Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հոգեհանգիստ Երջանկայիշատակ Հայրապետներու Եւ Լուսահոգի Միաբան Հայրերու Համար

February 20, 2017
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը իր դարաւոր պատմութեան ընթացքին ունեցած է բազմաթիւ անձնուէր հայրապետներ եւ անձնուրաց հոգեւորականներ, որոնք թէ՛ եկեղեցական, թէ՛ մշակութային եւ թէ՛ ազգային գանձանակին մէջ ձգած են իրենց լուման` ի խնդիր Հայ ժողովուրդի բարգաւաճման ու ծաղկման:

Երջանկայիշատակ հայրապետներու եւ լուսահոգի միաբաններու տարած անսակարկ ծառայութեան նկատմամբ իբրեւ երախտագիտութիւն, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը աւանդութիւն դարձուցած է ամէն տարի փետրուար ամսուն կատարել հոգեհանգստեան յատուկ պաշտօն` Անթիլիասի մայրավանքին եւ աթոռի բոլոր թեմերու եկեղեցիներուն մէջ:

Արդարեւ, կիրակի, 19 փետրուար 2017-ի առաւօտուն կատարուեցաւ «հանդիսաւոր հոգեհանգիստ վասն հոգւոցն հանգուցեալ հայրապետացն սրբոյ աթոռոյս եւ համայն միաբանից ուխտին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան»: Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին կից գտնուող «Զարեհեան յուշարձան-դամբարան»-ին մէջ, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը նախագահեց հոգեհանգստեան արարողութեան:

Հաւաքական սոյն հոգեհանգիստը առիթ հանդիսացաւ նախնիներու անձնուէր օրինակին հետեւելով շարունակելու Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան անսակարկ ծառայական առաքելութիւնը` ի սպաս հայ եկեղեցւոյ եւ հայ ազգին:

Նախորդը

Արցախեան Ազատագրման Շարժման Սկիզբ

Յաջորդը

Հայաստանէն Առաքուած Մարդասիրական Երկրորդ Օժանդակութեան Առաջին Բաժինը Հասաւ Հալէպ

RelatedPosts

ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի Կազմակերպած Հայկական Վարժարաններու Համալսարանական Եւ Մասնագիտական Արեւելում` Մասնակցութեամբ Աւելի Քան 80 Կամաւորներու Եւ Շուրջ 400 Աշակերտներու
Գաղութային

ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի Կազմակերպած Հայկական Վարժարաններու Համալսարանական Եւ Մասնագիտական Արեւելում` Մասնակցութեամբ Աւելի Քան 80 Կամաւորներու Եւ Շուրջ 400 Աշակերտներու

October 27, 2026
Ընթացք Առաւ Համազգայինի «Օշական» Գիրքի Ակումբի Գործունէութիւնը
Գաղութային

Համազգայինի «Օշական» Ակումբի Երկրորդ Հանդիպումը Քննարկեց Յակոբ Պարոնեանի «Քաղաքավարութեան Վնասները» Հատորը

October 27, 2026
Կրծքագեղձի Քաղցկեղի Մասին Իրազեկման Հանդիպում
Գաղութային

Կրծքագեղձի Քաղցկեղի Մասին Իրազեկման Հանդիպում

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.