Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«ԱԶԱՏ ՕՐ»Ի ՀԱՐՑԱԶՐՈՅՑԸ ՀՕՄ-Ի ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ԱՏԵՆԱՊԵՏ ՎԻՔԻ ՄԱՐԱՇԼԵԱՆԻ ՀԵՏ

October 17, 2011
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՕՄ-ի 70-րդ Համահայկական ժողովի կազմակերպման առիթով,  «Ազատ Օր»ի խմբագրութիւնը առիթը ունեցաւ տեսակցութիւն մը ունենալու Կեդրոնական վարչութեան ատենապետուհի Վիքի Մարաշլեանի հետ: Զրոյցին հիմնական կէտերը կը հրատարակենք ստորեւ.

«ԱԶԱՏ ՕՐ».- Երեք տարի առաջ կեանքի կոչուած Կեդրոնական վարչութեան ձեր կազմը իր ընտրութեան օրէն ի վեր սեղանի վրայ ունէր ՀՕՄ-ի 100-ամեակին առնչուած ծրագիրները, շարունակելով նաեւ ամբողջ գործունէութիւնը: Ի՞նչ էր ձեր փորձառութիւնը այս ընթացքէն:

ՎԻՔԻ ՄԱՐԱՇԼԵԱՆ.- ՀՕՄ-ի 70-րդ Համահայկական ժողովը անկիւնադարձ մըն է մեր միութեան համար: Արդէն բոլորած ենք 100 տարուան գործունէութիւն, ունինք գիտակցութիւնը մեր միութեան իրագործած բազմակողմանի ու բազմերանգ աշխատանքներու կարեւորութեան, իսկ ապագայ թիրախները ճշդելու հանգրուանին  կը գտնուինք: Շատ կարեւոր է, որ միայն անմիջական ապագայի համար թիրախներ չճշդենք մեր միութեան համար, այլ երկարաշունչ ծրագիրներ մշակենք` որպէս միջազգային կազմակերպութիւն:

«Ա. Օ.».- Հսկայ տիտան ՀՕՄ-ի աշխարհատարած միութիւնը ո՞ր հանգրուանին կը գտնուի ներկայ պահուս: Իսկ ձեր փորձառութեան հիմամբ, դէպի ո՞ւր պէտք է ըլլայ ապագայի ուղղութիւնը:

Վ. Մ.- ՀՕՄ-ի աշխատանքը, այսօր, սփիւռքեան գաղութներու ազգային-միութենական կառոյցներու ընդհանուր գործունէութեան սահմաններէն անդին անցած է եւ հասած է նոր մակարդակի մը: Անշուշտ միջազգային մեր կառոյցը կատարելապէս կը գործէ 27 երկիրներու մէջ, ուր ունինք 29 միաւորներ: Մեր մնայուն ծրագիրները ունինք, որոնք պիտի շարունակենք Հայաստանի, Արցախի, Ջաւախքի եւ սփիւռքի մէջ:

Յաջորդ հանգրուանին պէտք է աւելի հետամուտ ըլլանք կիներու առողջապահութեան եւ իրաւունքներու պաշտպանութեան հարցերով:

«Ա. Օ.».- ՄԱԿ-ի մէջ ՀՕՄ-ի ներկայութիւնն ու մասնակցութիւնը ինչպիսի՞ օգտակարութիւն ունին այս ծրագիրներու կապակցութեամբ:

Վ. Մ.- Յառաջիկայ տարիներուն մէջ մեր աշխատանքը պէտք է ընդլայնի օտար կազմակերպութիւններուն մօտ: Ինչպէս ըսինք, ՄԱԿ-ի ոչ կառավարական կազմակերպութիւններու մէջ արդէն շատոնց աշխուժացած ենք, իսկ համագործակցաբար կը մշակենք ու կ՛իրագործենք ծրագիրները: Նոյնը պէտք է ըլլայ այլ օտար կազմակերպութիւններու հետ եւս:

Այլեւս կը խօսինք ՄԱԿ-ի կամ ԵՈՒՆԻՍԵՖ-ի օրինակով միջազգային համբաւ ու կշիռ ունեցող կազմակերպութիւններուն մէջ աշխատանքներու մասին: Այսպիսի բարձր մակարդակի յարաբերական աշխատանքը դրական իր օգտակարութիւնը կ՛ունենայ մեր միութեան եւ ընդհանրապէս հայութեան համար: Այս կառոյցներու ճամբով ՀՕՄ-ը իր աշխատանքի ծիրը ընդլայնած է` մասնակից դառնալով համաշխարհային տարողութեամբ ընկերային, բարեսիրական եւ մարդկային իրաւանց յարգումի ու պաշտպանութեան բազմազան աշխատանքներու:

