Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահ Աուն Ողջունեց Առողջապահութեան Իրերօգնութեան Սնտուկներու Գործունէութիւնը

March 28, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Առողջապահութեան իրերօգնութեան սնտուկներու պատուիրակութիւնը` նախագահութեամբ Առողջապահութեան իրերօգնութեան սնտուկներու համադաշնակցութեան նախագահ Ղասսան Տաուի:

Պատուիրակութեան մաս կազմեցին Լիբանանի մէջ գործող Առողջապահութեան իրերօգնութեան գլխաւոր 10 սնտուկները, որոնց շարքին ԱՖՀԻԼ-ը կը ներկայացուէր իր տնօրէն Յակոբ Լատոյեանով:

Առողջապահութեան իրերօգնութեան սնտուկները իրենց փորձառութիւնն ու գործունէութիւնը ներկայացուցին նախագահ Աունին` անկէ խնդրելով զօրավիգ կանգնիլ իրենց յառաջիկայ նախաձեռնութիւններուն:

Նախագահ Աուն ողջունեց պատուիրակութիւնը` շեշտելով Առողջապահութեան իրերօգնութեան սնտուկներուն ունեցած կարեւոր դերակատարութիւնը` Լիբանանի առողջապահութեան մարզին մէջ:

Նախագահ Աուն ընդգծեց առողջապահական հաստատութիւններուն գործունէութեան պարագային եւս մսխումի եւ փտածութեան վերջ տալու կարեւորութիւնը, ինչպէս նաեւ ընդգծեց առողջապահական բացիկներ հրապարակելու անհրաժեշտութիւնը:

Նախագահ Աունի այցելեց Սպանիոյ արտաքին գործոց նախկին նախարար Միկել Անխել Մորաթինոս` ընկերակցութեամբ Միջերկրականեան երկիրներու տնտեսական կանխատեսումներու հիմնարկի տնօրէն Ժան Լուի Կիկոյի եւ Լիբանանի մէջ Սպանիոյ դեսպան Մելակրոս Հեռնանտոյի:

Մորաթինոս նախագահ Աունի ներկայացուց հիմնարկին գործունէութիւնը` գնահատելու համար միջերկրականեան երկիրներուն դիմագրաւած ընկերային ու տնտեսական մարտահրաւէրները եւ ապա մշակելու այդ մարտահրաւէրներուն դէմ դնելու յարմար ռազմավարութիւնները, ինչպէս նաեւ տնտեսական գործակցութիւնը ամրապնդելու միջերկրականեան երկիրներուն, Եւրոպայի եւ Ափրիկէի միջեւ:

Նախագահ Աուն դրուատեց Մորաթինոսի նախաձեռնութիւնը` շեշտելով, որ Լիբանան կը զօրակցի բոլոր ջանքերուն, որոնց նպատակն է համախմբել ներուժը` Միջերկրականեան պետութիւններու եւ Եւրոպայի ու Ափրիկէի հետ անոնց գործակցութեան ի խնդիր:

Նախագահական պալատի այցելուներէն եղաւ նաեւ երեսփոխան Միշել Մըր, որ նախագահին հետ քննարկեց լիբանանեան քաղաքական բեմը յուզող հարցերը, ինչպէս նաեւ ընտրական նոր օրէնք մը մշակելու իմաստով կատարուած նախապատրաստական աշխատանքները:

Մըր յայտնեց, որ հանդիպումին ընթացքին ինք եւ նախագահ Աուն երեսփոխանական ընտրութիւններուն շուրջ միշտ պիտի խորհրդակցին:

Նշենք, որ նախագահ Աուն նախկին նախարար Էլիաս Ապու Սաապը նշանակեց միջազգային յարաբերութիւններու իր խորհրդատուն: Ապու Սաապ պիտի գործակցի Լիբանանի տնտեսական եւ բարգաւաճման օժանդակութեան ծրագիրներ առաջարկող պետութիւններու, կազմակերպութիւններու եւ միջազգային ֆոնտերու հետ:

Նախորդը

Հան Պաշտօնական Այցելութիւն Կու Տայ Լիբանան

Յաջորդը

Կառավարութիւնը Վաւերացուց 2017-ի Պետական Ամավարկը

RelatedPosts

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին,  Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»
Լիբանանեան

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին, Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»

February 3, 2026
Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք
Լիբանանեան

Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք

February 3, 2026
Ֆինիւլ. «Ո՛չ Խաղաղապահ Ուժերու  Անվտանգութեան Ոտնահարման»
Լիբանանեան

Ֆինիւլ. «Իսրայէլեան Բանակը Մեզ Տեղեկացուց, Որ Երէկ Կապոյտ Գիծին Մօտ Օդային Գործողութիւն Կատարած Է` Նետելու Համար Քիմիական Նիւթ, Որ Անոնց Խօսքով Թունաւոր Չէ»

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.