Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Երեւանեան Հանրակառքի Մը Մէջ

March 30, 2017
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՑՈՂԻԿ ԱՇԸԳԵԱՆ

Երեւանի Կոմիտաս պողոտայէն դէպի օփերա գացող հանրակառքին մէջ նստած էր Անին: Մայիսեան  իրիկնամուտ էր. գարունը դրան սեմին: Հանրակառքը այդքան լեցուն չէր ամէն անգամուան պէս,  եւ ան կրցած էր գրաւել նստարան մը: Կանգառները կը յաջորդէին իրարու արագօրէն:     «Երթեւեկութիւնը թեթեւ է: Լաւ որ աւելի կանուխ  չելայ ճամբայ», մտածեց Անին:

Ամերիկեան  համալսարանի կանգառն էր: Տարիքոտ կին մը բարձրացաւ հանրակառք եւ նստաւ Անիին դիմացի նստարանին վրայ:

Անին  նմանութեան գիծեր տեսաւ  այդ կնոջ եւ իր մեծ մօր միջեւ: Կարծեց, որ  իր մեծ մայրը կը տեսնէ:

«Մազերը ճիշդ նէնէիս մազերուն կը նմանին, հապա աչքե՜րը… կ՛ըսես` ամբողջութեամբ  ինքն է` մեծ մայրս»: Իր գծած զուգահեռներուն  իսկական պատճառներ փնտռելով` երեւակայութեան թափ տուաւ:

Պահ մը յիշեց ողորմած մեծ մայրը եւ իրեն թուեցաւ, թէ անոր խնդուքին ձայնը կը լսէ հանրակառքին աղմուկին մէջ: Բայց այդ պարզ էր արդէն: Իր մեծ մօր ձայնը շատ տպաւորած էր զինք եւ յաճախ կը հնչէր իր ականջին մէջ:

«Կրնայ ըլլալ, որ մեզի ազգական կու գայ», ըսաւ միտքին մէջ, եւ նոյն ակնթարթին իսկ սկսաւ այլ վերլուծութիւն մը կատարել: Այո՛, ան հասաւ մինչեւ Եղեռն…

Իսկ այդ հիւսուածքէն, հարցադրումներու տարափէն Անիին միտքին մէջ ծնաւ հետապնդող եւ հալածող հարցումը. «Ինչո՞ւ Հայոց ցեղասպանութիւնը տեղի ունեցաւ: Ա՜խ, եթէ միայն տեղի ունեցած  չըլլար…»:

Սրտի ցաւէն ակնթարթ մը ետք Անիին ստեղծագործ ուղեղը սկսաւ նկարել փոխարինող իրականութեան մը պատկերը:

«Հայաստանը միացեալ է եւ մայրաքաղաքը Վանն է, քանի որ մայրաքաղաքը երկրի մը սիրտը պէտք է գտնուի անոր կեդրոնը, չէ՞», հարցումը տուաւ ինքն իրեն եւ զգաց, որ այդ հարցական մտածումը դէմքին ալ հարցական արտայայտութիւն մը կու տար եւ ժպտաց:

«Այո՛, Վանն է մայրաքաղաքը», վճռեց եւ շարունակեց` իր իմացական նկարչական աշխատանքը` «Ես հիմա թերեւս հոն ըլլայի, երկմտաց, կամ, ըսենք, Պոլիս»  ըսաւ  մտովի երկրորդ անգամ մտածելէ ետք: «Արդեօ՞ք քանի միլիոն կ՛ըլլայինք»: Խորհեցաւ պահ մը հաշուել: Բայց շուտով  հրաժարեցաւ  այդ մտքէն:   Թուաբանութեան մէջ` փայլուն,  միշտ ալ   խուսափած էր այդ հաշիւը ընելէ, նոյնիսկ ընդվզած,  որովհետեւ համոզուած էր,  որ անհեթեթութիւն է   մարդը թիւի վերածելը: Անցաւ առաջ: Փորձեց  անուններ տալ  Ցեղասպանութեան զոհ գացած մէկուկէս միլիոնէն իւրաքանչիւրին…  Եւ ահա այդ պահուն, կարծես թէ առաջին անգամ  կը զգար, կ՛ըմբռնէր ցեղասպանութեան պատճառով մեր կորուստներուն իմաստն ու արժէքը: «Մեր նահատակ գրագէտները նահատակ պիտի չկոչուէին, այլ մեր տաղանդաւոր լուսահոգի գրագէտները պիտի ըլլային», մտածեց  ափսոսանքով:

Անին յիշեց Անդրանիկ Ծառուկեանի «Սէրը Եղեռնին մէջ» գիրքը, որ կարդացած էր տարիներ առաջ:

Վերապրեցաւ այդ գիրքին պատմութիւնը եւ կսկիծէն ու ափսոսանքէն  աւելի մեծ ընդվզում զգաց: Ձեռքը բռունցքի վերածեց` առանց զգալու, երբ ականջին մէջ անընդհատ կը հնչէր Սիամանթոյի ձայնը. «Ո՛վ մարդկային արդարութիւն, թող ես թքնե՛մ քու ճակատիդ»:

Հասած էր օփերա: Կանգնեցաւ: Այդ հարազատ, բայց անծանօթ կնոջ ժպտաց նրբօրէն եւ վճարելով վարորդին հարիւր դրամ` իջաւ հանրակառքէն:  Զգաց, որ  տրամադրութիւնը լաւ չէ: Նեղացաւ իր մտածումներէն: Այդ ուրկէ՞ ո՛ւր նման մտածումներ պաշարած էին  զինք, երեւանեան պայծառ օրուան մէջ:

«Ի՛նչ ալ ընեմ, ի՛նչ ալ ըլլայ, ա՛յս է իրականութիւնը, փախուստ չկայ  այս մտածումներէն», դժգոհանքով ակնարկեց ինքն իրեն: Յետոյ` «Այս բոլոր մարդիկը կը մտածե՞ն ինծի պէս: Թերեւս ամէն մարդ իւրովի կ՛ըմբռնէ Ցեղասպանութեան հետեւանքները», եզրակացուց ան գիւտ մը ընողի պէս:

Մաքուր հայերէնով մտածումները  կը յաջորդէին իրարու: Քալելով դէպի իր ժամադրավայրը` ներքին վճիտ ձայնով վճռեց եւ այս անգամ աւելի վճռական էր.

– «Պէտք է սկսիմ հայերէնով  չաթել: Գոնէ ա՛յս ձեւով անմահացուցած կ՛ըլլամ մեր նահատակ գրագէտները եւ իրենց ժառանգութիւնը` հայերէնը»:

 

 

Նախորդը

Մեր Զաւակները Եւ Մենք. Վարքի Հիմնական Կանոններ` Երեխաներուն Համար

Յաջորդը

Հաղորդամիջոցներ, Քաղաքականութիւն. Լուսաբանուիլ Եւ Շուարումի Մատնուիլ Լուրերով

RelatedPosts

Վերամուտը` Դասարանէն Անդին
Անդրադարձ

Վերամուտը` Դասարանէն Անդին

September 15, 2026
Պարտութենէն Անդին` Պատմութիւնը Ուրանալու Վտանգը
Անդրադարձ

Աւազակապետութիւնը` Լիբանանի Մէջ. Ջուրէն Մինչեւ Աղբ

September 15, 2026
Ապրուած Օրեր.  Բ. Մեծ Հօրս Մեծ Հին Ռատիոն
Անդրադարձ

Ապրուած Օրեր. Բ. Մեծ Հօրս Մեծ Հին Ռատիոն

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.