ՀՕՄ-ը վերջապէս դարձած է միջազգային ճանաչում ստացած կազմակերպութիւն մը: Եւ երբ միջազգային ճանաչում ունիս, տարբեր երկիրներու մէջ աշխատանքդ աւելի դիւրին եւ մատչելի կը դառնայ, իսկ պետական շրջանակներու եւ տեղական կառոյցներու հետ շփման հնարաւորութիւններդ կ՛ընդլայնուին:

ՀՕՄ-ը ասկէ առաջ, տարիներու ընթացքին, կարծես առանձնացած էր որպէս հայկական կազմակերպութիւն, մենք մեր մէջ մնացած ենք եւ պէտք է այդ ծիրէն դուրս գանք:

«Ա. Օ.».- Ինչպէ՞ս կը կարծէք, որ կրնանք ընդլայնել այս աշխատանքը:

Վ. Մ.- Ինչպէս որ ըսի, մենք ՄԱԿ-ի մէջ պաշտօնեայ մը ունինք, որ շատ աշխուժ ձեւով գործունէութիւն կը տանի: ՄԱԿ-ի յանձնախումբ ունինք, որ շատ գիտակից ընկերուհիներէ կազմուած է, որոնք ուսումնասիրեցին ՄԱԿ-ի աշխատանքի գործելաձեւը, ինչպէս նաեւ` թէ ինչպիսի՛ ձեւով մենք կրնանք համագործակցութիւններ կնքել կամ ծրագիրներու մասնակցիլ:

Ճանչցուած ու հաստատուած կազմակերպութիւն մը ըլլալը եւ մեր նպատակներուն բացայայտ օգտակարութիւնը, բնականաբար, կարեւորութիւն կը ստանայ նաեւ տուեալ շրջանակներուն մէջ:

Եւրոպայի մէջ եւս նմանօրինակ աշխատանք կը տարուի: ՄԱԿ-ի մէջ Հայաստան-Եւրոպա-Ամերիկա օղակը միասնաբար կ՛աշխատի:

Բաւական գործ ունինք ընելիք: Մենք պէտք է պատրաստ ըլլանք նոր մտածելակերպ բերելու մեր գործունէութեան մէջ, արդիականանալու ու յարմարելու ժամանակներուն: Երիտասարդ  ուժերու պէտք ունինք, մեր փորձառու ընկերուհիներուն կողքին, որոնք միասնաբար յառաջ պիտի տանին եւ պիտի արդիականացնեն մեր միութիւնը:

«Ա. Օ.».- Հսկայական գործունէութիւն ծաւալած էք սփիւռքի եւ Հայաստանի մէջ: Ինչպէ՞ս կարելի է մատակարարել այսպիսի լայնածաւալ ու բազմերես գործունէութիւն:

Վ. Մ.- Մեր ընկերուհիներու նուիրումի ոգին է, որ հսկայական է: Այդ է, որ մեր միութեան ուժին կը վերածուի, որ կը հասնի` ո՛ւր որ պէտք է: ՀՕՄ-ը մնայուն ծրագիրներ ունի` կրթական, խնամատարական, դաստիարակչական, բարեսիրական, ամառնային արձակուրդի, որբախնամ, առողջապահական ծրագիրներ եւ այլն:

Ես շատ ուրախ եմ, որ կը ներկայացնեմ այս կազմակերպութիւնը եւ շատ հպարտ եմ ՀՕՄ-ի բոլոր շրջաններուն կատարած գործունէութեամբ: Ամէն տեղ մեր ՀՕՄ-ուհիները անսակարկօրէն կը նուիրուին մեր միութեան աշխատանքները յաջողապէս կատարելու համար:

Իսկ իւրաքանչիւր անդամուհիի անձը, փորձառութիւնը, կեանքի կամ մասնագիտութեան ընդմէջէն, էութեան մէջ մեր հիմնական դրամագլուխն է: Շատ գիտակից ընկերուհիներ ունինք, որոնք պետական մակարդակով նոյնիսկ կրնան պարտականութիւններ ստանձնել եւ ներգործօն քաղաքական դերակատարութիւն ունենալ կիներու հարցերու դիմագրաւման մէջ:

