Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՔԱՀԱՆԱՅԻՑ ՁԵՌՆԱԴՐՈՒԹԻՒՆ Ս. ՆՇԱՆ ՄԱՅՐ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ

October 10, 2011
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կիրակի, 2 հոկտեմբեր 2011-ին, Ս. Նշան մայր եկեղեցւոյ մէջ կատարուեցաւ ձեռնադրութիւնը երեք նորընծայ քահանաներու:

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանքի ուսումը աւարտած Կարօ Քէշիշեան եւ Դաւիթ Գամայեան, ինչպէս նաեւ քահանայական դասընթացքը աւարտած  Իշխան Տեմիրճեան քահանայ ձեռնադրուեցան` Ձեռամբ Լիբանանի առաջնորդ` Գեղամ արք. Խաչերեանի եւ կնքահայրութեամբ Արթիւր Գունտաքճեանի: Իսկ նորընծայ քահանաները առաջնորդող հայր սուրբը (խարտավիլակ) Մասիս վրդ. Զոպույեանն էր:

Կիրակի օր քահանաներու ծնողներն ու բարեկամները, սրտատրոփ ու գոհունակութեան յուզմունքով կը սպասէին առաջնորդ սրբազան հօր, որ զանգերու ղօղանջներու հրաւէրով ու շքախումբով մուտք գործեց եկեղեցի: Օրուան առիթը բիւրեղացած էր: «Տօն» էր այդ օր: Հաւատացեալ ժողովուրդը ակնածանքի խոր զգացումով համակուած էր. վկան պիտի դառնար հայկական-քրիստոնէական ծիսակատարութեան մը, որուն աւարտին նոր` հոգեւոր պատրաստութեամբ զինուած, երեք քահանաներ, խոկման 40 օրեր անցնելէ ետք,  հայ համայնքին ծառայելու ի սպաս պիտի դնէին իրենց հոգեւոր պաշարը:

Ծիսակատարութիւնը սկիզբ առաւ շաբաթ, յետմիջօրէին, ժամը 4:00-ին, կոչման արարողութեամբ, որ կատարուեցաւ Լիբանանի առաջնորդին հանդիսապետութեամբ եւ մասնակցութեամբ սարկաւագներու, ինչպէս նաեւ` նորընծայ քահանաները ներկայացնող վարդապետներու, որոնց մենակատարութեամբ, հայոց եկեղեցւոյ պատմութեան խորքերէն հնչող շարականները  դիւթեցին ներկաները:  «Երկնային ուրախութիւնը թող տայ ձեզի Տէրը, մեր Աստուածը, որ բարձունքներու մէջ կը բնակի…», առաջնորդ Սրբազանը խօսքը ուղղեց  ծունկի եկած եւ իր շուրջը հաւաքուած նորընծայ քահանաներուն` բացատրելով Յիսուս Քրիստոսի խաչը կրելու խորհուրդն ու պատասխանատուութիւնը, մինչ վերջինները լռակեաց հետեւեցան ու խոնարհութեամբ մասնակցեցան արարողութեան:

Առաջնորդին այն հարցումին, թէ «Յանձն կ՛առնէ՞ք առանց ձանձրանալու, տեւականօրէն եւ զգաստութեամբ Աստուծոյ ծառայութեան մէջ մնալու», երեք նորընծաները միաձայն պատասխանելով` խոստացան իրենց կարելին ընել` դառնալու համար Աստուծոյ արժանի ծառաներ: Անոնք խոստացան նաեւ իրական աշակերտները դառնալու Յիսուս Քրիստոսի ու ենթարկուելու առաջնորդ սրբազանին հրամաններուն ու կարգադրութիւններուն, ամենայն նուիրուածութեամբ ու համոզումով: Այն ատեն առաջնորդ սրբազանը օրհնեց զիրենք եւ մեղքերէ հեռու մնալ յանձնարարեց, որոնք իրենց կարգին օրինակ պիտի դառնային հայ ժողովուրդին դառնալով անոր խոստովանահայրերը: Այնուհետեւ քահանայացուները բարձրաձայն արտասանեցին իրենց «խոստում»ը: Պահը յուզական էր, ներկաները խինդով համակուեցան, որոնք նորընծաներուն մէջ տեսան ապագայ լիարժէք քահանայ հայրերը:

Կիրակի շարունակուեցաւ արարողութիւնն ու կատարուեցաւ ձեռնադրութիւնն ու օծումը:

Նորընծայ քահանաները, ծունկի եկած, հետեւեցան առաջնորդող վարդապետին, ծունկի եկած բարձրացան դէպի խորան, ուր Լիբանանի առաջնորդ սրբազանը իր աջը դնելով նորընծաներու գլխուն` օրհնեց զանոնք ու ըսաւ. «Ես ձեռքս կը դնեմ եւ դուք բոլորդ աղօթեցէք, որպէսզի արժանի ըլլան քահանայական աստիճանը անարատ պահելու, Աստուծոյ սուրբ սեղանին առջեւ»: Այնուհետեւ ան քահանայացուները զգեստաւորեց` յատուկ աղօթքներ եւ մաղթանքներ կատարելով, որմէ ետք անոնց ճակատն ու ափերը Ս. միւռոնով օծեց եւ հանգամանալից կերպով ամէն մէկ քահանային անուանակոչումը կատարեց: Այսպիսով, Կարօ Քէշիշեանը` Տ. Մաշտոց, Դաւիթ Գամայեանը` Տ. Գաբրիէլ, իսկ Իշխան Տէմիրճեանը` Տ. Միքայէլ անունով օծուեցան:

Առաջնորդ սրբազանը այս առիթով քարոզին մէջ նշեց հետեւեալը.

«Այսօր Ազգային առաջնորդարանը ուրախ է, որովհետեւ երեք երիտասարդ նուիրեալներ միացան հայ եկեղեցւոյ, սակայն պէտք է նկատի առնել, որ  հայ եկեղեցւոյ քահանան պարտականութեան, պարտաւորութեան եւ ծառայողութեան կրկնակի գիտակցութիւնը պէտք է ունենայ: Ան արթուն հովիւ, պահակ պիտի ըլլայ, որ մեր հայ հաւատացեալներէն մէկ հատն իսկ չխլուի օտարներուն կողմէ, ինչպէս նաեւ հայ քահանան պէտք է վստահելի նկարագրի տէր անհատ մը ըլլայ, որ հայ ժողովուրդը անոր մէջ տեսնէ հայ քրիստոնեայի օրինակելի պատկերը»: Ան քարոզին աւարտին շնորհակալութիւն յայտնեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ դպրեվանքին, որ տքնաջան աշխատանքով կը պատրաստէ հոգեւորականներ. ինչպէս նաեւ արեւշատութիւն մաղթեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին, որ հայ ժողովուրդին եւ հայ եկեղեցւոյ  հովուապետն է»:

Այնուհետեւ սրբազանը իր օրհնութիւնը տուաւ ու համբուրեց օծեալ ու ձեռնադրուած քահանաներուն ճակատն ու բարի ծառայութիւն մաղթեց անոնց:

ԿՐՕՆԱԿԱՆ  ԺՈՂՈՎԻ
ՔԱՐՏՈՒՂԱՐՈՒԹԻՒՆ

Նախորդը

ԱՂՔԱՏՈՒԹԻՒՆԸ ՄԵՐ ԴՌՆԵՐԸ ԿԸ ԶԱՐՆԷ

Յաջորդը

ԻՍՐԱՅԷԼԻ ԿՈՂՄԷ ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՃԱՆԱՉՄԱՆ ՊԱՐԱԳԱՅԻՆ` ՊԷՏՔ Է ԳՆԱՀԱՏԵԼ ԴՈԿՏՈՐ ՉԱՌՆԻԻ ՆԵՐԴՐՈՒՄԸ

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.