Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Միացեալ Նահանգներ Պիտի Չձգտի Կառավարութիւններու Եւ Վարչակարգերու Տապալման» Կ՛ըսէ Թրամփ

December 3, 2016
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

mattis_trump_120216

Միացեալ Նահանգներու նորընտիր նախագահ Տանըլտ Թրամփ Սինսինաթիի մէջ իր ունեցած ելոյթին ընթացքին յայտնած է, որ Միացեալ Նահանգներ պիտի դադրին ձգտիլ արտերկրի մէջ կառավարութիւններու եւ վարչակարգերու տապալման:

Ան նաեւ յայտարարած է, որ 20 յունուարին աշխատանքի լծուող ամերիկեան նոր վարչակազմը Միջին Արեւելքի մէջ պիտի վարէ այլ քաղաքականութիւն, որ զգալիօրէն պիտի տարբերի ներկայ քաղաքականութենէն:

«Ըստ վերջին հաշուարկներու, մենք Միջին Արեւելքի մէջ ծախսած ենք շուրջ 6 եռիլիոն տոլար: Իսկ Միջին Արեւելքը այսօր շատ աւելի վատ վիճակի մէջ է, քան երբեւիցէ: Դուք շատ արագ պիտի տեսնէք փոփոխութիւնները», յայտարարած է Ամերիկայի նորընտիր ղեկավարը:

Թրամփ նաեւ նշած է, որ Միացեալ Նահանգներ գործընկերութիւն պիտի հաստատեն որեւէ երկրի հետ, որ պիտի օգնէ ՏԱՀԵՇ-ի եւ ծայրայեղ իսլամական ահաբեկչութեան ոչնչացման հարցին մէջ:

Միւս կողմէ, ամերիկեան «Սի.Պի.Էս. Նիուզ» պատկերասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ Թրամփ Օհայօ նահանգին մէջ իր ընտրողներուն հետ ունեցած հանդիպումին ընթացքին յայտնած է, որ մտադիր է երկրի պաշտպանութեան նախարար նշանակել նաւազներու նախկին հրամանատար 66-ամեայ Ճէյմս Մաթիսը, որ ծանօթ է «Կատղած շուն» մակդիրով:

«Մենք կը պատրաստուինք «Կատղած շուն»-ը` Մեթիսը, նշանակել պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնին, յայտնած է Թրամփ` զինուորականը բնութագրելով իբրեւ Միացեալ Նահանգներու «երբեւէ ունեցած մեծագոյն զօրավարներէն մէկը:

Ան ըսած է, որ Փենթակոնի նոր ղեկավարի նշանակման հարցին մէջ կ՛ուզէր մինչեւ վերջ պահել սպասումը:

Նշենք, որ Մաթիս նախապէս յայտարարած էր, որ իսրայէլեան բնակեցման ծրագիրը կրնայ Իսրայէլը վերածել ցեղային խտրութեան պետութեան, եւ Միացեալ Նահանգներ կրնան գին վճարել այդպիսի պետութեան աջակցելնուն համար:

 

 

Նախորդը

Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտը Երկարաձգեց Իրանի Դէմ Պատժամիջոցները

Յաջորդը

Էրտողան. «Մեր Թիրախը Մէկ Անձ Կամ Երկիր Չէ, Այլ` Սուրիոյ Մէջ Գործող Ահաբեկչական Կառոյցները»

RelatedPosts

Թրամփ. «Իրանի Վերաբերեալ  Որոշում Մը Պիտի Տամ»
Գլխաւոր լուրեր

Թեհրան. «Իրանն Ու Օմանը Հորմուզի Նեղուցին Մէջ Ժամանակաւոր Նաւարկման Ուղիի Շուրջ Փոխըմբռնում Գոյացուցին»

October 14, 2026
Թրամփ. «Իրան Կ՛ուզէ Համաձայնութեան Հասնիլ,  Սակայն Չի Գիտեր Ատիկա Ինչպէս Ընել»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Իրան Կ՛ուզէ Համաձայնութեան Հասնիլ, Սակայն Չի Գիտեր Ատիկա Ինչպէս Ընել»

October 14, 2026
Ազրպէյճանի Դպրոցներուն Մէջ Լաչակի Սահմանափակումներու Հարցով Բողոքի Ցոյցեր  Եւ Թուրքիոյ Հետ Լարուածութիւն
Միջազգային

Ազրպէյճանի Դպրոցներուն Մէջ Լաչակի Սահմանափակումներու Հարցով Բողոքի Ցոյցեր Եւ Թուրքիոյ Հետ Լարուածութիւն

October 14, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.