Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Հայոց Ցեղասպանութիւնը Դատապարտող Բանաձեւի Որդեգրման Հարցը Չեխիոյ Օրակարգին Վրայ Է» Կ՛ըսէ Չեխիոյ Դեսպանը

December 3, 2016
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

tchekia_120216

Հայաստանի մէջ Չեխիոյ դեսպան Փեթր Միքիսքա «Թերթ»-ին հետ զրոյցի մը ընթացքին յայտնած է, որ Չեխիան կը քննարկէ Հայոց ցեղասպանութիւնը դատապարտող բանաձեւի որդեգրման հարցը:

Չեխիոյ նախագահ Միլոշ Զեման յունիսին Հայաստան կատարած իր այցելութեան ընթացքին դիմելով իր երկրի խորհրդարանին եւ կառավարութեան կոչ ուղղած էր որդեգրելու Հայոց ցեղասպանութիւնը դատապարտող բանաձեւ մը:

Այս հարցին մէջ դրական տեղաշարժի մը գոյութեան մասին հարցումին պատասխանելով դեսպանը յայտնած է, որ հարցը քննարկուած է բաւական զգացական մակարդակի վրայ, նախագահը առաջարկ ներկայացուցած է, խորհրդարանի խմբակցութիւնները ներքին կարգով քննարկած են հարցը, որ սակայն տակաւին հրապարակային քննարկման չէ դրուած:

«Մեր նախագահը հանդիպած է նաեւ Չեխիոյ վարչապետին, արտաքին գործոց նախարարին հետ, անոնց ալ առաջարկած Հայոց ցեղասպանութիւնը դատապարտող բանաձեւ որդեգրել, ինչ որ նոյնպէս տակաւին հրապարակային չէ: Հոլովոյթը ընթացքի մէջ է. թէ ե՛րբ հրապարակային քննարկում պիտի ըլլայ` դժուար է ըսել, ամէն պարագայի հարցը օրակարգի վրայ է», ըսած է ան:

«Պէտք է նշեմ, որ Չեխիոյ մէջ կան նաեւ քաղաքական ուժեր, որոնք կողմ չեն այս բանաձեւի որդեգրման: Խորհրդարանին մէջ ոչ բոլորը կողմնակից են», նշեց դեսպանը` շեշտելով սակայն, որ Չեխիոյ խորհրդարանի մեծամասնութիւնը Հայոց ցեղասպանութիւնը դատապարտող բանաձեւի որդեգրման կողմնակից է:

Բայց եւ այնպէս, Միքիսքա ըսած է, որ քանի տակաւին հարցը հրապարակաւ չէ քննարկուած, դժուար է ըսել, թէ իրականութեան մէջ որո՛նք կողմ են եւ որո՛նք դէմ այս բանաձեւի որդեգրման:

Դիւանագէտը նաեւ նշած է, որ յայտնի չէ, թէ ե՛րբ պիտի քննարկուի հարցը: «Ամէն պարագայի դժուար է ըսել, որ օրինակ մէկ ամիսէն պիտի քննարկուի, այդպիսի նախաձեռնութիւն չկայ», աւելցուցած է Հայաստանի մէջ Չեխիոյ դեսպանը:

Նախորդը

«Տիգրանակերտի Ս. Կիրակոս Եկեղեցւոյ Շրջակայքը Գետնին Հաւասարեցուած Է» Կ՛ըսէ Տողան

Յաջորդը

Սկսած Է Հայ-Ֆրանսական Ապակեդրոնացուած Համագործակցութեան Հերթական Համաժողովը

RelatedPosts

Եպիսկոպոսներու Եւ Մէկ Քահանայի Մեղադրանք Առաջադրուած Է
Գլխաւոր լուրեր

Եպիսկոպոսներու Եւ Մէկ Քահանայի Մեղադրանք Առաջադրուած Է

February 2, 2026
Ռուսիայէն Ազրպէյճանի Տարածքով Հայաստան Հացահատիկ Ուղարկուած Է
Գլխաւոր լուրեր

Ռուսիայէն Ազրպէյճանի Տարածքով Հայաստան Հացահատիկ Ուղարկուած Է

February 2, 2026
Մասլեննիքով. «Հայաստանի Եւրոպական Միութեան Հետ Մերձեցումը Պիտի Ազդէ Ռուսիոյ Հետ Անոր Դաշնակցային Յարաբերութիւններուն Վրայ»
Հայկական

Մասլեննիքով. «Հայաստանի Եւրոպական Միութեան Հետ Մերձեցումը Պիտի Ազդէ Ռուսիոյ Հետ Անոր Դաշնակցային Յարաբերութիւններուն Վրայ»

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.