
Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Իպրահիմ Քասեմի յայտնեց, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուի յայտարարութիւնները «կը բարդացնեն Սուրիոյ կացութիւնը»:
Քասեմի թուրք պաշտօնատարները յորդորեց անհրաժեշտ միջոցառումները որդեգրելու` «դիմակայելու համար զինեալներու կողմէ զինադադարի համաձայնութեան հակասող քայլերը»` աւելցնելով, որ գոյութիւն ունին հաստատ տեղեկութիւններ, թէ զինեալները մէկ օրուան մէջ 45 անգամ խախտած են զինադադարը:
Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը յայտնեց, որ իր երկիրը` իբրեւ Սուրիոյ վերաբերեալ եռակողմ համաձայնութեան գործընկեր, «համաձայնութիւնները լրջօրէն գործադրելու կարեւորութիւնը կը շեշտէ» եւ կը շարունակէ զինադադարի ամրապնդման եւ քաղաքական լուծման դիւրացման համար աշխատիլ:
Չաւուշօղլու չորեքշաբթի օր յայտնած էր, որ զինադադարի կարգ մը խախտումներ կան, եւ սուրիական բանակն ու անոր դաշնակից ուժերը ամբաստանեց այդ խախտումներուն ետին կանգնելու յանցանքով` զգուշացնելով, որ Ասթանայի մէջ 23 յունուարին նախատեսուած բանակցութիւնները «կրնան տապալիլ, եթէ հետզհետէ աճ արձանագրող խախտումները չդադրին»:
Միւս կողմէ, «Մայատին» հաղորդեց, որ սուրիական Պապ քաղաքի արեւմտեան թաղամասերուն մէջ թրքական ուժերու եւ ՏԱՀԵՇ-ի միջեւ տեղի կ՛ունենան բուռն բախումներ, որոնց ընթացքին սպաննուած է թուրք զինուոր մը, իսկ «Եփրատի վահան» գործողութեան մասնակից ուժերէն չորս զինեալներ վիրաւորուած են:
Նշենք, որ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան չորեքշաբթի օր յայտարարած էր, որ թրքական բանակը մօտ օրէն պիտի վճռէ Պապի ճակատամարտը, ապա ուղղուի Մընպեժ:


