Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՆՇՄԱՐ. ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՄԷՋ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ԴԵՍՊԱՆԻՆ ԴԱՍԱԽՕՍՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ ՀԵՏԱՔՐՔՐԱԿԱՆ ՄԱՆՐԱՄԱՍՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

October 7, 2011
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

Երէկուան մեր «Թուրքիոյ դեսպանին երեւակայածին ու ստապատիր պնդումները» խորագրեալ յօդուածով անդրադարձած էինք Սին Էլ Ֆիլի մէջ լիբանանեան հարցերու «Իսամ Ֆարես» կեդրոնին կազմակերպութեամբ եւ «Թուրքիոյ դիմագրաւած մարտահրաւէրներն ու զերօ խնդիրներ քաղաքականութիւնը» խորագիրով դասախօսութեան ընթացքին հայ-թրքական յարաբերութեանց մասին Լիբանանի մէջ Թուրքիոյ դեսպան Ինան Էօզեըլտըզի այն խօսքերուն, թէ Արեւելեան Անատոլուի մէջ դարասկիզբին պատահած «դէպքերը» Թուրքիոյ մէջ «ներքին քննարկումի նիւթ են» եւ ի տարբերութիւն Լիբանանի եւ շարք մը այլ երկիրներու, ուր «հայկական տեսակէտին հակասող գիրքեր ծախելը արգիլուած է», Թուրքիոյ մէջ տարբեր տեսակէտներ ներկայացնող գիրքեր կարելի է գտնել:

Հաւաստի աղբիւր մը տողերուս հեղինակին յայտնեց, որ դեսպանը վերոնշեալ յայտարարութիւնները կատարած է դասախօսութեան աւարտին` տարբեր հարցերու շուրջ ներկաներու հարցումներուն պատասխանելու ծիրին մէջ: Աղբիւրը պատմեց, որ դասախօսութեան ներկայ լիբանանցի արաբ ակադեմական մը դեսպանին ուղղած է «զերօ խնդիրներ» քաղաքականութեան ծիրին մէջ հայերէն ներում հայցելու մասին հարցում մը: Թուրք դիւանագէտը բոլոր ներկաներուն հարցումներուն պատասխանած է, սակայն անտեսած այդ «անախորժ» հարցումը, ինչ որ դասախօսութեան ներկայ Միացեալ Նահանգներու նախկին դեսպան Վինսընթ Պեթըլը մղած է միջամտելով դեսպանին յիշեցնելու, թէ «հայերուն մասին հարցումին չպատասխանեցիք»: Նշենք, որ լիբանանեան «Ախպար» օրաթերթը իր երէկուան թիւին մէջ` անդրադառնալով Թուրքիոյ դեսպանին դասախօսութեան, դիպուկ կերպով նշած էր, որ ան «անշուշտ հայերէն ներում հայցելու մասին հարցումներէն գոհ չմնաց»:

Դեսպան Էօզեըլտըզ հարցումին պատասխանելու ընթացքին գանգատած է, թէ հայերը ամէն տեղ ներկայ են եւ «ուր որ երթանք` Ֆրանսա, թէ Լիբանան, հայ մը կ՛ելլէ մեր դիմաց»` աւելցնելով, թէ հայեր գրախանութները կը շրջին եւ «մեր տեսակէտը ներկայացնող գիրքերը կը պատռտեն»:

Խօսելով դասախօսութեան ընդհանուր մթնոլորտին մասին` աղբիւրը տողերուս հեղինակին յայտնեց, որ դեսպանը իր դասախօսութեան ընթացքին խօսած է չոր եւ «60-ական թուականներու ոճով» մը, ինչ որ ներկաներուն մօտ վատ տպաւորութիւն ձգած է:

 

Նախորդը

ԼԻԲԱՆԱՆԱՀԱՅ ԲԺԻՇԿՆԵՐՈՒ ՄԻՈՒԹԻՒՆ. ՄԱՐՈՒԱՆ ՈՒԵՀՊԷ ԴԱՍԱԽՕՍԵՑ ՍԱԺԱ ԸՆԿԵՐՈՒԹԵԱՆ ԱՐՏԱԴՐԱԾ ԴԵՂԱՄԻՋՈՑՆԵՐՈՒՆ ՄԱՍԻՆ

Յաջորդը

ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ. ՀԱՄԱՅՆՔԱՅԻՆ ԿԱՄՈՒՐՋՆԵՐ

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.