Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՕՐԻՆ ՕՐԻՆ. ԳՆԱՀԱՏԵԼՈՎ ՀԱՑԱԴՈՒԼԸ

March 18, 2011
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter
Րաֆֆի Յովհաննէսեան` շրջապատուած ընդդիմադիր ցուցարարներով

Հացադուլը` իբրեւ բողոք արտայայտելու միջոց, իբրեւ հասարակական շարժում յառաջացնելու եւ հանրութեան ուշադրութիւնը հարցի մը վրայ կեդրոնացնելու մարտավարութիւն, պատմականօրէն յայտնի է եւ բազմիցս օգտագործուած:

Ժամանակին, երիտասարդ տարիներուս, ես ալ հացադուլի դիմած եմ թրքական հիւպատոսարանին դէմ` պահանջելով, որ բացուի կղպուած դուռը եւ թրքական կառավարութեան ներկայացուցիչ մը ստանայ պատրաստուած յուշագիրը, կամ` տեղական մամուլի կեդրոնի մը դէմ` պահանջելով ուշադրութիւն դարձնել Հայ դատին ու մեր ժողովուրդի դէմ գործուած անարդարութեան:

Ընդհանրապէս, մեր կազմակերպածը եռօրեայ ցուցական արարքներ էին, որոնք այսօր ալ կը գործադրուին մեր զաւակներուն կողմէ:

Երեք օրուան մէջ, կ՛ըսեն բժիշկները, հացադուլ կատարողին մարմինը կը սպառէ իր ամբարած ուժանիւթի պաշարները, իսկ չորրորդ օրը արդէն մարմինը կ՛ենթարկուի որոշ հոլովոյթներու, որոնք կրնան վտանգել ենթակային կենսական գործարանները:

Անժամկէտ հացադուլները աւելի ուշագրաւ են անշուշտ, եթէ ձեռնարկողին վճռականութիւնը կասկածելի չէ: Մահաթմա Կանտի հացադուլէն չմահացաւ, սակայն անոր համբաւը, քաղաքական գործին մէջ անոր ձեռք ձգած հռչակը քաղաքական մեծ իրադարձութեան մը հնչեղութիւնը տուին իր քայլին` գործնական ու շօշափելի արդիւնքներու յանգեցնելով զայն:

Երբեմն ալ, հետապնդուած նպատակին անյուսալիութիւնը բախած է հացադուլի դիմողին վճռականութեան` զայն հասցնելով մահուան, ինչպէս էր պարագան Իրլանտայի հանրապետական բանակի մարտիկ Պապի Սանտզի:

Րաֆֆի Յովհաննէսեանի քայլը այս պարունակէն դիտելով` կարելի է կատարել քանի մը նկատառումներ.

– Րաֆֆին ժամկէտի մասին որեւէ յստակացում չէ տուած, ինչ որ իր արարքին կու տայ խորհրդանշական արժէք, այլ ոչ իբրեւ քաղաքական վճռական քայլ:

– Րաֆֆիի քաղաքական կշիռը Հայաստանի մէջ տակաւին այնպիսին չէ, որ զանգուածներ շարժէ ու ժողովրդային ալիք յառաջացնէ: Քաղաքական իր կեանքին մէջ տատանումներ դրսեւորելով` Րաֆֆի շարունակ կորսնցուցած է վարկանիշներ, զորս վերստին ձեռք ձգելու համար, պէտք է լուրջ ու հետեւողական քայլերու ձեռնարկէ: Հացադուլը, մանաւանդ` անորոշ ժամկէտով, նման քայլերու շարքին կարելի չէ դասել:

– Իր մարմինի դիմադրականութեան սահմանները չափելու գնով, Րաֆֆի կրնայ հանրութեան ուշադրութիւնը գրաւել հացադուլի չորրորդ օրէն ետք, երբ կը գործէ մարդկային գութի գործօնը, երբ հայ մարդիկ կը սկսին մտահոգուելու անոր առողջութեամբ, որովհետեւ, անկախ քաղաքական իր վարկանիշէն, Րաֆֆին իբրեւ մարդ, իբրեւ գործիչ, իբրեւ հայրենասէր` սիրուած ու յարգուած է ժողովուրդին կողմէ:

Այս բոլոր նկատառումներով հանդերձ, Հայաստանի մէջ այն բոլոր բարեփոխումները, որոնց մասին կը խօսին ընդդիմադիր արմատական կամ չափաւոր ճակատները, անկարելի կը թուին իրականանալ սովորական քաղաքական հոլովոյթներով: Նոր մարտավարութիւններ, նոր պայքարի ձեւեր փնտռելը ինքնի՛ն գնահատելի է:

ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ

 

Նախորդը

ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ «ԼԻՒՍԻ ԹԻՒԹԻՒՆՃԵԱՆ» ՑՈՒՑԱՍՐԱՀ. ՄԻՍԱՔ ԹԵՐԶԵԱՆԻ ԳՈՐԾԵՐՈՒ 80-ՐԴ ԱՆՀԱՏԱԿԱՆ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍԻ ԲԱՑՈՒՄ

Յաջորդը

«ԱԶԴԱԿ»Ի ՖՈՆՏԻՆ

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.