Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԱՂՔԱՏՈՒԹԻՒՆԸ ՄԵՐ ԴՌՆԵՐԸ ԿԸ ԶԱՐՆԷ

October 10, 2011
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱԿՈԲ ԼԱՏՈՅԵԱՆ

Ընդհանրապէս վերամուտի օրերուն, երբ դպրոցի տնօրէն էի, ծնողներու հետ մնայուն կապ կը ստեղծէի եւ տարուէ տարի աւելի կը զգայի տագնապը մեր ժողովուրդի այն խաւին, որ ընդհանրապէս անկարող էր իր ապրուստը ապահովելու, եւ որ` օրը օրին ապրող էր եւ իր օրուան պատառ մը հացը հազիւ կ՛ապահովէր:

Տարիներ անցան եւ իւրաքանչիւր տարեշրջանի վերամուտին, հակառակ դպրոցի տնօրէնութեան պաշտօնէն հեռանալուս, տակաւին համեստ ընտանիքներու մեծ խումբ մը կը յաճախեն գրասենեակս, եւ բոլորին անխտիր ուղղութիւն կու տամ, որպէսզի կարենան իրենց կեանքը կանոնաւորել:

Այս տարի, սակայն, ահաւոր վիճակ մը կը պարզէ: Մեր գաղութին մէջ կայ տնտեսական տագնապէ ծնած լուրջ աղքատութիւն մը, որ օրէ օր սկսած է ծանր կշռել մեր անմիջական շրջանակին վրայ:

Աղքատութիւնն ալ չափ ունի: Այս տարեշրջանին ահաւոր, ցաւալի պատկերներ պարզուեցան եւ տեղ մը ինքզինքիս հարց տուի, թէ ի՞նչ կ՛ընենք մեր ժողովուրդին եւ ինչպէ՞ս կը հասնինք անոր կարիքներուն…:

Բարեսիրական միութիւններու եւ ընկերային ծառայութեան գրասենեակները ողողուած են աղքատ ընտանիքներով: ԼՕԽ-ի պնակ մը կերակուրի ծրագիրէն կ՛օգտուին 180 անհատներ, եւ շաբաթը երկու անգամ տաք ճաշ կը բաժնուի: Ծերանոցի եւ Ազունիէի պատսպարեալներուն մեծ մասը հովանաւորող չունի: Անտէր մնացած տարեցներու պատկառելի թիւ մը սկսած է շատնալ, եւ առողջական, տնտեսական, ընկերային ու ընտանեկան հարցերը ի յայտ կու գան: Այսօր, վերամուտի օրերուն կրկնակիօրէն կը զգանք տնտեսական լուրջ տագնապը: Մեր դպրոցները իրենց առաւելագոյնը կ՛ընեն, սակայն կայ ստուար թիւ մը աղքատներու, որոնց առօրեան շատ հեռու է բնական ըլլալ է: Լոյսի, հացի, հագուելիքի, ապրուստի, վերապրելու, ոտքի կենալու եւ մնալու լուրջ տագնապ կը դիմագրաւեն:

Բոլորս պէտք է թիկունք կանգնինք այս պարագաներուն, որովհետեւ այս պատանիները դպրոց չերթալու եւ փողոցները մնալու վտանգին տակ են:

Մեր դպրոցներուն դռները բաց են վստահաբար: Պէտք է իւրաքանչիւրս տուն առ տուն, թաղ առ թաղ աշխատանք տանինք, որ ոչ մէկ հայ մանուկ հայ դպրոցէն զրկուի: ԼՕԽ-ականները, քահանաները, ակումբները ու մեզմէ իւրաքանչիւրս հետեւինք եւ տէր կանգնինք աղքատ ընտանիքներուն, որպէսզի առանձին չզգան:

Հաւաքական եւ աննախընթաց միջոցառում մը պէտք է, որպէսզի կարենանք աղէտը դիմագրաւել:


Նախորդը

ՆԱՄԱԿԱՆԻ

Յաջորդը

ՔԱՀԱՆԱՅԻՑ ՁԵՌՆԱԴՐՈՒԹԻՒՆ Ս. ՆՇԱՆ ՄԱՅՐ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.