Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հաղորդագրութիւն

December 14, 2016
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ընթացիկ տարուան 3, 4 եւ 5 դեկտեմբերին Համազգայինի Կեդրոնական վարչութիւնը Պէյրութի իր գրասենեակին մէջ գումարեց 2014-2018  քառամեակի իր Գ. լիակազմ ժողովը:

Նախ ժողովը ունկնդրեց շրջաններու գործունէութեան տեղեկագրական զեկուցումները եւ ուրախութեամբ հաստատեց, որ Համազգայինի կազմակերպական միաւորներու ցանցը հետզհետէ զգալիօրէն կ՛երիտասարդանայ. միաժամանակ անիկա կ՛ընդարձակուի, որուն փաստն է Քուէյթի նորահաստատ մեկուսի կազմը: Ժողովը նաեւ ընդգծեց Հիւսիսային Ամերիկայի երեք շրջաններու` Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան, Արեւմտեան եւ Քանատայի Շրջանային վարչութիւններու շարունակուող համագործակցութեան նշանակալի երեւոյթը եւ այդ ոգիով գործունէութեան կարեւորութիւնը, մանաւանդ այդ շրջաններու երիտասարդական-ուսանողական խաւերուն Համազգայինի գործունէութիւնը ծանօթացնելու տեսակէտէն:

Անդրադառնալով Կեդրոնական վարչութեան Հիւսիսային Ամերիկայի գրասենեակին` ժողովը ճշդեց անոր յառաջիկայ գործունէութեան ուղեգիծն ու բովանդակութիւնը, յատկապէս նիւթական կռուաններ յառաջացնելու եւ ապա զանոնք ուռճացնելու առաջադրութիւնը:

Յաջորդաբար ժողովը զբաղեցաւ Կեդրոնական վարչութեան հովանիին տակ գործող կրթական հաստատութիւններու վարչական եւ ուսումնական խնդիրներով: Տեղի ունեցաւ Մարսէյի Ճեմարանի, Սիտնիի Արշակ եւ Սոֆի Գոլստըն Ճեմարանի, ինչպէս նաեւ` Փարիզի Համազգային-Թարգմանչաց վարժարանի կացութեան հերթական քննութիւնը, իսկ ծանօթանալով Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի նոր նշանակուած տնօրէնուհիին ցարդ ծաւալած աշխատանքին եւ յառաջիկայ ծրագիրներուն, ժողովը գոհունակութեամբ արձանագրեց, թէ վստահութիւնը ունի, որ Ճեմարանը թեւակոխելով արդիականացման նոր հանգրուան մը, անխափան պիտի շարունակէ իր երթը` ամուր փարելով հայեցի դաստիարակութեան զուգահեռ բարձրորակ ուսում ջամբելու իր առաքելութեան: Իսկ սփիւռքի հայկական վարժարաններուն համար հայերէն դասաւանդող ապագայ ուսուցիչներու պատրաստութեան ծրագիրին վերաբերեալ, ժողովը որոշեց յաւելեալ քարոզչական թափ տալ Երեւանի պետական համալսարանին հետ Համազգայինի գործակցութեամբ իրականացուող հայագիտութեան մագիստրոսական եւ դպրոցական վարչագիտութեան ծրագիրներուն:

Ժողովը առանձնաբար քննեց նաեւ իր այլ հաստատութիւններուն` «Վահէ Սէթեան» տպարանին, հրատարակչատան եւ «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին անցնող տարուան գործունէութեան համարատուութիւնը, իր գոհունակութիւնը արձանագրեց աշխատանքներուն բարեյաջող ընթացքին նկատմամբ եւ որդեգրեց այդ հաստատութիւններու բարգաւաճման միտող որոշումներ:

Անդրադառնալով «Բագին» գրական հանդէսին` ժողովը գտաւ, որ անշեղ կ՛ընթանայ անոր խմբագրութեան սերնդափոխութիւնը, եւ «Բագին»-ի ներկայ խմբագրութիւնն ու խմբագրական խորհուրդը կ՛ապահովեն հանդէսին առաքելութիւնը` սփիւռքի գրական-իմաստասիրական առաջնակարգ ժամադրավայրը հանդիսանալու տեսակէտէն:

Անցնող տարեշրջանին իր անձնակազմի փոփոխութիւնները քննելով` Կեդրոնական վարչութիւնը գտաւ, որ Համազգայինի Երեւանի գրասենեակն ու անոր նոր վարչակազմը կը շարունակեն հայրենի հողին վրայ մշակութային գործունէութիւն ծաւալել գիտաժողովներով, մրցումներով եւ հրատարակութիւններով:

Ապա ժողովը արժեւորեց ելեկտրոնային սարքերու խաղերով 3 տարեկան եւ վեր մանուկներու հայերէն սորվեցնելու նախաձեռնութիւններու շարքին առաջին հրատարակութիւնը` իմա՛` «Լալան ու Արան – Գոյներու աշխարհ»-ը, իր արեւմտահայերէն եւ արեւելահայերէն տարբերակներով: Ժողովը որոշեց լայն քարոզչութեամբ հրապարակել շարքին յաջորդ խաղերը`, «Լալան ու Արան- Ձեւերու աշխարհ»-ը- «Լալան ու Արան-Թիւերու աշխարհ»-ն ու «Լալան ու Արան-Գիրերու աշխարհ»-ը, որոնք պատրաստութեան ընթացքի մէջ են: Իսկ համացանցային երիտասարդական հարթակի ճամբով հայ երիտասարդութիւնը մեր մշակոյթին առնչելու իր որդեգրած ծրագիրին կապակցութեամբ, Կեդրոնական վարչութիւնը որոշեց շարունակել ծաւալած նախապատրաստական աշխատանքը` յաջորդ տարուան ընթացքին զայն հրապարակելու նախատեսութեամբ:

Կեդրոնական վարչութեան լիակազմ ժողովի օրակարգին մաս կը կազմէին նաեւ Համազգայինի տարեկան Ուսանողական համախմբումը (Ֆորում) եւ քարոզչական աշխատանքներու կազմակերպումը: Անոնց յառաջիկայ ուղեգիծը ճշդելու նպատակով, այս հարցերը ենթարկուեցան համապարփակ քննարկման:

Վերոյիշեալ բոլոր հարցերը մաս կը կազմեն Համազգայինի Ընդհանուր ռազմավարական ծրագիրին, որուն անմիջականօրէն գործադրելի բաժինները հանգամանօրէն քննելով, ժողովը եզրակացուց, թէ բարեյաջող ընթացքի մէջ են անոնք: Այդուհանդերձ, տակաւին իրագործման հանգրուանին հարկ է հասցնել շարք մը այլ մշակութային եւ կրթական նախաձեռնութիւններ, որոնց իրագործման աշխուժօրէն յանձնառու կը մնայ Կեդրոնական վարչութիւնը:

ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆ ՀԱՅ ԿՐԹԱԿԱՆ ԵՒ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ
ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ

Պէյրութ, 6 դեկտեմբեր 2016

 

Նախորդը

Սփիւռքի Նախարար Հրանուշ Յակոբեան Այցելեց Համազգայինի «Լեւոն Շանթ» Մշակութային Կեդրոն

Յաջորդը

Հայաստանի Սփիւռքի Նախարարը Այցելեց Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարան

RelatedPosts

Բագրատունի. «Մեր Կարեւորագոյն Որոշումը  Ներքին Միասնութեան, Համակեցութեան  Եւ Մեր Ազատութիւններու, Ինչպէս Նաեւ  Գերիշխանութեան Մնացորդի Պահպանումն Է»
Գաղութային

Բագրատունի. «Մեր Կարեւորագոյն Որոշումը Ներքին Միասնութեան, Համակեցութեան Եւ Մեր Ազատութիւններու, Ինչպէս Նաեւ Գերիշխանութեան Մնացորդի Պահպանումն Է»

October 3, 2026
Գրենական Պիտոյքներու Բաշխում Հայկական Տարբեր Վարժարաններու Աշակերտներուն
Գաղութային

Գրենական Պիտոյքներու Բաշխում Հայկական Տարբեր Վարժարաններու Աշակերտներուն

October 3, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց ՀԲԸՄ-ի «Տէմիրճեան» կեդրոն
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց ՀԲԸՄ-ի «Տէմիրճեան» կեդրոն

October 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.