Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԻՒՊԱՏՈՍԱՐԱՆԸ ՄԵՐ ՏՈՒՆՆ Է, ԻՆՉՊԷՍ ՄԵՐ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ՈՒ ՀԱՅԱՍՏԱՆԸ» ՀԱՍՏԱՏԵՑ ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

October 15, 2011
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Այս հիւպատոսարանը մեր տունն է, ինչպէս որ մեր տունն են եկեղեցին ու Հայաստանը, մեր մշակոյթը` յայտարարեց Արամ Ա. կաթողիկոս, չորեքշաբթի, 12 հոկտեմբերի կէսօրին, Լոս Անճելըսի Հայաստանի հիւպատոսարանը այցելութեան առիթով: Ան շեշտեց, որ հայութիւնը, ուր որ ալ գտնուի, նոյն միացեալ ընտանիքին անդամն է, կը պատկանի նոյն ու մէկ ազգին, որուն նկատմամբ պարտի նախանձախնդիր ըլլալ, իրաւունքներուն համազօր պարտաւորութիւններ զգալ:

Վեհափառը դիմաւորուեցաւ գլխաւոր հիւպատոս  Գրիգոր Յովհաննիսեանի, անձնակազմին եւ բազմատասնեակ հիւրերու կողմէ: Գլխաւոր հիւպատոսը ճաշի հիւրընկալութիւն մը կազմակերպած էր «Հայկական տան» մէջ:

Հիւպատոսարան մուտքին, վեհափառը կատարեց տնօրհնէքի արարողութիւն եւ աղ ու հացի օրհնութիւն:

Գլխաւոր հիւպատոսը` Գ. Յովհաննիսեան իր ու անձնակազմին անունով արտասանեց ողջոյնի խօսք եւ առաջարկեց խմել վեհափառին կենացը: Ան նկատել տուաւ, որ վեհափառը կարեւոր ու իւրայատուկ անձնաւորութիւն է ոչ միայն մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ, այլ նաեւ միջ-եկեղեցական բեմին վրայ: Ան այս այցելութեան առիթով վեհափառին նուիրեց Անիի Ս. Աստուածածին պատմական եկեղեցւոյ մէկ մանրակերտը:

Գլխաւոր հիւպատոսը հրաւիրեց Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանը, որպէսզի արտասանէ իր խօսքն ու ներկայացնէ վեհափառը: Առաջնորդ սրբազանը շնորհակալութեան խօսք ուղղեց գլխաւոր հիւպատոսին ու անձնակազմին` հիւրընկալութեան համար: Ան յայտնեց, որ նոր հիւպատոսարան իր առաջին այցելութիւնը տուած էր բացման առիթով, իսկ այսօր, երկրորդ այցելութեան, կ՛ընկերանայ վեհափառին, որ հովուապետական այցելութեամբ մը կը պատուէ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմը: Ան հրաւիրեց վեհափառը` արտասանելու իր խօսքը:

Վեհափառը գնահատանքով արտայայտուեցաւ հիւպատոսին ու անձնակազմին հայրենանուէր աշխատանքին մասին ու վեր առաւ հայութեան տունը ըլլալու հիւպատոսարանին հանգամանքը: Ան նաեւ ընդգծեց, որ Հայաստանը հայութեան անցեալն ու պատմութիւնն է, մեր ներկան է ու ապագան: «Հայաստանը պահած է մեզ, իսկ մեր պարտականութիւնն է պահել ու պահպանել Հայաստանը: Սփիւռքն ու Ղարաբաղը կը կազմեն Հայաստանի շարունակութիւնը, եւ հայութիւնը պարտի երաշխաւորել այս բոլորին գոյատեւումը», ըսաւ Արամ Ա. կաթողիկոս:

Վեհափառը անդրադարձաւ նաեւ հայութեան ազգային պահանջատիրութեան: Ան նշեց, որ  Հայաստանի նախագահը Ցեղասպանութեան 100-ամեակին ոգեկոչման համար կազմած է յանձնախումբ մը: «Մենք հարիւրամեակը պիտի չնշենք միայն խունկ ու մոմով, աղօթքով ու պարզապէս յիշելով, այլ պիտի ըլլանք պահանջատէր, պիտի հետապնդենք մեր ազգային անտեսուած իրաւունքները, որոնք անժամանցելի են», շեշտեց վեհափառը` նշելով, որ հայութիւնը, Էջմիածինէն մինչեւ Անթիլիաս ու Լոս Անճելըսէն մինչեւ աշխարհի չորս ծագերը պիտի դառնայ մէկ բռունցք, պիտի մնայ պահանջատէրը իր դատին  ու պիտի շարունակէ հետապնդել իր արդար իրաւունքները: Ան յիշեցուց, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը, անցեալին ու այսօր, ոչ միայն խօսքով, այլ նաեւ գործով կանգնած է մեր իրաւունքներու հետապնդման յառաջապահի դիրքերուն վրայ, կը գործէ ի խնդիր հայութեան ու Հայաստանին:

Նախորդը

«ԱԶԴԱԿ»Ի ԿԱՅՔԷՋԻ ԱՐԱԲԵՐԷՆ ԲԱԺԻՆԻ ՆՈՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

Յաջորդը

ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՏԵՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆ ՈՒՆԵՑԱՒ ՔԱԼԻՖՈՐՆԻՈՅ ԿԱՌԱՎԱՐԻՉ ՃԵՐԻ ՊՐԱՈՒՆԻ ՀԵՏ

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը  Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի  Անկախութեան Տօնին Առիթով
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.