Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

January 20, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀԱՂՈՐԴԱԿՑՈՒԹԵԱՆ միջոցներու նախարար Ժամալ Ժարրահ ընդգծեց, որ լիբանանեան քաղաքական ուժերը մեծ ճիգեր ի գործ կը դնեն մշակելու համար ընտրական նոր օրէնք մը:

ԵՐԿՐԱԳՈՐԾՈՒԹԵԱՆ նախարար Ղազի Զաայթեր յայտնեց, որ ընտրական նոր օրէնք մը մշակելու առումով ճիգերն ու խորհրդակցութիւնները ընթացքի մէջ են:

ՏԵՂԵԿԱՏՈՒՈՒԹԵԱՆ նախարար Մըլհեմ Ռիաշի յայտնեց, որ Մեհրապի համաձայնութիւնը դարձած է իրականութիւն եւ լիբանանցիներուն ու քրիստոնեաներուն համար արդի պատմութիւն:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Աթեֆ Մաժտալանի հաւանական նկատեց, որ 1960-ի ընտրական օրէնքի բարեփոխուած տարբերակին շուրջ համաձայնութիւն մը գոյանայ:

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան երեսփոխան Էլի Մարունի կոչ ուղղեց, որ խորհրդարանի դիւանը մշակէ ընտրական նոր օրինագիծ մը:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակի հրամանատարութիւնը հաղորդեց, որ իսրայէլեան օդանաւեր կէս գիշերին խզած են Լիբանանի օդային սահմանները եւ թռիչքներ գործած Քֆարքիլայի, Ռայաքի, Պաալպեքի, Հերմելի եւ հարաւային Լիբանանի դիմաց` ուղղուելով դէպի Ռըմէյշ:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Ամալ Ապու Զէյտ կոչ ուղղեց համաձայնելու ընտրական այնպիսի օրէնքի մը շուրջ, որուն համաձայն` կարելի կ՛ըլլայ փոփոխութեան ենթարկել երկրին քաղաքական կեանքը:

ՄԱԶԱՐԵՀ Շեպաայի մէջ լսուած են պայթումներ` իսրայէլեան բանակին կատարած ռազմափորձերուն պատճառով:

ՆԱՊԱԹԻԷԻ մէջ որդեգրուած են ապահովական խիստ միջոցառումներ` կանխարգիլելու համար հաւանական ապահովական խախտումներ կամ ահաբեկչական գործողութիւններ:

ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ շեշտեց, որ գործադրուելիք ընտրական օրէնքը պէտք է քաղաքական եւ տեղայնական իմաստով ճշգրիտ եւ հաւասարակշռուած ներկայացուցչութիւն ապահովէ:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Շաքիպ Քըրթպաուի հաստատեց, որ պարկեշտ դատախազն է, որ կը պաշտպանէ քաղաքացին ու քաղաքական անձնաւորութիւնը:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Ռամզի Ժրէյժ շեշտեց, որ նոր կառավարութեան գործունէութեան սկիզբը լաւ է, եւ անոր դիմաց կը գտնուի ընտրական օրէնքը եւ պետական ամավարկը վաւերացնելու հսկայ պատասխանատուութիւնը:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Մարուան Շարպել յայտնեց, որ համամասնական դրութեամբ կարելի է ճշգրիտ ներկայացուցչութիւն ապահովել, սակայն հաւասարութիւնը կը գտնուի Ուղղափառ հանդիպումին մշակած ընտրական օրէնքին մէջ:

ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան տեղեկատուական հարցերու պատասխանատու Ռամի Ռայէս յայտնեց, որ լիբանանեան քաղաքական ուժերը կը փափաքին 1960-ի օրէնքին հիման վրայ երեսփոխանական ընտրութիւններ կատարել, սակայն չեն յանդգնիր այդ մէկը բացայայտել:

«ՀԱՅԱԹ» օրաթերթին համաձայն, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի հասկացողութիւն ցուցաբերած է ընտրական օրէնքին նկատմամբ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթի մտահոգութիւններուն առնչութեամբ:

 

Նախորդը

Ասատ. «Ասթանայի Ժողովէն Առաջնահերթ Սպասումը Զինադուլի Հաստատումն Է»

Յաջորդը

Սայֆիի Մէջ . Սամի Ժեմայէլ Հանդիպում Մը Կ՛ունենայ Նախարար Ռիաշիի Հետ

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.