Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՆԱՄԱԿԱՆԻ

October 10, 2011
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Հայաստանի Հանրապետութիւն – սփիւռք գործակցութիւն, երէկ, այսօր եւ վաղ»ը նիւթով գիտաժողովի կայացումը, սփիւռք-Հայաստան յարաբերութիւններու թեմային շուրջ զանազան յօդուածները , վերջերս «Ազդակ»ի մէջ լոյս տեսած «փան Արմինիան» կայքէջի վրայ տեղադրուած «Ո՞վ է մեղաւոր, որ տոմսերը թանկ են, «Զուարթնո՞ց»ը, թէ՞ «Արմաւիա»ն» յօդուածը, ինչպէս նաեւ  Հայաստանի  Հանրապետութեան անկախացման 20-րդ տարեդարձի պարտաւորեցնող պատասխանատուութիւնը կը մղեն մեզ` մեր կարգին վերարծարծելու վերոնշեալ հաւաքներու ընթացքին եւ յօդուածներուն մէջ տեղ գտած զանազան հարցերը, ինչպէս նաեւ` խօսելու այլ մտահոգութիւններու մասին, որոնց ականատես եղած ենք Հայաստանեան պետական թէ այլ հաստատութիւններու եւ ծառայութիւններու հետ ունեցած մեր յարաբերութիւններուն ընթացքին:  Յստակ այն համոզումով, որ այս բոլորը կ՛ընկալուին միա՛յն որպէս առողջ եւ դրական դիտողութիւն, աւելի պայծառ ապագայի մը սպասումով:

Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարութեան կայքէջին վրայ կը կարդանք, թէ Պէյրութի մէջ կայացած գիտաժողովի ընթացքին արծարծուած են զանազան հարցեր, ինչպէս` մէկ ուղղագրութիւն դասաւանդելու կարեւորութիւն, երկքաղաքացիութեան դիմողներու համար աւելի դիւրին պայմաններու ստեղծում, հայ ժողովուրդի առաջնորդներու եւ մասնագէտներու պատրաստութիւն, օդանաւային տոմսերու սակերու նուազեցման եւ արտագաղթի դէմ պայքարելու անհրաժեշտութիւն եւ այլն…:

Այս բոլոր մտահոգութիւններուն կողքին կ՛ուզենք մատնանշել նաեւ այլ թերի եւ տհաճ երեւոյթ մը, որն է` հայաստանեան պետական կառոյցներու մէջ գործող եւ ծառայող պետական պաշտօնեաներու եւ անձնակազմի որոշ անդամներու  յաճախ կոշտ եւ ո՛չ արհեստավարժ  վարուելակերպը իրենց դիմող հայորդիներու նկատմամբ: Անշուշտ կարելի չէ այս հարցը ընդհանրացնել:

Ուսուցիչներ եւ առաջնորդներ վերաորակաւորելու եւ արժեւորելու աշխատանքներուն համընթաց, պէտք է վերաորակաւորուին նաեւ մեր պետական կառոյցներու պաշտօնէութիւնն ու անձնակազմի անդամները: Պետութիւն մը ներկայացնող պաշտօնական անձնակազմ մը, որուն մօտ յաճախ կը բացակայի պարզ հարցումի մը պատասխանելու նուազագոյն պատրաստակամութիւնը, ուր չի պահուիր նուազագոյն քաղաքավարութիւնը պահանջող պատշաճ վերաբերում մը, ուր դիմող անհատը յուզող հարցերուն յստակ պատասխաններ չկան, ժխտական մթնոլորտ մը կը պարզեն առաջին անգամ նման փորձառութիւն ունեցող անհատին համար:

Կարծես տակաւին  կը շարունակուի խորհրդային կարգերը յիշեցնող անհանդուրժողականութիւնը:

Ինչ կը վերաբերի երկրորդ կարեւոր երեւոյթի մը, կ՛ուզենք կրկին անդրադառնալ օդանաւային տոմսերու սակերու ահաւոր մագլցումին, երբ Պէյրութ-Երեւան թռիչքը կը հասնի 700-750 տոլարի:  Մէկ ու կէս ժամուան թռիչքի մը համար ծիծաղելի այս գինը վճարելով հանդերձ,  չեն յարգուիր թռիչքներու ժամերը, չեն հասնիր պայուսակները եւ այլն, եւ այլն:Տակաւին չենք խօսիր «Արմաւիա» օդանաւային ընկերութեան կողմէ կիրարկուող խաղերուն եւ կեղծիքներուն մասին, երբ ապահովուած տոմս մը յանկարծ կը ջնջուի շատ աւելի սուղ գինով վաճառուելու համար:

Կը խնդրենք եւ իսկապէս կը յուսանք, որ նկատի առնուին մեր այս նկատողութիւնները:  Այլապէս, այս ձեւով շարունակուելու պարագային, Հայաստան ճամբորդութիւնը կը դառնայ միայն որոշ խաւի մը սեփականութիւնը:

Ո՞ւր կը մնայ պետութեան «Արի տուն» կանչը:  Արդեօ՞ք այդ ալ կը մնայ սահմանուած յատուկ դասակարգի մը:

Ա.Գ.
Ս.Տ.

 

Նախորդը

ԲԱՄԲԱՍԱ՞ՆՔ, ԹԷ՞ ԲԱՆՆ ԱՍԱՆԿ

Յաջորդը

ԱՂՔԱՏՈՒԹԻՒՆԸ ՄԵՐ ԴՌՆԵՐԸ ԿԸ ԶԱՐՆԷ

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.