Հայ մշակոյթին, դպրոցին ու մամուլին մնայուն սատար հանդիսացող, Համազգայինի արուեստի ցուցասրահի բարերար եւ բազմատաղանդ արուեստագէտ Լիւսի Թիւթիւնճեան, Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան վերականգնման 20-ամեակին առիթով, Հայաստանի Հանրապետութեան մշակոյթի նախարար Յասմիկ Պօղոսեանի կողմէ ստացաւ պատուոյ գիր` հայ մշակոյթի զարգացման եւ հանրահռչակման գործին մէջ իր ունեցած աւանդին համար:
Պատուոյ գիրը յանձնեց Լիբանանի մէջ Հայաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Աշոտ Քոչարեան:
Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահի եւ «Ազդակ»ի տնօրէնութիւնները այս առիթով կը շնորհաւորեն Լիւսի Թիւթիւնճեանը եւ իրեն կը մաղթեն բեղուն գործունէութիւն ու նորանոր յաջողութիւններ:


