Լիբանանի աթլեթիզմի ֆետերասիոնը պաշտօնական հաղորդագրութեամբ մը տեղեկացուց, որ կիրակի, 16 հոկտեմբերին տեղի պիտի ունենայ Լիբանանի ախոյեանութեան կէսմարաթոնի վազքի մրցումը, որուն երկարութիւնը պիտի ըլլայ 21 քմ եւ 100 մեթր:
Ֆետերասիոնին հովանաւորութեամբ տեղի ունենալիք այս կէսմարաթոնին ազդանշանը պիտի տրուի Ֆուատ Շեհապ մարզադաշտէն (Ժունիէ): Աիկա պիտի ուղղուի դէպի Մարինա (Տըրպպայէ), ապա պիտի վերադառնայ մեկնարկին վայրը:
Անոր մասնակցիլ փափաքողները պարտին մեկնարկին վայրը հաւաքուած ըլլալ ժամը 7:30-ին, իսկ այս վազքի մրցումը պիտի սկսի ժամը 8:00-ին:
Նշենք, որ տեղի պիտի ունենայ նաեւ վեթերան վազողներու մրցում:


