Նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցան եւրոպական ֆութպոլի ախոյեանութեան մրցումները:
Անգլիոյ մէջ, Չելսի ամրապնդեց պարագլուխի իր դիրքը` 3-1 արդիւնքով յաղթելէ ետք Սուանզիի:
Այսօր` երկուշաբթի, Լիվըրփուլ հիւրը պիտի ըլլայ նախորդ տարեշրջանի ախոյեան Լայսթըր Սիթիի, որ բարձրագոյն դասակարգէն Ա. դասակարգ փոխադրուելու վտանգին տակ է (այժմ` 18-րդ):
Իտալիոյ մէջ եւս, Եուվենթուս 2-0 արդիւնքով յաղթելէ ետք Էմփոլիին, իր կարգին ամրապնդեց պարագլուխի իր դիրքը:
Սպանիոյ մէջ, Պարսելոնա շատ կարեւոր յաղթանակ մը արձանագրեց, երբ 2-1 արդիւնքով յաղթական վերադարձաւ Աթլեթիքօ Մատրիտի դաշտէն:
86-րդ վայրկեանին Լիոնել Մեսսի նշանակեց Պարսելոնայի յաղթանակի կոլը:
Իր կարգին, Ռէալ Մատրիտ յաղթանակ մը արձանագրեց, երբ 3-2 արդիւնքով յաղթական վերադարձաւ Վիարէալի դաշտէն: Կերըթ Պէյլ (64-րդ), Քրիսթիանօ Ռոնալտօ (74-րդ` փենալթիով) եւ Ալվարօ Մորաթթա (83-րդ) նշանակեցին Ռէալի կոլերը:
Գերմանիոյ մէջ, ախոյեան Պայէրն Միւնիխ 8-0 արդիւնքով ջախջախիչ յաղթանակ մը արձանագրեց Համպուրկի դէմ: Ռոպերթ Լեվանտովսքի հեթրիքի հեղինակ հանդիսացաւ:
Յաղթանակներ արձանագրեցին նաեւ Լայփցիկ (2-րդ) եւ Պորուսիա Տորթմունտ (3-րդ):
2-1 արդիւնքով յաղթական վերադառնալէ ետք Կենկանի դաշտէն, իր կարգին Մոնաքօ ամրապնդեց պարագլուխի իր դիրքը:


