Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Հանգիստ Յաղթանակ Մը Արձանագրեց Սաժեսի Դէմ (86-65)

March 29, 2017
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան Բ. հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ գիշեր ՀՄԸՄ հիւրընկալեց Սաժեսը` «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ, դաշտը ամբողջութեամբ լեցուցած իր համակիրներուն ներկայութեան:

Նախքան մրցումին մանրամասնութիւններուն անցնիլը նշենք, որ ՀՄԸՄ-ի պասքեթպոլի յանձնախումբը յատուկ յուշանուէրով մը պատուեց, «Էլ. Պի. Սի.» պատկերասփիւռի կայանի խօսնակ եւ մարզական լրագրող Ղայեաս Տիպրան, որ միշտ քաջալերողը եղած է ՀՄԸՄ-ի պասքեթպոլի խումբին:

Ապա յայտարարուեցաւ, որ այժմէն իսկ ՀՄԸՄ իր վստահութիւնը տալով խումբի մարզիչ` Ճօ Մուժահեսին, անոր հետ կնքած է նոր պայմանագրութիւն մը յառաջիկայ տարեշրջանին` 2017-2018 գծով:

Ինչ կը վերաբերի մրցումին, ՀՄԸՄ բաւական հանգիստ յաղթանակ մը արձանագրեց, երբ 86-65 արդիւնքով յաղթեց իր հիւրին (23-11, 43-19, 65-41 եւ 86-65):

Մրցումին տեւողութեան ՀՄԸՄ կէտերու տարբերութիւնը բարձրացուց մինչեւ 30 կէտի (41-11):

Պէտք է նշել, որ ՀՄԸՄի մարզիկները բաւական լաւ եւ տպաւորիչ խմբային խաղաոճ մը կիրարկեցին:

Նկատի ունենալով կէտերու բաւական մեծ տարբերութիւնը, մրցումին վերջին երեք վայրկեաններուն դաշտ ներկայացան պահեստի մարզիկները` Փաուլօ Պետիկեան եւ Տանիել Պաղտատեան:

ՀՄԸՄ-էն 5-ական թրի փոյնթ նշանակեցին Հայկ Կէօքճեան եւ Տուայն Ճեքսըն:

Մինչ Քեւին Կալոուէյ դարձեալ յաջողեցաւ թրիփըլ-տապըլ մը իրագործել (13 կէտ, 10 ռիպաունտ եւ 14 էսիսթ):

Աթեր Մաճոք նշանակեց 14 կէտ եւ 9 ռիպաունտ, Հայկ Կէօքճեան` 17 կէտ եւ 6 ռիպաունտ, Տուայն Ճեքսըն` 22 կէտ, Նետիմ Սուէյտ` 5 կէտ, Քարամ Մըշրեֆ` 9 կէտ, իսկ Սեւակ Քեթենճեան, Էլի Շամուն եւ Նետիմ Հաուի` 2-ական կէտեր:

Նշենք, որ Քեթենճեան եւ Ճեքսըն կատարեցին երեքական սթիլ:

Իսկ Սաժեսէն Մայք Էֆիպրա նշանակեց 2 թրի փոյնթ (13 փորձերէ ետք), մինչ Քալվին Կարֆրէյ` 3 թրի փոյնթ (9 փորձերէ ետք):

Ինչ կը վերաբերի երէկուան երկու այլ մրցումներուն, Ռիատի յաղթեց Թատամոնին (113-67), իսկ Մութթահետ` Շանվիլին (92-85):

Այս հանգրուանը կ՛աւարտի այսօր, երբ ժամը 20:30-ին Պիպլոս Ժիպէյլի մէջ կը հիւրընկալէ Լուէյզին:

 

Նախորդը

Ասիա-2019. Լիբանան 2-0 Արդիւնքով Յաղթեց Հոնկ Քոնկին

Յաջորդը

Քոնկ Ֆու-Ուու Շու. ՀՄԸՄ Անթիլիաս Տիրացաւ 2 Առաջնութեան

RelatedPosts

Դ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն.  Այսօր` ՀՄԸՄ Պէյրութ – Նասր Քամետ Լոզ
Մարզական

Դ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն. Այսօր` ՀՄԸՄ Պէյրութ – Նասր Քամետ Լոզ

September 15, 2026
Հեծելարշաւ.  «Թուր Օֆ Արմինիա»-ն Վերջ Գտաւ Յաջողութեամբ
Մարզական

Հեծելարշաւ. «Թուր Օֆ Արմինիա»-ն Վերջ Գտաւ Յաջողութեամբ

September 15, 2026
«Էմ. Էլ. Էս.». Մեսսի 928-րդ Կոլը Նշանակեց. Սարաճեան Իր Առաջին Կոլը Նշանակեց
Մարզական

«Էմ. Էլ. Էս.». Մեսսի 928-րդ Կոլը Նշանակեց. Սարաճեան Իր Առաջին Կոլը Նշանակեց

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.