Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԹԱՐԳՄԱՆՉԱՑ ՍԵՐՈՒՆԴԸ ՀԻՄՔ`ՀԱՅԱՊԱՀՊԱՆՄԱՆ ՄԵՐ ՊԱՅՔԱՐԻՆ

October 15, 2011
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայապահպանման մտահոգութիւնը լուսարձակի տակ առնող հանդիսութիւն մը եղաւ ուրբաթ, 7 հոկտեմբերի կէսօրին, Ազգային Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան քոլեճին մէջ կազմակերպուած հանդիսութիւնը` Թարգմանչաց տօնին առիթով: Հանդիսութեան ներկայ գտնուեցաւ եւ օրուան պատգամը փոխանցեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան քրիստոնէական դաստիարակութեան բաժանմունքի վարիչ Թորգոմ աբղ. Տօնոյեան:

Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներուն ունկնդրութենէն ետք, հանդիսութեան բացման խօսքը արտասանեց Մեղրի Պետրոսեան: Ան դիտել տուաւ, որ Մեսրոպ Մաշտոցի հանճարով եւ թարգմանչաց սերունդի բեղուն աշխատանքով հայ ժողովուրդը գտաւ իր սեփական կեանքի ճանապարհը, գտաւ իր ինքնութիւնը, հայ ըլլալու եւ հայ մնալու միջոցը:

Հանդիսութեան գեղարուեստական յայտագիրը ընդգրկեց ասմունք` «Տաղ առ հայերէն» (Գարին Գանտահարեան), մեներգ` «Ով մեծասքանչ դու լեզու» (Նժդեհ-Արցախ Պոտրումեան) եւ մայրենի լեզուին նուիրուած խմբային արտասանութիւն (միջնակարգի աշակերտներ):

Օրուան պատգամաբեր Թորգոմ աբղ. Տօնոյեան ներկայացուց թարգմանչաց սերունդին ներդրումը` հայապահպանման մեր պայքարին եւ նշեց, որ թարգմանչաց սերունդով մեր կեանքին մէջ անգամ մը եւս բարձրացաւ հաւատքի, յոյսի ու պայքարի համաժողովրդային կամքը: «Թարգմանչացը եկաւ հայ հոգեւոր եւ մտաւոր յեղափոխութիւններէն ետք, իբրեւ վարչական յեղափոխութիւն` բարեշրջելով մեր կեանքը», նշեց ան:

Շարունակելով` Թորգոմ աբղ. շեշտեց, որ եթէ թարգմանչաց սերունդը չունենայինք, եթէ Մեսրոպ Մաշտոցն ու աշակերտները չըլլային, մենք չէինք կրնար հայ մնալ, կը ձուլուէինք եւ մեր արժէքներն ու ինքնութիւնը կը կորսնցնէինք: Այսօր ալ հայ մնալու մարտահրաւէրներ կը ցցուին մեր դիմաց եւ թարգմանչաց սերունդին օրինակով հարկ է միջոցներ գտնենք մեր սեփական դիմագիծն ու ինքնութիւնը պահելու համար: Անգամ մը եւս մեզի պէտք են հոգեւոր, մտաւոր յեղափոխութիւններ, որպէսզի մեր ժողովուրդը հասնի իսկական յեղափոխութեան հանգրուանին` տէր կանգնելու համար ազգային իր արժէքներուն, սրբութիւններուն եւ իրաւունքներուն, հաստատեց ան:

Օրուան պատգամէն ետք հանդիսութիւնը փակուեցաւ «Պահպանիչ»ով:

Նախորդը

ԱԶԳԱՅԻՆ ԵՂԻՇԷ ՄԱՆՈՒԿԵԱՆ ՔՈԼԵՃ ԹԱՐԳՄԱՆՉԱՑԻ ՏՕՆԱԿԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Յաջորդը

ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ԳԱՐԵԳԻՆ ՉՈՒՔԱՍԸԶԵԱՆԻՆ ՀԵՏ

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.