
Լիբանանի տղոց պասքեթպոլի Ա. դասակարգի ախոյանութեան դարձի մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր` հինգշաբթի, 19 յունուար 2017-ին, երեկոյեան ժամը 20:30-ին, ՀՄԸՄ կը կատարէ 10-րդ եւ դարձի Ա. հանգրուանի մրցումը` «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ հիւրընկալելով Լուէյզին:
Ինչպէս ծանօթ է, ՀՄԸՄ երթի իր առաջին մրցումը կատարեց Լուէյզիի դէմ եւ յաղթանակով մը սկսաւ նոր տարեշրջանը:
Կ՛ակնկալուի, որ այսօր եւս ՀՄԸՄ կրկնէ իր այս յաղթանակը եւ աւելի ամրապնդէ իր դիրքը ընդհանուր դասաւորման մէջ:
Նշենք, որ այսօր, երեկոյեան ժամը 17:30-ին տեղի կ՛ունենայ այլ մրցում մըն ալ, որուն ընթացքին Պիպլոս կը հիւրընկալէ Մութթահետը:
Դարձի Ա. հանգրուանը սկսաւ երէկ, երբ դռնփակ մրցումի մը ընթացքին Ռիատի Պէյրութ իր դաշտին վրայ 92-81 արդիւնքով յաղթեց Շանվիլի:
Շանվիլէն Փաթրիք Ռեմպըրթ նշանակեց մրցումին ամէնէն շատ կէտը (24):


