Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

March 28, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՄԱՐՈՆԻ համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը շեշտեց, որ լիբանանցի ղեկավարները ոչ մէկ յաջող նախաձեռնութիւն կրնան առաջադրել, եթէ իրենց շահերը չանտեսեն:

ՓՈԽՎԱՐՉԱՊԵՏ, առողջապահութեան նախարար Ղասսան Հասպանի յայտնեց, որ իրենք ամէն ջանք ի գործ կը դնեն ապահովելու համար արդար ներկայացուցչութիւն, որպէսզի քաղաքական ոչ մէկ ուժ անիրաւուած զգայ:

Ան ընդգծեց, որ իրենք կը զօրակցին խառն ընտրական օրէնքին` աւելցնելով, որ այդ օրէնքին քննարկումը պիտի սկսի պետական ամավարկի ու ելեկտրականութեան թղթածրարներու քննարկումը աւարտելէ ետք:

ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ կոչ ուղղեց վերջ տալու ելեկտրականութեան պարզած խոցելի վիճակին: Ան հաստատեց, որ ելեկտրական հոսանքի անմխիթար դրութիւնը սրբագրելու համար կարիքը կայ յստակ որոշումի մը: «Նոր ելեկտրակայանի մը հաստատումը մէկ միլիառ տոլարի համազօր է, որոշեցէ՛ք կատարել այդ քայլը եւ վերջ տուէ՛ք ելեկտրական հոսանք արտադրող թրքական նոր նաւերու ծրագիրին», գրեց Ժոմպլաթ` ընկերային ցանցի իր հաշիւին ընդմէջէն:

ՄԱՐԱՏԱ հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէ հաստատեց, որ աշխատավարձի յաւելումը քաղաքացիին իրաւունքն է` շեշտելով, որ պետութիւնը պէտք է տնտեսական համապարփակ ծրագիր մը ունենայ:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Հիւսէյն Մուսաուի անցեալ շաբաթավերջին Պաալպեք-Հերմելի մէջ հովանաւորեց հաշտութիւն մը Մըքտատ եւ Ամհազ ընտանիքներուն միջեւ: Ան զգուշացուց Պաալպեքի ապահովական կայունութիւնը հարուածելու փորձերէն:

ՆԱՍԸՐԱԿԱՆ շարժումի ընդհանուր քարտուղար Ուսամա Սաատ շեշտեց, որ պաղեստինեան Այն Հելուէ գաղթակայանին հարցով պէտք է նկատի ունենալ, որ վտանգը գաղթակայանին բնակիչներուն կը սպառնայ եւ ոչ թէ գաղթակայանին բնակիչները սպառնալիք կը նկատուին:

ՆԵՐՔԻՆ գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուք յայտնեց, որ ընտրական նոր օրէնք մը վաւերացնելու հաւանականութիւնները բարձր են:

ՏԵՂԵԿԱՏՈՒՈՒԹԵԱՆ նախարար Մըլհեմ Ռիաշի կոչ ուղղեց խորհրդարանին մէջ քրիստոնեայ համայնքին ներկայացուցչութիւնը սրբագրելու` ընտրական նոր օրէնք մը մշակելով: Միւս կողմէ, Ռիաշի խոստացաւ մօտիկ ապագային յայտարարել տեղեկատուութեան մարզին վերաբերող նոր օրէնք մը:

ԿՐԹՈՒԹԵԱՆ եւ բարձրագոյն ուսման նախարար Մարուան Համատէ կոչ ուղղեց ընտրական օրէնքին շուրջ խորհրդակցութիւնները սրբագրելու` աւելցնելով, որ խառն ընտրական օրէնքը կը թուի լաւագոյն լուծումը ըլլալ` համայնքներուն ճշգրիտ ներկայացուցչութիւն ապահովելու, ինչպէս նաեւ անկախները ներկայացնելու իմաստով: Ան աւելցուց, որ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի առաջարկելիք լուծման ծրարը կրնայ լուծել ընտրական օրէնքին հարցը:

ՃԱՐՏԱՐԱՐՈՒԵՍՏԻ նախարար Հիւսէյն Հաժ Հասան հաստատեց, որ ազգային արտադրութեան պաշտպանութիւնը տնտեսական եւ քաղաքական յաւելեալ կայունութիւն կրնայ ապահովել:

