Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ ՄԻԱԲԱՆՈՒԹԵԱՆ 200-ԱՄԵԱՅ ՅՈԲԵԼԵԱՆԻ ՏՕՆԱԿԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆ ՎԻԵՆՆԱՅԻ ՄԷՋ

October 17, 2011
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մխիթարեան միաբանութեան Վիեննա հաստատուելու 200-ամեայ յոբելեանի գլխաւոր տօնակատարութիւնները տեղի ունեցան սեպտեմբեր 10-ին, շաբաթ, ակադեմական հանդէսով, եւ սեպտեմբեր 11-ին, կիրակի,  հանդիսական սուրբ պատարագով, վանքի վերանորոգուած եկեղեցւոյ մէջ, հովանաւորութեամբ Վիեննայի արքեպիսկոպոս կարտինալ Քրիստոֆ Շէօնպոռնի:

Ակադեմական հանդէսը, որ նոյնպէս եկեղեցւոյ մէջ կատարուեցաւ, ունէր խիտ բովանդակութիւն` վեց բանախօսութիւններով եւ մէջընդմէջ երգերով: Մուտքը  հրաւիրատոմսով էր` բոլորին նստելու տեղ ապահովելու համար: Եկեղեցին ծայրէ ծայր լեցուած էր: Ներկայ էին Աւստրիոյ պապական նուիրակ Փեթեր արք. Ցուրպրիկկըն, տեղական բարձրաստիճան եկեղեցականներ` եպիսկոպոսներ  եւ աբբահայրներ, Հայ առաքելական եկեղեցւոյ նախկին հայրապետական պատուիրակ Մեսրոպ արք. Գրիգորեան եւ անոր  նորընտիր յաջորդը` Հայկազուն ծ. վրդ. Նաճարեան, Վիեննայի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան լիազօր դեսպան Աշոտ Յովակիմեան, Հայաստանի, Վրաստանի եւ Ազրպէյճանի համար Աւստրիոյ դեսպան Միխայէլ Փոսթըլ, Աւստրիոյ մշակոյթի նախարարութեան եւ Վիեննայի մշակութային պետական բաժանմունքի ներկայացուցիչներ, հայ եւ աւստրիացի բարեկամներ: Վենետիկէն եկած էր միաբանութեան ընդհանուր աբբահայրը` հ. Եղիա Քիլաղպեան, վարդապետներով ու ժառանգաւորներով:

Հանդէսը սկսաւ կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին: Հանդիսավարը` Հարալտ Շիրիքճեան, հիւրերը ողջունելէ ետք, կարդաց օրհնութեան գիրերը` Վատիկանէն, Արեւելեան եկեղեցիներու միաբանութեան կարտինալ Լէոնարտօ Սանտրիի, Անթիլիասէն, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Արամ Ա.ի եւ Պէյրութէն հայ կաթողիկէ կաթողիկոս-պատրիարք Ներսէս Պետրոս ԺԹ.ի կողմէ:

Այնուհետեւ բեմ հրաւիրուեցաւ առաջին բանախօսը` Վիեննայի աբբահայրը` հ. Պօղոս Գոճանեան, որ ամփոփ ներկայացուց Մխիթարեան միաբանութեան եւ յատկապէս Վիեննայի մասնաճիւղին 200-ամեայ մշակութային գործունէութիւնը` կրթական, գրական, հայագիտական մարզերու մէջ:

Բանախօսութենէն ետք Նինա Սարգսեան իր նուրբ եւ անուշ ձայնով երգեց Եկմալեան պատարագի «Սուրբ սուրբ»ը: Այս եւ բոլոր յաջորդող երգերուն երգեհոնով կ՛ընկերանար Իլոնա Փեթէօչ:

Երկրորդ բանախօսը` Պելճիքայէն, պենետիքթեան վանքի մը նախկին աբբահայր հ. Միշել վան Փարիս, խօսելով մխիթարեան գաղափարականի մասին, շեշտեց անոր մէջ կրօնի եւ մշակոյթի անբաժան կապն ու միասնութիւնը:

Այդա Բաղրամեան իր լեցուն եւ ուժեղ ձայնով երգեց «Stabat Mater»:

Երրորդ բանախօսը` հ. Մեսրոպ Թոփալեան, նիւթ առնելով Վիեննայի Մխիթարեան միաբանութեան միայն հայագիտական վաստակը, հիացումով յայտնեց իր բարձր գնահատանքը այդ վաստակին:

Նինա Սարգսեան երգեց «Տէր, կեցո՛ Դու զՀայս»:

