Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՄԱՆԿԱՊԱՐՏԷԶԻ ՈՒՐԱԽ ՎԵՐԱՄՈՒՏԸ

October 10, 2011
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

4 հոկտեմբեր 2011-ի առաւօտեան կանուխ ժամերէն Մեսրոպեան մանկապարտէզի շրջափակը վերամուտեան եռուզեռ կը տիրէր: Հոս էին Բողբոջ դասարանէն մինչեւ Ծաղիկ դասարանի բոլոր աշակերտները` ընկերակցութեամբ ծնողներու, մեծ հայրերու եւ մեծ մայրերու, հարազատներու: Հոս էին մանկապարտէզի ուսուցչական կազմի անդամները` գլխաւորութեամբ մանկապարտիզպանին, ինչպէս նաեւ` վարժարանի տնօրէնը եւ տեսչական կազմի անդամներէն շատեր:

Կը հնչէր ուրախ մանկական երաժշտութիւն, իսկ մանկապարտէզի շրջափակը զարդարուած էր վերամուտ խոշոր պաստառով մը եւ գունաւոր փուչիկներով:

Բոլորին բարի գալուստի խօսք ըսելէ ետք, Կոկոն դասարանի հայերէնի ուսուցչուհի  Շողիկ Եփրեմեան հրաւիրեց բոլոր ներկաները` մանկապարտիզպանին հետ միասնաբար Տէրունական աղօթքով սկսելու վերամուտը:

Այնուհետեւ մանկապարտէզի Բողբոջ դասարանի բոլոր ուսուցչուհիները, գլխաւորութեամբ մակապարտիզպանի օգնական Քարոլին Թերզեանի, ներկայացան գեղեցիկ եւ բացառիկ անակնկալով մը: Անոնք գրեթէ մէկ ժամ տեւողութեամբ  պարեցին եւ երգեցին իրենց աշակերտներուն համար` ընկերակցութեամբ նապաստակին (ուսուցիչ Թինա Կարապետեան) եւ ծաղրածուին Ծաղիկ դասարանի արաբերէնի ուսուցիչ Սոնիա Ապեթեան): Ծաղրածուի եւ Դալար Գազանճեանին օգնութեամբ, Շողիկ Եփրեմեան հարց եւ պատասխանի ձեւով, ցուցադրութեան շնորհիւ բացատրութիւններ տուաւ մանկապարտէզ յաճախելու կարգ ու կանոնին մասին: Այս ամբողջ ցուցադրութեան իրենց ուրախ բացագանչութիւններով մասնակցեցան նաեւ նախորդ տարուան աշակերտները, որոնք ի տարբերութիւն նորեկ աշակերտներու` լաւ գիտէին այս բոլորը:

Ծաղրածուն բոլոր մանուկներուն շաքար բաժնեց, ինչպէս նաեւ` «բարի վերամուտ» գրութեամբ գունաւոր դրօշակներ:

Այնուհետեւ, ներկայ ծնողներէն կարգ մը ծնողներ խօսք առնելով` իրենց շնորհակալութիւնը յայտնեցին վարժարանի տնօրէնութեան:

Իր կարգին խօսք առնելով, վարժարանի տնօրէն  Կրեկուար Գալուստ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր ծնողներուն` վարժարանին ընծայած բարձր վստահութեան համար: Ինչպէս նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց մանկապարտէզի պատասխանատուներուն եւ ուսուցչուհիներուն` այս գեղեցիկ օրը մանուկներուն պարգեւելու համար: Ան վստահեցուց, որ հոս ճիգ չի խնայուիր հայ մանուկը ուրախ եւ երջանիկ պահելու համար:

Վերամուտի այսպէս կոչուած ուրախ ձեռնարկը աւարտած էր, եւ բոլոր փոքրիկները, առաջնորդութեամբ իրենց ծնողներուն, ուղղուեցան դէպի իրենց դասարանները` սկսելու համար 2011-2012 ուսումնական տարին:

ՏԵՍՉԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ
ՄԵՍՐՈՊԵԱՆ ԲԱՐՁՐԱԳՈՅՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ

Նախորդը

ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ

Յաջորդը

ՀԱՅ ԱՒԵՏԱՐԱՆԱԿԱՆ ԵՐԿՐՈՐԴԱԿԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆ ԱՅՆՃԱՐ. ՎԵՐԱՄՈՒՏ

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.