
Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի նախկին գլխաւոր մարզիչ` Վարդան Մինասեան նշանակուեցաւ Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի թեքնիք տնօրէն:
Ըստ Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի պաշտօնական կայքին, պելճիքացի Մարք Լելեւրի հեռանալէն ետք, Մինասեան կը կատարէր թեքնիք տնօրէնի պաշտօնակատարի պարտականութիւնները:
Մինասեան Հայաստանի 14 եւ 19 տարեկանէն վար հաւաքականներուն հետ կապուած աշխատանքները պիտի համակարգէ, ինչպէս նաեւ` մարզիչներու պատրաստութեան համակարգումը պիտի կատարէ:
Մինասեանի որոշումով, 16 տարեկանէն վար հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ նշանակուեցաւ Տիգրան Առաքելեան, որուն պիտի օգնէ Տիգրան Պետրոսեանց:
Իսկ 17 տարեկանէն վար հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ նշանակուեցաւ Արտակ Օսէեան:
Ինչ կը վերաբերի 19 տարեկանէն վար հաւաքականին, անոր գլխաւոր մարզիչը պիտի նշանակուի մօտիկ ապագային:


