Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ. ՀԱՄԱՅՆՔԱՅԻՆ ԿԱՄՈՒՐՋՆԵՐ

October 7, 2011
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանանի խորհրդարանի նախագահին եւ Քուէյթի ելեւմուտքի նախարարին այցելութիւնները Երեւան գրեթէ կը համընկնէին ժամանակի առումով: Արաբական երկու երկիրներու պաշտօնական ներկայացուցիչներուն հետ եղած հանդիպումները, ստորագրուած համաձայնագիրները, ընդգծուած համագործակցութեան անհրաժեշտութիւններն ու յառաջիկայի առումով կատարուած յայտարարութիւնները կը նախանշեն, որ Երեւան-արաբական երկիրներ միջպետական յարաբերութիւններուն նոր խթան հաղորդելու նախադրեալներ կ՛երեւին:

Քուէյթի նախարարին զբաղեցուցած պաշտօնը ինքնին կը շեշտէ, որ այցելութեան նպատակը դէպի Ծոցի երկիրներ աւելի բացուելու, տնտեսական քաղաքականութեան թափ տալու եւ նոր ներդրումներ ապահովելու կը միտի: Փաստօրէն կը խօսուի Երեւանի մէջ Քուէյթի դեսպանատուն հաստատելու մօտալուտ ըլլալուն եւ Հայաստան-Քուէյթ օդային հաղորդակցութեան հաստատման նոր ստորագրուած համաձայնագրի գործադրութեան մասին: Ապրանքաշրջանառութիւնը նկատելիօրէն աւելցնելու, ինչպէս նաեւ այդ տարածքներէն զբօսաշրջիկներուն համար մեր երկիրը գրաւիչ դարձնելու գործնական միտումները ակներեւ են այս օրերուն:

Լիբանանի խորհրդարանի նախագահին այցելութիւնը Երեւան,  իր ընդհանուր գիծերուն մէջ երկու երկիրներուն միջեւ բարեկամական յարաբերութիւններու ամրապնդման կը միտէր: Յայտարարութիւնները` Նեպիհ Պըրրիի կողմէ կատարուած, այդ առաջադրանքը կը շեշտեն առհասարակ: Առաջադրուած է քաղաքական յարաբերութիւններու բարձր մակարդակին համընթաց զարգացնել նաեւ երկու երկիրներուն միջեւ տնտեսական կապերը: Լիբանանի խորհրդարանի նախագահին համաձայն, Լիբանանը Հայաստանի համար կրնայ նկատուիլ դուռ` միջինարեւելեան երկիրներ մուտքի համար:

Անկախ այն կարեւոր իրողութենէն, որ երկու այցելութիւններն ալ կրնան ծառայեցուիլ փոխշահաւէտ համագործակցութիւններու իրականացումներով Հայաստանի տնտեսութիւնը հզօրացնելու աշխատանքներուն, կարեւոր է երեւոյթները դիտարկել քաղաքական հրատապութիւն ներկայացնող եւ հայկական խնդիրներուն հետ աղերս ունեցող այսօրուան իրադարձութիւնները նկատի ունենալով:

Այսպէ՛ս: Երկու երկիրներն ալ անդամ են Իսլամական երկիրներու վեհաժողովին, ուր Պաքուն ամէն նիստի առիթ չի փախցներ արցախեան հարցին առնչութեամբ հակահայ բանաձեւեր  որդեգրել տալու: Կրօնական հարցերու ուղղակի շահարկումներով նման միջավայրերու մէջ Պաքուի կատարած աշխատանքը անշեղօրէն եւ հետեւողական ձեւով կը շարունակուի: Այս չէ նշանակած սակայն, որ երկու երկիրներն ալ առանձնապէս պաշտօնական Պաքուի տեսակէտները որդեգրեն եւ այդ առումով յայտարարութիւններով հանդէս գան: Լիբանանի խորհրդարանի նախագահին բառերով` պարտադիր է շրջանի տեղւոյն բնակչութեան կամքի յարգումը: Յայտարարութիւնը, որ համահունչ է ազգերու ինքնորոշման իրաւունքի յարգումի սկզբունքին, էովին կը հակասէ Իսլամական երկիրներու վեհաժողովին որդեգրած բանաձեւերու բովանդակութեան: Ինչ կը վերաբերի քուէյթցի նախարարին, ապա անոր զբաղեցուցած պաշտօնն ու քաղաքական այլ հանգամանքները նկատի ունենալով աւելի քան հասկնալի է այս մասին ընդհանրապէս չարտայայտուիլը:

Տակաւի՛ն: Հայաստանի միւս «դրացի»ն Թուրքիան նոր օսմանականութեան հաստատման ու տարածման իբրեւ գլխաւոր թիրախ-աշխարհագրական շրջան ընտրած է արաբական աշխարհը եւ այս պարագային` Միջին Արեւելքը, ուր ոչ միայն տնտեսական, այլ բոլոր մարզերուն մէջ մեծ դռնէն մուտք գործելու քաղաքականութեամբ տարուած են նոր օսմանցիները: Հիմա, Լիբանանի խորհրդարանի նախագահը Լիբանանը Հայաստանին համար կը նկատէ Միջին Արեւելք մուտք գործելու հիմնական դուռը:

Թրքական գործօնի աշխուժացման քաղաքականութեան դիմաց հակակշիռ քայլերու ամէնէն ազդեցիկը Հայաստանի Հանրապետութիւն-արաբական երկիրներ միջպետական յարաբերութիւններու սերտացումն է, կնքուած համաձայնագիրներու գործադրութեան հետամուտ ըլլալը եւ փոխշահաւէտ համագործակցութիւններով Հայաստանի Հանրապետութեան տնտեսական հզօրացում ապահովելը: Միջինարեւելեան տեղւոյն համայնքները այս քաղաքականութեան իրականացման համար լիարժէք կամուրջի դեր կրնան վերցնել: Մարդկային կամ համայնքային այս կամուրջը այսօր ո՛չ Պաքուն, ո՛չ ալ Անգարան ունին:

Նախորդը

ՆՇՄԱՐ. ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՄԷՋ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ԴԵՍՊԱՆԻՆ ԴԱՍԱԽՕՍՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ ՀԵՏԱՔՐՔՐԱԿԱՆ ՄԱՆՐԱՄԱՍՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Յաջորդը

ՀԱՄԱՅՆՔԱՅԻՆ ԿԱՄՈՒՐՋՆԵՐ

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.