելով կառավարութեան նիստերուն ու նախարարները «զօրաշարժ»-ի ենթարկելու ձեր կամքին` յոյսով էի, որ կամաց-կամաց ամէն ինչ պիտի գտնէ իր ճիշդ տեղը: Բնականաբար, ամենեւին չեմ մտածած, որ մօտ ապագային, առաւօտ մը պիտի արթննանք ու մենք մեզ տեսնենք մեր երազած հայրենիքին մէջ: Ի վերջոյ, դուք կախարդական փայտիկով չեկաք, որ կարճ ժամանակի մը մէջ կարենայիք մեր երազանքը իրականութեան վերածել: Չէ՞ որ երկար տարիներ մեր երկիրը մեծ քայլերով ետ գացած էր…այո՛, ետ գացած էր, որովհետեւ երկիրը միայն Երեւանը չէ՛, ու Երեւանի մէջ «շքեղ» շէնքերն ու լոյսերը չտեսի նման աւելցնելով չէ՛, որ երկիրը յառաջ կ՛երթայ:

***

Տարիներ առաջ, առանց ոեւէ մէկուն հրաւէրին, երբ երկու այլ ընկերուհիներու հետ որոշեցի Հայաստան տեղափոխուիլ, այստեղ հարազատներ չունէի, իսկ անկախութեան տասնամեակը նոր նշած մեր երկրէն ո՛չ մէկ ակնկալութիւն ունէի: Պարզապէս համոզուած էի, որ ճիշդ է առած քայլս, ու դժուարութիւնները պիտի չհիասթափեցնեն զիս:

Եւ… այո՛, ճի՛շդ էր առած քայլս: Հիմա այստեղ շատ հարազատներ ունիմ եւ` բարեւս ժպիտով փոխադարձող շատ ծանօթներ: Դժուարութիւններ բնականաբար շա՛տ կան, բայց ո՞ւր չկան արդեօք: Հիասթափութիւն չեմ ապրած բնա՛ւ, թէեւ պատահած են դէպքեր, երբ դիմացիններս յիշեցուցած են ինծի, որ այդ մէկէն կ՛արժէր հիասթափուիլ: Չեմ հիասթափուած, որովհետեւ այս երկիրը նաեւ ի՛մ Երկիրն է, ի՛մ Տունը, ու չկայ մէկը, որ կրնայ ձգել ու հեռանալ իր տունէն, երբ ընտանիքը խնդիրներ ունի: Չե՛մ հիասթափուած, որովհետեւ սփիւռքի մէջ ծնած եւ ապրած ըլլալով` հաւանաբար քիչ մը աւելի հայ ու հայասէր մեծցած եմ: Չե՛մ հիասթափուած, որովհետեւ մտածած եմ, որ հիասթափութիւնը ամէն առաւօտ արթննալ ու Արարատը չտեսնելն է: Չե՛մ հիասթափուած, որովհետեւ նկատած եմ առաջին անգամ Հայաստան այցելած` 70-ը անց հայրիկիս թաց աչքերը, որոնք Հանրապետութեան հրապարակին վրայ պարզուած եռագոյնը տեսնելով` մտածած էին. «Երբե՛ք չէի պատկերացներ իրականացած տեսնել երկար տարիներու երազանքս»…

Յարգարժա՛ն վարչապետ,

Խորապէս համոզուած եմ, որ սփիւռքահայը (որպէսզի չընդհանրացնեմ, երեւի ըսեմ` բազմաթիւ սփիւռքահայեր) հրաւէրի ու կոչերու չի սպասեր` հայրենիք տեղափոխուելու կամ հայրենիքին օգնութեան ձեռք երկարելու համար: Կը հաւատամ, որ իւրաքանչիւր սփիւռքահայ վաղն իսկ Հայաստան կը տեղափոխուի, եթէ վստահ ըլլայ, որ այստեղ գալով` պիտի կարենայ գոնէ օրուան հաց ապահովել իր ընտանիքին համար. եթէ վստահ ըլլայ, որ իր գիտելիքներով կամ կարողութիւններով հայրենակիցներո՛ւն ալ աշխատելու հնարաւորութիւն պիտի ստեղծէ, այլ ոչ թէ բեռ դառնայ ուրիշներուն. եթէ վստահ ըլլայ, որ հայրենիքի մէջ ոչ թէ խոչընդոտներ պիտի ստեղծուին իր դիմաց, այլ` միասնութեան ձեռքեր, որպէսզի յաջողցնեն երկիրը առաջ տանելու բոլորին երազանքը:

