Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ըստ «Պլումպըրկ»-ի. Իրանցի Ազդեցիկ Կրօնաւորը Նախագահական Մրցապայքարի Մէջ Պիտի Մտնէ Ռուհանիի Հետ

April 7, 2017
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իրանի մէջ յայտնի եւ ազդեցիկ պահպանողական հոգեւորական Իպրահիմ Ռայիզի պիտի մասնակցի յառաջիկայ ամիս Իրանի մէջ տեղի ունենալիք նախագահական ընտրութեան: Նախագահութեան միւս երկու թեկնածուները դուրս մնացած են ընտրապայքարէն:

«Պլումպըրկ» կը գրէ, որ այս իրողութիւնը կրնայ միաւորել պահպանողականներու ձայները եւ մարտահրաւէր ուղղել գործող նախագահ Հասան Ռուհանիին:

«Թասնիմ» լրատու գործակալութեան համաձայն, Ռայիզի իր թեկնածութիւնը առաջադրելու մասին յայտարարած է երէկ: Մէկ օր առաջ միւս երկու պահպանողական թեկնածուները` նախկին նախագահ Մահմուտ Ահմատինեժատ եւ Թեհրանի քաղաքապետ Մոհամետ Պաղեր Ղալիպաֆ հրաժարած են ընտրութիւններուն մասնակցութենէն:

«Պլումպըրկ» կը գրէ, որ այլ ուժեղ թեկնածուի մը յայտնուիլը կրնայ նուազեցնել Ռուհանիի վերընտրուելու կարելիութիւնը: Չափաւորական հայեացքներու տէր Ռուհանին համոզիչ յաղթանակ տարած էր 2013-ի նախագահական ընտրութեան ընթացքին` հինգ պահպանողական մրցակիցներու գոյութեան լոյսին տակ:

56-ամեայ Ռայիզի շարք մը բարձրաստիճան պաշտօններ վարած է: Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետ Ալի Խամենէին անցեալ տարի զինք նշանակած էր երկրի ամէնէն հարուստ բարեգործական հաստատութեան կառավարիչ, պաշտօն մը, որ նաեւ զայն երկրի սրբավայրերու պատասխանատուն կը դարձնէ:

Կը հաղորդուի, որ Ռայիզի հեռացած է Իրանի նախագահական ընտրութիւններու դիտորդական խորհուրդի անդամի պաշտօնէն:

Իրանի մէջ նախագահական ընտրութիւնները տեղի պիտի ունենան 19 մայիսին:

 

Նախորդը

Բրիտանիոյ Դեսպանը Անթիլիասի Մէջ

Յաջորդը

Եւրոպական Խորհրդարանը Վաւերացուց Ուքրանիոյ Քաղաքացիներուն Համար Մուտքի Արտօնագիրներու Դրութեան Ջնջումը

RelatedPosts

Օսլոյի Ժողովէն Ետք.  Ս. Փեթերսպուրկի Մէջ  Ուիթքոֆ-Փութին Հանդիպում
Գլխաւոր լուրեր

Օսլոյի Ժողովէն Ետք. Ս. Փեթերսպուրկի Մէջ Ուիթքոֆ-Փութին Հանդիպում

October 22, 2026
«Ամերիկեան Միջանկեալ Ընտրութիւններէն  Առաջ Իրանի Վրայ Որեւէ Յարձակում  Պիտի Չշղթայազերծէ»  Կ՛ըսէ Սպիտակ Տան Բանբերի Տեղակալը
Միջազգային

«Ամերիկեան Միջանկեալ Ընտրութիւններէն Առաջ Իրանի Վրայ Որեւէ Յարձակում Պիտի Չշղթայազերծէ» Կ՛ըսէ Սպիտակ Տան Բանբերի Տեղակալը

October 22, 2026
Մոսկուա Կը Պնդէ` Ռուսիան Է  Հայաստանի Անկախութեան Երաշխաւորը
Միջազգային

Քրեմլին Կը Խօսի Չինաստանի Մէջ Փութինի, Շիի Եւ Թրամփի Միջեւ Ժողովի Գումարման Պատրաստութիւններու Մասին

October 22, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.