ՎԱՐՉԱԿԱՆ բարեկարգումի պետական նախարար Ինայա Իզզէտտին ընդունեց Լիբանանի մէջ Թուրքիոյ դեսպան Չաղաթայ Էրճիէշը, որուն հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ տեղական եւ շրջանային քաղաքական ու տնտեսական զարգացումները:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Սելիմ Սալհապ շեշտեց, որ խառն ընտրական օրէնքը լաւագոյն լուծումն է` աւելցնելով, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար Ժըպրան Պասիլ տակաւին պատասխաններ կը սպասէ իր ներկայացուցած ընտրական օրէնքի տարբերակին:

ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Սելիմ Աուն շեշտեց, որ Արաբական լիկայի վեհաժողովին ընթացքին հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի արտասանելիք կեցուածքը պիտի ըլլայ լիբանանեան պաշտօնական կեցուածքը:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Ամալ Ապու Զէյտ շեշտեց, որ յառաջիկայ հանգրուանին քրիստոնեայ երեսփոխանները պիտի ըլլան իրենց շրջաններն ու համայնքները ներկայացնող արդար ներկայացուցիչները:

ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Էմիլ Էմիլ Լահուտ յայտնեց, որ ահաբեկչութեան աւարտը մօտիկ ապագային կարելի պիտի չըլլայ սահմանել, այնքան ատեն որ ան հովանաւորներ ունի:

ԹԱՈՒՀԻՏ հոսանքի ղեկավար, նախկին նախարար Ուիամ Ուահապ յայտնեց, որ լիբանանցիները կորսնցուցած են իրենց յոյսը` իշխանութեան նկատմամբ, աւելցնելով, որ ժողովուրդը յոյս ունի հանրապետութեան նախագահին եւ նոր իշխանութեան վրայ:

ՆԱԽԿԻՆ Նախարար Զիատ Պարուտ յայտնեց, որ խորհրդարանի պաշտօնավարութեան այն երկարաձգումը, որ կը շրջանցէ սեպտեմբեր կամ հոկտեմբեր ամիսը, այլեւս թեքնիք երկարաձգում կարելի չէ կոչել:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի ընդհանուր քարտուղար Ահմետ Հարիրի կոչ ուղղեց մշակելու ընտրական օրէնք մը, որ կը սրբագրէ քրիստոնէական ներկայացուցչութիւնը եւ կը պահպանէ ազգային համերաշխութիւնը:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Մարուան Շարպել յայտնեց, որ Հըզպալլայի շահերուն կը ծառայէ իր հովանաւորութիւնը վերցնել պահանջուած յանցագործներուն վրայէն, որովհետեւ անոնք ծանր կը կշռեն Դիմադրութեան վրայ:

«ՇԱՐՔ ԱՈՒՍԱԹ» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով ապահովական աղբիւրէ մը, կը գրէ, թէ Պեքաայի մէջ բանակին կատարած ներխուժումներն ու ձերբակալութիւնները գաղտնաբար կը կատարուին եւ անոնք յաջողած են: Նոյն օրաթերթին համաձայն, բանակը նոյն թափով պիտի շարունակէ իր ջանքերը ձերբակալելու Նուհ Զաայթերն ու Ալի Նասրի Շամասը:

«ՀԱՅԱԹ» օրաթերթին համաձայն, երկուշաբթի, 3 ապրիլ 2017-ին, Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտ Էլիզէի պալատին մէջ պիտի ընդունի վարչապետ Սաատ Հարիրին եւ զայն պարգեւատրէ հրամանատարի շքանշանով:

 

 

 

Նախորդը

Ուրֆայի Բնակիչները Յարձակած Են Սուրիացիներու Աշխատատեղերուն Վրայ

Յաջորդը

Հան Պաշտօնական Այցելութիւն Կու Տայ Լիբանան

RelatedPosts

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան  Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ  Միջազգային Ներկայութեան  Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին
Լիբանանեան

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ Միջազգային Ներկայութեան Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին

October 28, 2026
Ելեկտրականութեան Մատակարարման  Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք.  Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական  Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու  Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու
Լիբանանեան

Ելեկտրականութեան Մատակարարման Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք. Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու

October 28, 2026
Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան  Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի  Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ  Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»
Լիբանանեան

Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.