Մինչ սփիւռքահայը տուն կանչելը, միթէ հնարաւոր չէ՞ տեղական ուժերով առաջին քայլերը առնել: Միթէ այդքան անհասանելի՞ են տեղական ուղեղներն ու իրենց «լիքը գրպաններով» հպարտացող մեր հայրենակիցները: Ինչո՞ւ այսքան լքուած վիճակի մէջ են մեր սահմանամերձ գիւղերը: Միթէ աւելի դիւրին չէ՞ Երեւանի մէջ նոր ստեղծուող գործարանները գիւղերու մէջ ստեղծելը, որպէսզի գիւղացի երիտասարդը չմտածէ արտագաղթելու կամ նոյնիսկ Երեւան տեղափոխուելու մասին: Ես քաղաքական գործիչ չեմ, ո՛չ ալ ճարտարապետ կամ գործարար, որպէսզի կարենամ ճշգրիտ առաջարկներ ներկայացնել կամ քայլեր առնել, բայց իբրեւ հայ եւ հայրենիքի ու ժողովուրդի ցաւով տառապող քաղաքացի` չեմ կրնար չմտածել անօթի փորով արեւի բացուելուն սպասող փոքրիկներուն մասին, չեմ կրնար չմտածել նաեւ, թէ մեր ղեկավարութիւնը ինչպէ՛ս կրնայ գլուխը հանգիստ դնել բարձին, երբ այսքա՛ն ցաւ ու այսքա՛ն դժուարութիւն կ՛ապրի իր ժողովուրդը, երբ դժուարութեան դիմաց կանգնած իւրաքանչիւր ընտանիքի հայր իր փրկութեան ելքը միայն արտագաղթին մէջ կը տեսնէ ու առանց մտածելու, թէ ո՛ւր կ՛երթայ, կ՛ըսէ` «ո՛ւր ալ երթամ, ասկէ աւելի լաւ կ՛ապրիմ հաստատ»:

Հայաստան տեղափոխուող սփիւռքահայը ի՞նչ պիտի կարենայ ընել նման որոշում կայացնող մեր հայրենակիցներուն համար: Արդեօք պիտի գտնուի՞ ընտանիք մը, որ սփիւռքահայուն ներգաղթէն քաջալերուած` ետ կանգնի արտագաղթելու իր որոշումէն: Դժուա՛ր թէ: Անոնցմէ ոմանք նոյնիսկ համարձակութիւնը պիտի ունենան ըսելու` «Եկէ՛ք, քիչ մըն ալ դուք վայելեցէք այս երկրին «բարիքները»… Արարատով մենք շատ կշտացանք, դո՛ւք ալ կշտացուցէք ձեր փորերը»…

Անկախ ամէն ինչէ, յարգելի՛ վարչապետ, օտար ափերու վրայ ապրող իւրաքանչիւր սփիւռքահայ, կամայ թէ ակամայ, հաստատ մտածած է ու կը մտածէ Տուն դառնալու մասին, հաստատ հպա՛րտ է իր հայ ըլլալուն համար եւ կը գիտակցի, որ Հայաստանը վե՛ր է ամէն ինչէ…

 

 

 

Նախորդը

Արցախի Մարդկային Իրաւանց Պաշտպանը «Ճոնզ Հոփքինզ»-ի Մէջ Ներկայացուց Իրաւանց Ոտնակոխումները

Յաջորդը

«Ազատ Օր»-ի Հարցազրոյցը Կարէն Միրզոյեանի Հետ

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Խորհրդարանական Հարցապնդում Եւ Խաղաղութեան Խոստում

September 16, 2026
Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը.  Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով
Անդրադարձ

Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը. Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով

September 16, 2026
Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ
Անդրադարձ

Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.