«Ա. Օ.».- Հազիւ քանի մը օր առաջ, Երեւանի մէջ ՀՕՄ-ի արձանի պաշտօնական բացման արարողութեամբ, փաստօրէն ամբողջացաւ 100-ամեակի ծրագիրներու շարքը:

Վ. Մ.- Յուշարձանի զետեղման հարցը   նախորդ Կեդրոնական վարչութեան կազմէն յառաջ եկած որոշում մըն էր: 100-ամեակի բոլոր ծրագիրներուն մաս կը կազմէր հայրենիքի հողին վրայ ՀՕՄ-ի նուիրուած յուշարձան մը ունենալու գաղափարը: Ուրախ եմ, որ յաջող իր աւարտին հասաւ այս ծրագիրը, ուր մէկ տարուան ուշացում ունեցանք: Անցեալ տարուան հոկտեմբերին պէտք էր զետեղուած ըլլար յուշարձանը, երբ հայրենիքի մէջ կատարեցինք ՀՕՄ-ի 100-ամեակի նշումները: Բայց քաղաքապետարանի եւ այլ հարցերու պատճառով ուշացաւ զետեղումը: Վերջապէս իրագործուեցաւ: Ներկայ գտնուեցան պետական անձնաւորութիւններ, ՀՅԴ Բիւրոյի ընկերներ. շատ յաջող արարողութիւն մըն էր: Կոմիտասի զբօսայգիի մուտքին զետեղուեցաւ յուշարձանը. այն կը մարմնաւորէ հայ կինը, որ իր պարզուած բազուկներուն վրայ կռունկներ վերցուցած է` որպէս մեր ժողովուրդի հոգերը վերցնող, հայրենիքին եւ աշխարհացրիւ հայ ժողովուրդին ծառայելու մշտական խորհրդանիշ:

«Ա. Օ.».- ՀՕՄ-ի կազմակերպական վիճակը ի՞նչ պատկեր կը ներկայացնէ:

Վ. Մ.- Կազմակերպական հարցեր ունինք, յատկապէս այն շրջաններուն մէջ, ուր գաղութային հարցեր ալ կը դիմագրաւուին: Նաեւ 27 երկիրներու մէջ գործող  հսկայական մեր միութիւնը երբեմն արագութեան կամ հաղորդակցութեան հարցերու դէմ  յանդիման կը գտնուի: Այս 70-րդ Համահայկական ժողովը, իր օրակարգերու շարքին, պիտի զբաղի կազմակերպական հարցերու քննարկումով: Կարեւոր է, որ միութիւնը  պահպանէ եւ անշուշտ կատարելագործէ սեղմ կազմակերպական վիճակ:

Ինչ կը վերաբերի աւելի երիտասարդ ընկերուհիներ ունենալու հարցին, կան դժուարութիւններ: Բայց ըսեմ, որ 100-ամեակին առիթով կատարուած զօրաւոր քարոզչութիւնը հոս եւս իր արդիւնքը ունեցաւ եւ բաւական մեծ թիւ մը ներգրաւուեցաւ մեր միութեան շարքերէն ներս: Սուրիոյ մէջ գրեթէ 100 երիտասարդ ուժեր եկան եւ միացան մեզի, Արեւմտեան Ամերիկայի մէջ նոյնպէս մեծ թիւ մը անդամագրուեցաւ: Շատ անգամ խօսած ենք աւելի երիտասարդ տարիքներ ներգրաւելու մասին, նկատի առնելով, որ երիտասարդներու ժամանակը միշտ աւելի սահմանափակ է. այսպէս, յանձնարարելի է, որ յանձնախումբերու մէջ գործեն երիտասարդները` ըստ իրենց մասնագիտութեան եւ ըստ իրենց հետաքրքրութեան:

«Ա. Օ.».- Նոր շրջաններ աւելցա՞ն:

Վ. Մ.- Այո: Ուրախ եմ յայտարարելու, որ վերջին երեք տարիներուն ընթացքին նոր միաւոր մը ստեղծեցինք Տուպայի, ինչպէս եւ Վասթերոսի (Շուէտի) մէջ: Ռուսիոյ մէջ միաւոր մը ունեցած ենք, բայց բաւական աշխատանք պէտք է տարուի, որպէսզի աշխուժանայ եւ ընդարձակուի տուեալ մասնաճիւղի թէ՛ կազմը, թէ՛ գործունէութիւնը, մանաւանդ որ մեծ թիւով հայութիւն կայ (2 միլիոն Ռուսիոյ մէջ, գրեթէ 1 միլիոն` Մոսկուա):

