Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Լեռնային Ղարաբաղի Տագնապը Զինուորական Լուծում Չունի» Կ՛ըսէ Կուրց

April 1, 2017
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահ, Աւստրիոյ արտաքին գործոց նախարար Սեպասթիան Քուրց 31 մարտին միացած է Մինսքի խմբակի համանախագահներու 29 մարտ կոչին` յորդորելով Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի կողմերուն վերսկսելու մասնակցութիւնը քաղաքական լուծման հոլովոյթին մէջ:

«Մարտերն ու բռնութիւնը, որուն ականատես եղանք մէկ տարի առաջ եւ որ վատագոյնն էր վերջին երկու տասնամեակին մէջ, պատճառ դարձաւ ոչնչացումներու, տառապանքի եւ մարդկային կորուստներու: Ատիկա վառ ապացոյցն էր անոր, թէ ինչքա՛ն արագ կրնայ պատերազմի մեքենան խաթարել խաղաղութեան ուղղուած ջանքերը: Այս կապակցութեամբ մենք կոչ կ՛ուղղենք կողմերուն հեռու մնալու որեւէ գործողութենէն, որ կրնայ վտանգի ենթարկել զինադուլը: Բոլոր կողմերը պէտք է հաւատարիմ մնան իրենց յանձնառութիւններուն` խստօրէն հետեւելով իրենց միջազգային մարդասիրական պարտաւորութիւններուն, պատերազմական յանցագործութիւնները երբեք չեն կրնար արդարացուած ըլլալ», ըսած է Քուրց:

Յիշեցնելով 2016-ի ապրիլի քառօրեայ պատերազմը` ան բանակցային հոլովոյթին մէջ թարմ խթանի յոյս յայտնած է: «Շփման գիծին վրայ բախումներն ու զինադուլի լուրջ խախտումները, որոնք կը յանգեցնեն զոհերու, նախորդ տարուան ընթացքին առանձնակի մտահոգութեան առարկայ եղած են մեզի համար: Ժամանակն է կեդրոնանալու գործնապաշտ եւ գործնական քայլերու վրայ` յանուն վստահութեան մթնոլորտի կառուցման, ինչպէս նաեւ առարկայական բանակցութիւններու վերսկսման», շեշտած է Քուրց:

Այս ծիրին մէջ Քուրց ափսոսանք յայտնած է 2016-ի ապրիլին ողբերգական դէպքերու եւ արձանագրուած կորուստներու համար` ցաւակցելով տուժած ընտանիքներուն: «Մէկ տարի առաջուան մարտերու յետցնցումները հայերու եւ ազրպէյճանցիներու համար աւելի դժուարացուցած են խաղաղութեան հաւատալը, սակայն ինչպէս ըսած եմ բազմաթիւ անգամներ` Լեռնային Ղարաբաղի տագնապը զինուորական լուծում չունի: Մենք պէտք է ծրագրենք խաղաղութիւնը հիմա եւ թոյլ չտանք, որ պատերազմը իր բոլոր սարսափելի հետեւանքներով վերադառնայ», աւելցուցած է ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահը:

Քուրց գնահատած է դեսպան Անճէյ Քասփրչիքի ու անոր խումբի աշխատանքը, որ դրսեւորուած է փետրուար 2017-ին, երբ Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէին միջոցով իրականացուեցաւ մարդասիրական գործողութիւն եւ վերադարձուեցաւ զինուորի մարմինը:

«ԵԱՀԿ-ի նախագահութիւնը պատրաստ է աջակցելու կողմերու ջանքերուն` 2016-ին Վիեննայի եւ Ս. Փեթերսպուրկի վեհաժողովներուն ձեռք բերուած համաձայնութիւններու հետագայ յառաջընթացի եւ կիրարկման համար», եզրափակած է Քուրց:

 

 

Նախորդը

Միացեալ Նահանգներու Արտաքին Գործոց Փոխնախարարը Պիտի Այցելէ Թուրքիա

Յաջորդը

Հակառակորդի Կրակոցէն Զոհուած Է Զինուոր Մը

RelatedPosts

Հանդիպում «Միասնական Ռուսիա»  Եւ «Արդար Ռուսիա» Կուսակցութիւններու  Ներկայացուցիչներուն Հետ
Գլխաւոր լուրեր

Հանդիպում «Միասնական Ռուսիա» Եւ «Արդար Ռուսիա» Կուսակցութիւններու Ներկայացուցիչներուն Հետ

November 2, 2026
Միրզոյեան Եւ Ռաժժի Քննարկած Են  Հարաւային Կովկասի Եւ Միջին Արեւելքի Մէջ  Տեղի Ունեցող Զարգացումները
Գլխաւոր լուրեր

Միրզոյեան Եւ Ռաժժի Քննարկած Են Հարաւային Կովկասի Եւ Միջին Արեւելքի Մէջ Տեղի Ունեցող Զարգացումները

November 2, 2026
Քոպախիծէ. «Վրաստանը Կ՛ողջունէ  Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի  Միջեւ Խաղաղ Հոլովոյթը»
Հայկական

Քոպախիծէ. «Վրաստանը Կ՛ողջունէ Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղ Հոլովոյթը»

November 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.