Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ազգային Քարէն Եփփէ Ճեմարանին Մէջ Սկիզբը Յայտարարուեցաւ Ճեմարանի, Նոր Գիւղի Եւ Հալէպի Բոլոր Ազգային Կառոյցներու Վերականգնումի Աշխատանքներուն

January 4, 2017
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

kants-2_010117

«Գանձասար» կը հաղորդէ, թէ կիրակի, 1 յունուար 2017-ին Ազգային Քարէն Եփփէ Ճեմարանի շրջափակին մէջ հաւաքուած էին հարիւրաւոր հայորդիներ, ճեմարանականներ` վերստին ապրելու ճեմարանի նախապատերազմեան շէնութիւնը:

ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբը հնչեցուցած է ազգային-յեղափոխական երգեր, թնդացնելով հինգ տարիներէ ի վեր պատերազմական բախումնային գօտիի մէջ յայտնուած ու թնդանօթներու եւ հրթիռներու թիրախ դարձած, սակայն կանգուն մնացած Ճեմարանն ու Նոր Գիւղը:

Այնուհետեւ հովանաւորութեամբ Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Շահան արք. Սարգիսեանի, ներկայութեամբ պատկան մարմինին, Սուրիոյ խորհրդարանի երեսփոխան Ժիրայր Ռէյիսեանի, Ազգային վարչութեան, Ճեմարանի տնօրէնութեան եւ խնամակալութեան, տեղի ունեցած է Ճեմարանի տօնածառին լուսաւորումը, իբրեւ խորհրդանիշ կեանքի շարունակականութեան ու գաղութի վերականգնումին:

Ճեմարանի տնօրէն Յակոբ Քիլեճեան նախ շնորհաւորած է ճեմարանականներն ու ամբողջ հալէպահայութիւնը Ճեմարանի վերաբացման համար ու Նոր տարուան առաջին օրը սկիզբը յայտարարած է Ճեմարանի, Նոր Գիւղի եւ Հալէպի բոլոր ազգային կառոյցներու վերականգնումի աշխատանքներուն:

«Այսօր, Ճեմարանին մէջ կը սկսինք մեր Նոր տարին: Պիտի սկսինք ու շարունակենք մեր վերականգնումի աշխատանքները, իսկ Ճեմարանի շրջանաւարտները այս տարուան իրենց վկայականները պիտի ստանան ա՛յս բեմէն», ըսած է տնօրէնը:

kants-1_010117

Ապա Բերիոյ թեմի բարեջան առաջնորդը ժողովուրդին ուղղելով իր խօսքը խնդրած է վառած մոմերը բարձրացնել ու մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգել յիշատակը բոլոր նահատակներուն:

Սրբազան հայրը ըսած է. «Այնպէս ինչպէս Սուրիոյ հողը օծուեցաւ նահատակներու արեամբ, մեր ազգի ընտիր զաւակները Ազգային Քարէն Եփփէ Ճեմարանին մէջ եւս իրենց արեան եւ քրտինքի ճանապարհով այս օրը պարգեւեցին մեզի: Փա՜ռք իրենց»: Ապա սրբազան հայրը շնորհաւորած է բոլորին Նոր տարին եւ ըսած, թէ գալիք տարիներու մեր յաղթական երթին, լոյսի ճանապարհին առաջին օրն է սա. օրը մեր յաղթանակին եւ արդար դատին, մեր շարունակականութեան, մեր ազգային, հաւաքական իտէալներու եւ իղձերու իրականացման: Այս երկինքին տակ մութ եւ ելեկտրականութենէ զուրկ այս տարածքը ձեր ներկայութեամբ կը լուսաւորուի: Փա՜ռք ու պատիւ քեզ հայութիւն: Թող ապրի հայութիւնը, ապրի սուրիական հայրենիքը, ապրի Հայաստանը, ապրի Արցախը եւ ապրի Հալէպը:

Սրբազան հայրը աւետած է նաեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին չորեքշաբթի, 4 յունուար 2017-ին Հալէպ ժամանումը` իբրեւ զօրակցութիւն հալէպահայութեան:

kants-3_010117

Ճեմարանին մէջ Նոր տարուան առաջին այս օրը իր աւարտին հասած է խանդավառ մթնոլորտի մէջ:

 

Նախորդը

Փտածութեան Դէմ Պայքարի Հարցերու Պետական Նախարարը Կ՛այցելէ Արամ Ա. Կաթողիկոսին

Յաջորդը

Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Եկէք Յոյսով Թրծենք Մեր Կեանքը, Քրիստոսով Հզօրացած Վերանորոգ Յոյսով Դիմաւորենք Նոր Տարին»

RelatedPosts

Խմբագրական. Որպէսզի Վերապետականանան Հայ Դատի Օրակարգերը  (Հայ Դատի խորհրդաժողովին առիթով)
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Որպէսզի Վերապետականանան Հայ Դատի Օրակարգերը (Հայ Դատի խորհրդաժողովին առիթով)

September 26, 2026
Բացումը Կատարուեցաւ ՀՅԴ Հայ Դատի  Յանձնախումբերու Եւ Գրասենեակներու  Համահայկական Խորհրդաժողովին
Գլխաւոր լուրեր

Բացումը Կատարուեցաւ ՀՅԴ Հայ Դատի Յանձնախումբերու Եւ Գրասենեակներու Համահայկական Խորհրդաժողովին

September 26, 2026
Ուաշինկթըն Քիեւին Եւ Մոսկուային  Առաջարկած Է Արաբական Միացեալ  Էմիրութիւններուն Մէջ Եռակողմ Թեքնիք  Հանդիպում Կայացնել
Գլխաւոր լուրեր

Ուաշինկթըն Քիեւին Եւ Մոսկուային Առաջարկած Է Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն Մէջ Եռակողմ Թեքնիք Հանդիպում Կայացնել

September 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.