Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

January 25, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ ապահովութեան ուժերը շնորհաւորեց «Քոսթա» սրճարանը թիրախ դարձուցած ահաբեկչական գործողութիւնը ձախողեցնելնուն համար: Ան կոչ ուղղեց յաւելեալ գործակցութեան` ահաբեկչութեան դէմ պայքարին առումով:

ԱՐԴԱՐՈՒԹԵԱՆ նախարար Սելիմ Ժրայսաթի հարցազրոյցի մը ընթացքին շեշտեց, որ առեւանգումի արարքները վտանգաւոր են` հաստատելով, որ անոնք պէտք է կտրականօրէն վերջ գտնեն:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան երեսփոխան Ֆատի Քարամ յայտնեց, որ միակ ընտրական օրէնքը, որուն շուրջ կարելի է համաձայնիլ, խառն ընտրական օրէնքն է:

ԱՊԱՀՈՎՈՒԹԵԱՆ ուժեր «Շարք Աուսաթ» օրաթերթին յայտնեցին, որ շէյխ Ահմետ Ասիրի հետեւորդներուն մեծ մասը ՏԱՀԵՇ-ին անդամակցած է:

«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, լիբանանեան ապահովական կառոյցներն ու բանակը կազմ ու պատրաստ վիճակի մէջ կը գտնուին` նկատի ունենալով, որ Լիբանան դարձեալ ահաբեկչութեան թիրախ կը գտնուի:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան երեսփոխան Թոնի Ապու Խաթեր կոչ ուղղեց Պեքաայի մէջ ապահովական ծրագիր մը գործադրելու: Անդրադառնալով ընտրական օրէնքին` Ապու Խաթեր յայտնեց, որ ինք լաւատես է ընտրական նոր օրէնք մը մշակելու հաւանականութեամբ:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ամին Ուեհպէ շեշտեց, որ երեսփոխանական ընտրութիւնները պիտի կատարուին սահմանադրութեամբ ճշդուած թուականին` առկայ ընտրական օրէնքով:

ԱԶԳԱՅԻՆ ազատ հոսանք կուսակցութեան աղբիւրներ յայտնեցին, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն յարմար պահուն պիտի ըլլայ Ռիատի եւ Թեհրանի միջեւ տեսակէտները կամրջող միջնորդը:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան պլոքի երեսփոխան Քամել Ռիֆայի կոչ ուղղեց Պեքաայի մէջ գործադրելու ապահովական գաղտնի սպասարկական ծրագիր մը` յայտնելով, որ քաղաքական ուժերը պատրաստ են այդ ծրագիրին գործադրութեան մէջ իրենց մասնակցութիւնը ունենալու:

ԹԱՈՒՀԻՏ հոսանքի ղեկավար, նախկին նախարար Ուիամ Ուահապ յայտնեց, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն խոստացած է ընտրական արդար օրէնք մը մշակել եւ ան կառչած կը մնայ իր խոստումին, որովհետեւ այդ խոստումէն շեղիլ կը նշանակէ երկրին իշխանութիւնը հարուածել:

ՍԱՅՏԱՅԻ «Քուտս» մզկիթի իմամ շէյխ Մահեր Համմուտ շեշտեց, որ Սայտայի մէջ ահաբեկչութիւնը հիւրընկալող միջավայր գոյութիւն չունի: Ան ցաւ յայտնեց, որ «Քոսթա» սրճարանը ահաբեկչութեան թիրախ դարձնելու նպատակով Համրա ուղղուած երիտասարդ Օմար Ասի Սայտայի բնակիչ է եւ իբրեւ ասպարէզ ընտրած է հիւանդապահութեան գերմարդկային գործը:

ՄԱՐԱՏԱ հոսանքի քաղաքական հարցերու անդամ Շատի Սաատ շեշտեց, որ ընտրական օրէնքին պարագային Մարատա հոսանքը կը զօրակցի համամասնական դրութեան` Լիբանանը 13 թէ 15 ընտրաշրջանի բաժնելու պարագային:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Մարուան Շարպել շեշտեց, որ Լիբանան Սուրիոյ կամ Իրաքի պիտի չվերածուի:

ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Էմիլ Էմիլ Լահուտ շեշտեց, որ Համրայի մէջ բանակին գործադրած ապահովական տեսակարար գործողութիւնը կը փաստէ, թէ լիբանանեան բանակը կրնայ կատարել այնպիսի նուաճումներ, որոնք աշխարհի ամէնէն հզօր բանակները կը ձախողին իրագործելէ:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի աղբիւրներ «Ախպար» օրաթերթին յայտնած են, թէ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն սահմանադրութիւնը խախտելու եւ երեսփոխանական ընտրութիւնները ճշդուած թուականին չկատարելու արարքը չի կրնար հանդուրժել:

«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, նախկին փոխվարչապետ Իսամ Ֆարես Աքքարի երեսփոխանական ընտրութիւններուն մասնակցելու իմաստով վճռական որոշում տուած է:

«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, ապահովական թղթածրարը պիտի ըլլայ կառավարութեան նիստին ընթացքին քննարկուելիք օրակարգերէն մէկը:

«ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ» օրաթերթին համաձայն,  Օմար Ասի խոստովանած է, որ ՏԱՀԵՇ-ի անդամ է եւ «Քոսթա» սրճարանին մէջ ահաբեկչական գործողութիւն մը կատարելու հրահանգը ստացած է Ռաքքայէն:

«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան աղբիւրներէն, կը գրէ, թէ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի տեղեակ է իրենց եւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան միջեւ կատարուող ընտրական օրէնքին մասին խորհրդակցութիւններուն մանրամասնութիւններէն:

 

 

Նախորդը

Ասթանայի Ժողովին Որոշուեցաւ Հիմնել Զինադուլի Հսկողութեան Եռակողմ Գործիքակազմ Մը

Յաջորդը

Փաղանգաւոր Կուսակցութիւնը Կոչ Կ՛ուղղէ Վաւերացնելու Ճշգրիտ Ներկայացուցչութիւնը Եւ Ընկերային Բազմազանութիւնը Ապահովող Արդի Ընտրական Օրէնք Մը

RelatedPosts

Ժամացոյցին Սլաքները Մէկ Ժամ Ետ Տանիլ
Լիբանանեան

Ձմեռնային Ժամանակացոյց

October 24, 2026
Ուաշինկթըն. «Թաէֆի Համաձայնութեան  Ճշդած Լիբանանեան Քաղաքական Կառոյցի  Փոփոխութեան Առաջարկ Գոյութիւն Չունի»
Լիբանանեան

Ուաշինկթըն. «Թաէֆի Համաձայնութեան Ճշդած Լիբանանեան Քաղաքական Կառոյցի Փոփոխութեան Առաջարկ Գոյութիւն Չունի»

October 24, 2026
Ուալց. «Ժամանակն Է, Որ ՖԻՆԻՒԼ-ը  Հեռանայ Լիբանանէն»
Լիբանանեան

Ուալց. «Ժամանակն Է, Որ ՖԻՆԻՒԼ-ը Հեռանայ Լիբանանէն»

October 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.