Չորրորդ բանախօսը` դոկտ. Հելմութ Պուշհաուզըն, պիտի խօսէր Մխիթարեան վանքի ձեռագիրներու մասին, բայց այդ օր հիւանդանոց պառկած ըլլալով` հանդիսավարը կարդաց անոր  գրութեան ամփոփումը:

Այդա Բաղրամեան երգեց «Ափսոսանք»ը:

Հինգերորդ բանախօսը` դոկտ. Պարպարա Տենշեր տուաւ Մխիթարեան տպարանին պատմականը` շատ հետաքրքրական, նոյնիսկ Մխիթարեան հայրերուն անծանօթ մանրամասնութիւններով:

Նինա Սարգսեան երգեց «Կիլիկիա»ն:

Վեցերորդ բանախօսը` հ. Նարեկ Տատուրեան, պատմեց այս առիթով կատարուած վանքի եւ եկեղեցւոյ նորոգութիւններու մասին` նկարներու ցոլացումով: Վերջին երեք տարիներուն վանքի համալիրը ոչ միայն հիմնովին նորոգուեցաւ, այլ մանաւանդ յուշարձաններու պահպանութեան պետական մարմինի հսկողութեան տակ բոլորովին վերադարձաւ իր սկզբնական կառոյցին: Մանաւանդ եկեղեցին ստացաւ բացառիկ գեղեցկութիւն` անճանաչելի դառնալով:

Վերջին բանախօսութենէն ետք, պատուելու համար վանքին մասնաւոր կերպով նուիրուած երեք անձեր` դոկտ. Երուանդ Զարմանեան, դոկտ. Ժան Ժաք Շիրիքճեան եւ Անթուանեթ Ունանեան, աբբահայրը փոքր արարողութեամբ անոնց տուաւ Մխիթարեան երրորդ կարգի անդամակցութիւն:

Այդա Բաղրամեան երգեց «Կարօտ»ը կամ «Մարտիկի երգ»ը:

Ապա աբբահայր հ. Պօղոս Գոճանեան ըսաւ իր փակման խօսքը` շնորհակալութիւն յայտնելով բոլոր անոնց, որոնք իրենց ներկայութեամբ եւ մանաւանդ գործօն մասնակցութեամբ` հանդէսի յաջողութեան նպաստեցին:

Այնուհետեւ ներկաները հաւաքուեցան վանքին բակը, ուր ճոխ հիւրասիրութեամբ եւ բարձր տրամադրութեամբ տօնական մթնոլորտը վայելեցին մինչեւ ուշ երեկոյ:

Սեպտեմբեր 11-ին, կիրակի, ժամը ճիշդ 11:00-ին, սկսաւ հանդիսական սուրբ պատարագը վանքի եկեղեցւոյ մէջ: Ներկաները գրեթէ նախորդ օրուան հիւրերն էին: Պատարագեց Վիեննայի վանքին աբբահայրը` հ. Պօղոս Գոճանեան: Երգչախումբը մեծ յաջողութեամբ երգեց Եկմալեանի արական ձայնի համար պատրաստած եռաձայն պատարագը` ղեկավարութեամբ Կարինէ Ժամկոչեան-Սիմոնեանի եւ երգեհոնի ընկերակցութեամբ Իլոնա Փեթէօչի: Օրուան պատշաճ տպաւորիչ քարոզը խօսեցաւ Վիեննայի թեմի ձեռնադրիչ եպիսկոպոս Հելմութ Քրեցըլ, որ ծնած ըլլալով Մխիթարեան վանքին մօտ եւ դրոշմուած` Հապոզեան աբբահօր կողմէ, մանկութեան տարիներէն միշտ կապը պահած է  վանքին հետ: Օտար հաւատացեալներէն շատեր, որոնք առաջին անգամ ըլլալով ներկայ եղած էին հայ ծէսով պատարագի, խորապէս տպաւորուած էին հայ ծէսի գեղեցկութեամբ: Պատարագէն ետք ժողովուրդը նորէն հիւրասիրուեցաւ վանքին բակը, ուր երկար մնացին` վայելելով նաեւ սեպտեմբերի համար անսովոր գեղեցիկ օդը:

ԹՂԹԱԿՑՈՒԹԻՒՆ ՎԻԵՆՆԱՅԷՆ

Նախորդը

ԿՈՒՌՔԻ ՄԸ ՄԱՀԸ . ՍԹԻՒ ՃՈՊԶԻ ԱՍՏՈՒԱԾԱՑՈՒՄԸ

Յաջորդը

ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ ԳԵՂԱՐՈՒԵՍՏԻ ԴՊՐՈՑՆԵՐՈՒ ՎԵՐԱՄՈՒՏ

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.