Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հան Պաշտօնական Այցելութիւն Կու Տայ Լիբանան

March 28, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Եւրոպական միութեան ընդլայնումի եւ դրացնութեան հարցերու յանձնակատար Եոհաննէս Հան, որ երկօրեայ պաշտօնական այցելութիւն մը կու տայ Լիբանան, երէկ հանդիպումներ ունեցաւ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի եւ վարչապետ Սաատ Հարիրիի հետ:

Նախագահ Աուն առաւօտեան ընդունեց Հանը` ընկերակցութեամբ Լիբանանի մէջ Եւրոպական Միութեան դեսպան Քրիսթինա Լասընի:

Քննարկուեցաւ 5 ապրիլին Պրիւքսէլի մէջ տեղի ունենալիք խորհրդաժողովին Լիբանանի պաշտօնական պատուիրակութեան մասնակցութիւնը` գլխաւորութեամբ վարչապետ Հարիրիի, ինչպէս նաեւ արծարծուեցաւ լիբանանեան պատուիրակութեան կողմէ խորհրդաժողովին ներկայացուելիք աշխատանքային ծրագիրը, որ կը վերաբերի Լիբանան հասած սուրիացի տեղահանուածներու թղթածրարին:

Նախագահ Աուն շեշտեց, որ սուրիացի տեղահանուածներուն ամէն տեսակ օժանդակութիւն տրամադրած Լիբանանը տակաւին կը դիմագրաւէ սուրիացի գաղթականութեան հետեւանքները` տնտեսական, ընկերային եւ ապահովական առումով: «Այս իրականութիւնը կ՛ենթադրէ, որ միջազգային ընտանիքը, յատկապէս եւրոպական երկիրները օժանդակեն Լիբանանին, որպէսզի ան կարենայ շրջանցել իր դիմագրաւած այս կացութիւնը», հաստատեց ան:

Նախագահ Աուն ընդգծեց նաեւ, որ Լիբանան կը զօրակցի Սուրիոյ տագնապին իմաստով գտնուելիք քաղաքական այն լուծումին, որուն հիման վրայ Սուրիա կը մնայ միացեալ երկիր:

Իր կարգին, Հան Եւրոպական Միութեան անդամ երկիրներուն անունով բարձր գնահատեց Լիբանանի ցուցաբերած առատաձեռնութիւնը, հիւրընկալութիւնը եւ հոգատարութիւնը` սուրիացի տեղահանուածներուն նկատմամբ, շեշտելով, որ պէտք է օժանդակել սուրիացի գաղթականներուն, որպէսզի սուրիական տագնապին գտնուելիք քաղաքական լուծումէն ետք, անոնք ամէնէն արագ միջոցին վերադառնան իրենց երկիրը:

Հան ողջունեց Պրիւքսէլի խորհրդաժողովին Լիբանանի բերելիք մասնակցութիւնը:

Ան դրուատեց զօր. Միշել Աունի հանրապետութեան նախագահ ընտրութիւնը` զայն նկատելով լիբանանեան պետական եւ սահմանադրական հաստատութիւններու վերանորոգում մը:

Ան շեշտեց նաեւ, որ այս դրութեամբ Եւրոպական Միութիւնը կրնայ աշխուժացնել Լիբանանին տրամադրելիք իր օժանդակութիւնները բոլոր մարզերուն մէջ:

Հան այցելեց նաեւ վարչապետ Հարիրիի:

Հանդիպումէն ետք Հան շնորհակալութիւն յայտնեց Լիբանանին եւ լիբանանցիներուն` սուրիացի գաղթականները հիւրընկալելու համար, աւելցնելով, որ ոչ մէկ երկրի համար դիւրին է նման մարտահրաւէր դիմակայել:

Ան նշեց, որ Սուրիոյ տագնապին սկիզբէն ի վեր Եւրոպական Միութիւնը Լիբանանին օժանդակած է աւելի քան մէկ միլիառ եւրոյի գումարով` աւելցնելով, որ Եւրոպական Միութիւնը պիտի շարունակէ Լիբանանի նկատմամբ իր նոյն քաղաքականութիւնը ցուցաբերել` յաւելեալ օժանդակութիւններ տրամադրելով անոր:

Նշենք, որ այսօր` երեքշաբթի, 28 մարտին եւ վաղը` չորեքշաբթի, 29 մարտին Հան պիտի այցելէ Պեքաա եւ ստուգէ սուրիացի տեղահանուածներուն գաղթակայանները ու ծանօթանայ անոնց պարզած իրավիճակին:

 

 

Նախորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յաջորդը

Նախագահ Աուն Ողջունեց Առողջապահութեան Իրերօգնութեան Սնտուկներու Գործունէութիւնը

RelatedPosts

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան  Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ  Միջազգային Ներկայութեան  Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին
Լիբանանեան

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ Միջազգային Ներկայութեան Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին

October 28, 2026
Ելեկտրականութեան Մատակարարման  Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք.  Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական  Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու  Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու
Լիբանանեան

Ելեկտրականութեան Մատակարարման Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք. Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու

October 28, 2026
Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան  Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի  Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ  Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»
Լիբանանեան

Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.