
Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան դարձի 5-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ գիշեր «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ տեղի ունեցաւ ՀՄԸՄ Անթիլիաս – Շեպիպէ Շիահ մրցումը:
Անիկա աւարտեցաւ ՀՄԸՄ-ի աղջիկներուն յաղթանակով` 67-38 արդիւնքով (26-7, 8-12, 16-5 եւ 17-14):
ՀՄԸՄ-ի կէտերը նշանակեցին Ժիւըլ Թանսթալ (19 կէտ), Այտա Պախոս (15), Մեղրի Թորոսեան (8), Լէյլա Ֆարես, Ֆարահ Հարաքէ, Սանտրա Նաժըմ (7-ական), Քաթերին Հաժ եւ Մակի Զաքարեան (2-ական):
Ա. կիսախաղի դադարին դաշտ մտան «Միս Եուրոփ Ուորլտ 2017» մրցումին մասնակիցները, որոնք կը գտնուին Լիբանանի մէջ:
Կիներու միջազգային օրուան առիթով անոնք եկան քաջալերելու իգական սեռի աշխուժ մասնակցութիւնը` տարբեր մարզաձեւերու մէջ:
Անոնք ՀՄԸՄ-ի դրօշակներով դաշտ մտնելով ՀՄԸՄ-ի աղջիկներուն տուին վարդեր եւ քաջալերեցին Լիբանանի աղջկանց ախոյեան ՀՄԸՄ Անթիլիասի մարզիկները:


