Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

December 3, 2016
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՇԻԻՆԵՐՈՒ գերագոյն խորհուրդի փոխնախագահ շէյխ Ապտել Էմիր Քապալան շեշտեց, որ քաղաքական անձնաւորութիւնները առաւելագոյն չափով պէտք է կեդրոնանան երեսփոխանական ընտրութիւններ կատարելու հարցին վրայ:

ՀԱՂՈՐԴԱԿՑՈՒԹԵԱՆ միջոցներու նախարարի պաշտօնակատար Պութրոս Հարպ նախատեսեց, որ կառավարութիւնը մօտիկ ապագային կազմուի:

ՀՐԱԺԱՐԵԱԼ նախարար Աշրաֆ Ռիֆի կոչ ուղղեց սուրիական վարչակարգին հետ յարաբերութիւնները լրիւ խզելու եւ Սուրիոյ դեսպանը Լիբանանէն վտարելու:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Սիմոն Ապի Ռամիա շեշտեց, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւնը ոչ ոքի դէմ վեթօ կը կիրարկէ:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ամին Ուեհպէ յայտնեց, որ առանց իշխանամէտ եւ ընդդիմադիր ուժերու ժողովրդավարութիւն չ՛ըլլար:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Ֆատի Աուար յայտնեց, որ ընտրական նոր օրէնք մը մշակելու պարտականութիւնը կրնայ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը խոչընդոտող հիմնական պատճառներէն մէկը ըլլալ:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի երեսփոխան Ամմար Հուրի յայտնեց, որ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին սպառնացող բարդութիւնները վեթոյի մակարդակի չեն հասնիր: Ան աւելցուց, որ վարչապետ Սաատ Հարիրի յանձնառու է կառավարութեան արագ կազմութեան:

ԹԱՈՒՀԻՏ հոսանքի նախագահ, նախկին նախարար Ուիամ Ուահապ հարց տուաւ նախարարներ նշանակելու չափանիշներուն մասին: Ան ըսաւ. «Արդեօք նախարարներ նշանակելու ձեւաչափը փտածները նկատի ունենալով յաջողակներու անտեսո՞ւմն է»:

ԻԹԹԻՀԱՏ կուսակցութեան ղեկավար, նախկին նախարար Ապտել Ռահիմ Մըրատ Գահիրէի մէջ հանդիպումներ պիտի ունենայ եգիպտացի պետական պաշտօնատարներու հետ` քննարկելու համար շրջանային իրադարձութիւնները:

«ՏԻԱՐ» օրաթերթին համաձայն, հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն կը պնդէ լիբանանեան քաղաքական բոլոր ուժերը գոհացնող ազգային միասնականութեան կառավարութիւն մը կազմելու անհրաժեշտութիւնը: Նոյն օրաթերթին համաձայն, կառավարութիւնը յառաջիկայ շաբաթավերջին կրնայ յայտարարուիլ:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Սելիմ Սալհապ յայտնեց, որ կառավարութեան կազմութիւնը արգելակող հիմնական թնճուկը քաղաքական է:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Մոհամետ Հաժժար շեշտեց, որ զօր. Միշել Աունը Պաապտա հասցուցած համաձայնութեան նպատակը լիբանանեան պետութիւնը փլուզումէ փրկելն էր:

ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ ազատականներու կուսակցութիւնը կոչ ուղղեց օրէնքի պետութիւն մը կերտելու` փտածութեան դէմ պայքար մղելով:

ՓԻԵՌ Ֆաթթուշի գրասենեակը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ Այն Տարայի քաղաքապետարանը, քաղաքապետն ու անդամները ապօրինութիւններ կը գործեն:

ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Սելիմ Աուն յայտնեց, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն եւ վարչապետ Սաատ Հարիրի միակ իրաւասու կողմերն են` կառավարութիւնը կազմելու առումով:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Եուսեֆ Սաատէ «Ժումհուրիա» օրաթերթին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին շեշտեց, որ Մարատա հոսանքին կողմէ ուժային նախարարութեան մը պահանջը իրաւացի է եւ ոչ թէ արգելք:

«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով Մուսթաքպալ հոսանքի աղբիւրներէն, կը գրէ, թէ վարչապետ Սաատ Հարիրի ոչ մէկ ճիգ կը խնայէ` նոր կառավարութիւն մը կազմելու առումով:

ԸՍՏ «Ախպար» օրաթերթին, կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը արգելակող միակ խոչընդոտը հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի եւ Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէի միջեւ անձնական հարցն է:

 

Նախորդը

Էրտողան. «Մեր Թիրախը Մէկ Անձ Կամ Երկիր Չէ, Այլ` Սուրիոյ Մէջ Գործող Ահաբեկչական Կառոյցները»

Յաջորդը

Մաշնուք. «Երեսփոխանական Ընտրութիւններուն Մասին Կատարած Յայտարարութիւնս Քաղաքական Կեցուածք Չէր, Այլ` Կը Վերաբերէր Ներքին Գործոց Նախարարութեան Կարողութեան»

RelatedPosts

Պարրօ. «Ստեղծել Միջազգային Նոր Կառոյց Մը`  Լիբանանի Գերիշխանութեան Սատարելու  Եւ Բանակի Տեղակայման Նպաստելու Համար»
Լիբանանեան

Պարրօ. «Ստեղծել Միջազգային Նոր Կառոյց Մը` Լիբանանի Գերիշխանութեան Սատարելու Եւ Բանակի Տեղակայման Նպաստելու Համար»

October 19, 2026
Պաղտատի Մէջ Ռաժժի-Արաղչի «Երկարատեւ»  Հանդիպում Եւ «Անկեղծ» Քննարկում
Լիբանանեան

Պաղտատի Մէջ Ռաժժի-Արաղչի «Երկարատեւ» Հանդիպում Եւ «Անկեղծ» Քննարկում

October 19, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 19, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.