Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Նախագահ Հոլլանտ Դրական Առաջարկ Ունի, Որ Պիտի Հետաքրքրէ Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Նախագահները» Կ՛ըսէ Մուրատ Փափազեան

November 30, 2016
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

papazian_112916

«Թերթ.ամ» կը հաղորդէ, որ  Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդի համանախագահ Մուրատ Փափազեան` խօսելով ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ֆրանսացի համանախագահի փոփոխութեան եւ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին մէջ անկէ ու Ֆրանսայի ներգրաւուածութենէն ակնկալիքներուն մասին յայտնած է, որ ընդհանրապէս համանախագահներու փոփոխութենէն շատ բան կախեալ չէ:

«Կառավարութեան քաղաքականութիւնն է, համանախագահը արտաքին գործոց նախարարութեան եւ կառավարութեան քաղաքականութիւնը կը վարէ: Բայց ես կը կարծեմ, որ Ֆրանսայի նոր համանախագահ նշանակուած է, որպէսզի աշխուժութիւն մտցնէ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման հոլովոյթին մէջ: Գիտենք, որ Ամերիկան ալ փոխած է իր համանախագահը, կը նշանակէ` հոլովոյթին մէջ նոր հանգրուան պիտի ըլլայ», ըսաւ ան:

Խօսելով համայնքի ակնկալիքներուն մասին` Փափազեան նշած է, որ իրենց համար շատ կարեւոր է, որ Լեռնային Ղարաբաղի կարգավիճակի հարցը ըլլայ Ֆրանսայի օրակարգին վրայ, Ֆրանսայի կառավարութիւնը խնդիրին հետ կապուած իր առաջարկները կատարէ:

«Դրական առաջարկներ կատարած է նախագահ Հոլլանտ: Մարտին Հայաստանի նախագահը Ֆրանսա պէտք է այցելէ, հանդիպումին առնչուած յստակ տուեալներ կրնան աւելի ուշ փոխանցել, սակայն կ՛աշխատինք, որ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնահարցին վերաբերեալ նորութիւններ ըլլան», ըսած է Մուրատ Փափազեան:

Այն դիտարկման, թէ Ֆրանսան Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրի լուծման հոլովոյթին մէջ կ՛ընկալուի իբրեւ կրաւորական համանախագահող երկիր, Փափազեան համաձայն չգտնուեցաւ. «Ընդհակառակն` հիմա նախագահ Հոլլանտ առաջարկներ կատարած է երկու երկիրներու նախագահներուն: Հիմա երկու երկիրներու նախագահները իրենք պէտք է որոշեն` գան համաձայնութեան, թեր կամ դէմ ըլլան: Հարցը բարդ է, եւ երկու երկիրներու շահերը հակասական են, դժուար է համախոհական լուծում գտնել այս վիճակին մէջ, մանաւանդ որ ապրիլեան քառօրեայ պատերազմէն ետք խնդիրը լրջացաւ: Բայց ես կը կարծեմ, որ նախագահ Հոլլանտ դրական առաջարկ ունի, եւ պէտք է, որ ատիկա նախագահներուն հետաքրքրէ»:

Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրի լուծման հոլովոյթին մէջ Ֆրանսայի աշխուժ ներգրաւուածութիւնը, ըստ Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդի համանախագահին, կարեւոր է անով, որ հոսանք պիտի ստեղծէ հոլովոյթին մէջ:

«Կարեւոր է անով, որ եթէ Ամերիկան կամ Ռուսիան ունին իրենց առանձին շահերը, Ֆրանսան կրնայ բերել այն առաջարկը, որ կրնայ հետաքրքրել ե՛ւ Ռուսիան, ե՛ւ Ամերիկան, եւ նաեւ հակամարտող կողմերը: Ֆրանսան նոյն վիճակին մէջ չէ, նոյն շահերը չունի անոնց հետ», ըսած է ան:

 

Նախորդը

24 Ներդրումային Նոր Ծրագիրներ` Մարզերուն Մէջ

Յաջորդը

Վարչապետ Կարապետեան Հանդիպում Ունեցած Է Վրաստանի Դեսպանին Հետ

RelatedPosts

Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ

February 2, 2026
Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ
Գլխաւոր լուրեր

Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ

February 2, 2026
Իսրայէլ Հարուածած Է Կազան
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլ Հարուածած Է Կազան

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.