Արցախի եւ Ջաւախքի մէջ նաեւ կը գործեն մասնաճիւղերը: Ջաւախքի միաւորը շատ դժուար վիճակ կը դիմագրաւէ: Վրաստանի իշխանութիւնները լուրջ նեղութիւն կը պատճառեն: Իրական հալածանք է. վերջերս ատենապետուհի ընկերուհին գործէ արձակուեցաւ առանց պատճառաբանութեան: Նոյնպէս` այլ վարչական ընկերուհի մը: Երկու ամիս առաջ առիթը ունեցայ Ջաւախք այցելելու եւ տեսայ, որ նոյնիսկ մեր Ընդհանուր ժողովին չկարողացան մասնակցիլ շատ մը ընկերուհիներ, վախի պատճառով. իսկ ժողովը փակուած դուռ-պատուհանով կատարեցինք, դժուար պայմաններու տակ: Բայց ըսեմ, որ մեր ընկերուհիները շատ զօրաւոր կամք ունին, ՀՕՄ-ական ոգիով կ՛աշխատին եւ չեն ընկճուիր հալածանքի մթնոլորտէն:

Մենք կը շարունակենք Ջաւախքի մէջ մեր ծրագիրները: Հաւաքական մկրտութիւն կ՛ընենք, շարադրութեան եւ հայոց պատմութեան մրցոյթներ կը   կազմակերպենք, երիտասարդական կեդրոնները կը գործեն: Բազմաթիւ բուժկէտեր, բժշկական նոր սարքաւորումներ տրամադրուած են, վերանորոգուած են դպրոցներ:

«Ա. Օ.».- Ի՞նչ է ձեր մաղթանքը ժողովին առիթով:

Վ. Մ.- Առիթը, որ ունեցանք կազմակերպելու եւ իրագործելու, վայելելո՛ւ ըսեմ` աւելի լաւ, ՀՕՄ-ի 100-ամեակի ամբողջ ծրագիրը, մեծ փորձառութիւն եւ մեծ ուրախութիւն էր մեզի համար: Մեր միութիւնը զօրացած կը մտնէ նոր դարաշրջան: Ընկերուհիներ ունինք, որոնք երկար տարիներ կը ծառայեն միութեան, միշտ նոյն նուիրումով ու անձնազոհ ոգիով:

ՀՕՄ-ը վայելած է գուրգուրանքն ու առատաձեռն մատուցումը մեր ժողովուրդին: Ինքն ալ իր կարգին միշտ փոխադարձած է հայ կարիքաւոր անհատներուն թէ կազմակերպութիւններուն:

ՀՕՄ-ը գործած է զգացական մօտեցումով: Հո՛ն, ուր կարիքը զգացուած է (երկրաշարժ, Արցախի պատերազմ, հայապահպանում, դպրոցներ եւ այլն): Յաջորդ 100-ամեակին համար պէտք է գործել աւելի քաղաքական, աւելի ընկերային ծրագիրներու ընդմէջէն: Ներկայիս անհրաժեշտ է թափ տալ ու յաւելեալ ճիգ գործադրել, որպէսզի ապահովուին ՀՕՄ-ի յառաջընթացն ու զարգացումը` սփիւռքեան գաղութներու եւ Հայաստանի ընկերութեան զարգացման ի խնդիր:

Ես կը հաւատամ, որ նոր սերունդ մը պատրաստելու պարտականութիւնն ալ ունինք մեր ուսերուն վրայ: Լեզուի, մտածելակերպի, նոր ու արդիական ընկերութեան մը հիմքը դնող գիտակից ու աշխուժ նոր սերունդի մը:

Նախորդը

ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ ԳԵՂԱՐՈՒԵՍՏԻ ԴՊՐՈՑՆԵՐՈՒ ՎԵՐԱՄՈՒՏ

Յաջորդը

ԷՎԸՆԶԻՆ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆ ԲԱՌԻ ՀԱՄԱՐ ՅԵՏ ԿԱՆՉԵՑԻՆ. ԱԶՆԱՒՈՒՐԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿՈՒՄ Է ՄՆԱԼ ԴԵՍՊԱՆ

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.